ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Home Page / Magazine / ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
1846 - 2011 (165 Ամեակ)
1 Յուլիս 1846-ին, 165 տարիներ առաջ, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ, 40 անձեր (37 այր եւ 3 կին) հաւաքուեցան «Պատշաճ արարողութիւնով» Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին գոյառումը հռչակեցին ըսելով.-
«Մենք կը յարգենք եկեղեցական իշխանութիւնները: Պատկարանքով կ'ընդունինք նահատակներուն արիւնով սրբագործուած հայրենի աւանդութիւնները: Կը սիրենք Հայ Ազգը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով: Խղճի ազատութիւնը սակայն՝ ամէն բանէ աւելի թանկագին կը համարենք եւ թոյլ պիտի չտանք որ ոեւէ իշխանութիւն կամ աւանդութիւն կամ հրաման խլէ մեր ձեռքէն Քրիստոսի Աւետարանը, կամ արգելք ըլլայ մեզի եւ մեր զաւակներուն երբ կուգանք առանց միջնորդի եւ առանց բարեխօսի, մեր հոգեւոր պաշտամունքը մատուցանել Փրկիչ Աստուծոյ, մեր խղճին համեմատ»:
Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին Հայ էր, որովհետեւ Հայ ժողովուրդին մէջ, Հայ ժողովուրդով եւ Հայ ժողովուրդին համար ծնաւ, աճեցաւ եւ ծառայեց:
Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին Աւետարանական էր, որովհետեւ Աւետարանը՝ որպէս հաւատքի եւ կեանքի կանոն, գերադաս նկատեց փոխան Եկեղեցական աւանդութիւնները:
Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին Եկեղեցի էր, որովհետեւ կ'ամբողջացնէր Աւետարանի մէջ յիշուած եւ նկարագրուած առաջին դարու Եկեղեցիի մը բոլոր պայմանները:
Պօղոս Առաքեալ կը գրէ ըսելով.- «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէք, որպէսզի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռովմ. 12.2):
Այսօր, մարդ արարածը կը տարուի տարբեր տեսակի գաղաբարաբանութիւններէ եւ հոսանքներէ եւ հետեւաբար կը դիմագրաւէ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներ եւ յուսահատութիւններ, հեռանալով Աստուծմէ:
Եկեղեցիին պարտականութիւնն է լսել եւ առաջնորդել կորսուած եւ շուարած մարդ արարածը դէպի Աղբիւրը Լոյսին:
Այսինքն, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին կանչուած է լուրջի առնել իր աւետարան-չական առաքելութիւնը ունենալով՝ լսող ականջ, հասկցող եւ նորոգող միտք նաեւ գթացող ու առաջնորդող սիրտ:
Կը պատմուի թէ օր մը հաւատացեալ արուեստագէտէ մը կը խնդրուի որ տկար, հոգեվարքի եւ մեռնելու վրայ եղող Եկեղեցիի մը նկարը գծէր:
Ամէն մարդ կ'ակնկալէր որ արուեստագէտը հին, փլատակ եւ թափուր Եկեղեցիի մը նկարը պիտի գծէր:
Սակայն հակառակը պատահեցաւ: Արուեստագէտը գծեց Եկեղեցական հսկայ, փառաւոր եւ գեղեցիկ շէնք մը, բացառիկ կահաւորումով, հոծ բազմութեամբ լեցուն, մեծ երգչախումբ, գեղեցիկ բեմ եւ հոյակապ, ճարտասան քարոզիչ մը:
Արուեստագէտը չէր սխալած: Եկեղեցիին տկար ըլլալուն նշանը նկարին մէկ անկիւնն էր, որ տեսնելու համար կ'ակնկալէր աւելի ուշադրութեամբ նայիլ:
Եկեղեցիին հսկայ դրան մօտ դրուած էր «Արտաքին Աւետարանչութեան» սնտուկը, որուն վրայ հաստ եւ թանձրացած սարդի ոստայն մը կար:
Եկեղեցին կը գոյատեւէ աւետարանչութեամբ: Վերոյիշեալ նկարին պատգամը յստակ է:
Այսօր, 165 տարիներ ետք, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին կը շարունակէ անցեալէն փոխանցուած բոցավառ ջահ-հաւատքը պահել եւ փոխանցել նոր սերունդին:
Դժբախտաբար անցեալին բոցավառող աւետարանչական ջահ-հաւատքը այսօր մեր մէջ հազիւ թէ կը մխայ:
Սակայն, պիտի չյուսահատիլ: Կանչուած ենք վերարծարծելու մեզի փոխանցուած հաւատքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Հուրովը եւ նորոգուած սրտով,մտքով եւ հոգիով ու մի միայն Իրմով կրնանք կերտել վերածնունդ:
Մեր Հարց հաւատք մաքուր, վստահ, սրբազան եւ կենաց ջահ,
Պիտի կառչինք եւ պիտի քարոզենք քեզ մինչեւ մահ: Ամէն:
Վեր. Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան
«Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար որպէս թէ մորթուած... ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են» ( Յայտ. 5.6,8):
Սիրտս ծանրացած բեռներով,
Ծունկի եկայ անկողնիս քով.
Յիշեցի բազմաթիւ աղօթքներս,
Թափուած անթիւ արցունքներս:
Ու կանչեցի խոր սրտէս,
Տէր ու՞ր գացին աղօթքներս.
Գիտեմ որ զիս կը լսես,
Խօսքէդ սորված եմ այդպէս:
Տողերն առջեւս շարուեցան,
Խօսքերդ աչքիս փայլեցան.
Հոգիս յոյսով լեցուեցաւ,
Կարդացի ես ուշի ուշով.
«Աղօթքներդ պահուած են գահիս քով»:
Ոչ մէկ աղօթք չէ վատնուած,
Ոսկի ամաններու մէջ են պահուած:
Անուշահօտն են երկնքի,
Գրաւչութիւնն անպատմելի:
Նուիրման բոյրն հոն երբ ծփաց,
Երկնային Զեփիւռ կը դառնայ:
Անկեղծ սրտերէ բղխի դուրս գայ,
Ծունկի գալով քեզ հետ ըլլայ:
Ով Տէ՛ր,
-Սորվեցուցիր աղօթել ու չտրտմիլ.
-Օգնեցիր որ Քեզ կանչենք եւ ուրիշ տեղ չդիմենք.
-Քաջալերեցիր մեզ որ մեր զօրութիւնը Քու մէջդ գտնենք.
-Յորդորեցիր մեզ որ Քեզմէ խնդրենք.
-Հրաւիրեցիր մեզ որ մեր սրտերը Քեզի բանանք.
-Պատուիրեցիր որ հաւատանք որովհետեւ հաստատ պիտի պատասխանես:
Ի՞նչպէս կրնանք տակաւին դեռ կասկածիլ,
Կամ երկմտիլ.................... : Համադրեց՝ եւ Թարգմանեց՝
Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան
ՄԱԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄԸ ԵՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ...
Ազգանուն կամ մականուն ըսելով նկատի կունենանք այն յատուկ անունը որ կը տրուի ոչ միայն մէկ մարդու այլ՝ ամբողջ գերդաստանի մը եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ ծնողքէ զաւակներուն:
Շատ շատոնց մականուններ չ'կային, որովհետեւ մարդիկ կ'ապրէին փոքր բնակավայրեր եւ թիւով այնքան քիչ էին որ բոլորը զիրար կը ճանչնային, բաւական էր որ ըսէիր Յակոբը եկաւ, արդէն գիտէին ով ըլլալը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անունէ հազիւ մէկ հատ կ'ըլլար:
Երբ մարդիկ սկսան շատնալ եւ նոյն անունը ունեցող անձեր որոնք նոյն տեղը ապրեցան, օգտագործեցին հօր անունը, այսինքն սկսան ըսել՝ Սարգիսի տղան Յակոբը եկաւ, աւելի ետք յատկանիշեր ալ սկսան յիշել (Օրինակ՝ Կոյր Կարապետին տղան կամ կաղ Յովհաննէսին աղջիկը):
Երբ մարդիկ աւելի շատցան եւ ապրեցան մեծ քաղաքներու մէջ, նաեւ սկսան ճամբորդել եւ արդէն անհրաժեշտ էր նոր ձեւի դիմել: Այն ատեն հրապարակ եկան ազգանուններ այսինքն՝ մականուններ: Սկիզբը միայն նշանաւոր գերդաստաններ կը գործածէին ազգանուններ, ինչպէս՝ Մամիկոնեաններ, Արծրունիներ, եւայլն: Եւ աւելի ընդհանրանալով պարզ ժողովուրդն ալ սկսաւ գործածել մականուններ:
Մականունները շատ յաճախ գերդաստանի հօր անունով էր ինչպէս՝ Մամիկոն որմէ ետք կոչուեցան Մամիկոնեաններ:
Պատահած է որ գերդաստանէն մէկը եղած է վարպետ արհեստաւոր եւ այդ արհեստով կրած է իր մականունը, ինչպէս՝ Ժամագործեան, Ոսկերիչեան, Հացագործեան, Դերձակեան եւայլն:
Կան մականուններ որոնք առաջ եկած են երբ մէկը ունեցած է ֆիզիքական որոշ թերութիւն ( Օրի-նակ՝ Կարճիկեան, Քէօսէեան, Չօլախեան, Կէօզըքիւչիւկեան, եւայլն):
Մականուններ կան որոնք ծնունդ արած են տեղի անուններով ինչպէս՝ Երեւանեան, Հալէպլեան, Մարաշլեան, Այնթապլեան:
Նոյնիսկ կենդանական աշխարհէն ալ ծագում արած մականուններ կան որոնք կրնան զանազան պատճառներ ունենալ.- (Օրինակ՝ Ընտանիք մը որ պահած է բաթեր եւ իրենց գլխաւոր զբաղումը եղած է, կոչուած են՝ Էօրտէքեան, իսկ ուրիշ մը որ աքաղաղի բնաւորութիւնը եւ կռուազանութիւնը ունեցած է կոչուած է՝ Խորոզեան եւ անշուշտ շատ բաղաձայն ձայնով օժտուած մէկը պէտք էր կոչուէր՝ Ղարղայեան):
Հայ մականուններու ամենէն տարածուածը կը վերջանայ «Եան»ով որ կը նշանակէ թէ կը պատկանի այսինչին.- (Օրինակ. Պետրոսեան՝ կը պատկանի Պետրոսենց ընտանիքին):
Նաեւ կան կարգ մը մականուններ որոնք կը վերջանան «ունի» վանկով, որոնք յատուկ էին հին նախարարական տոհմերու.- (Օրինակ՝ Բագրատունի, Արշակունի, Ռշտունի, եւայլն):
Շատ բազմազան են մականունները, անոնց մէջ կը հանդիպինք շատ տարօրինակ երբեմն արտարոց, երբեմն զուարճալի եւ երբեմն ալ անբացատրելի մականուններու ինչպէս՝ Սափսըզեան, որ կը նշանակէ առանց կոթի, Գարապօյաճեան որ կը նշանակէ սեւ ներկ:
Կան մականուններ ալ որոնք զուարճալի օրէն ազդուած են ճաշատեսակներէ: Պատճառն ալ անշուշտ որկրամոլութիւնը կրնայ ըլլալ եւ կամ ալ զբաղուած են խորհարարութեամբ, ինչպէս՝ Քէպապճեան, Տօլմաճեան, Փիլաւճեան, Քէօֆթէյեան, Պաստըրմաճեան եւայլն:
Նոյնիսկ բուսականութիւնը չէ ազատած մականուն ըլլալէ ինչպէս՝ Սիսեռեան, Շուշանեան, Չամիչեան, Բանճարճեան, Ֆըստըքճեան եւայլն:
Մականուններու ծագումը կարելի է բացատրել, բայց երբեմն կը հանդիպինք մականուններու որոնք պահպանած են շատ հին բանաձեւեր, որոնք միայն լեզուաբաններ կրնան ստուգել եւ հասկնալ:
Եթէ կը հետաքրքրուիք այս նիւթով կրնաք պրպտել եւ զբաղուիլ այս գիտութեամբ, որը կը կոչուի անուանագիտութիւն:
Պատրաստեց՝ Պրն. Սեւակ Հաճեան
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
* Սրտի մը մեծութիւնը վտանգի կամ դժուարութեան պարագային յայտնի կ'ընէ:
* «Ո՛չ»ը պզտիկ բառ մըն է, սակայն քիչեր ունին զայն ըսելու քաջութիւն:
* Սիրազուրկ տուն մը, տուն կրնայ համարուիլ միայն այնքան, որքան հոգեզուրկ մարդ մը կրնայ մարդ համարուիլ:
* Ճշմարտութիւնը խորհիլ, գեղեցիկը զգալ եւ բարին կամենալ, այս է գիտակից կեանքի նպատակը:
* Բարի գործ մը գնահատելը անոր մասնակից դառնալ կը նշանակէ:
* Տունը դրախտի կամ դժոխքի վերածելու բանալին կնոջ ձեռքն է:
* Դիպուածն ու բախտը կրնան քեզ հարստացնել, սակայն խոհեմութիւնն ու առաքինութիւնն են, որոնք պիտի պահեն հարստութիւնդ:
* Խիղճը մեր ունեցած բարոյական լաւագոյն գիրքն է, որուն խորհուրդին պէտք է դիմել ամէնէն աւելի:
* Մարդուն մեծագոյն կատարելութիւնը կը կայանայ պարտականութեան կատարման մէջ:
* Նախախնամութենէն կը խնդրեմ երեք բան միայն, մոռացում անցեալին համար, համբերութիւն ներկային համար եւ գթութիւն՝ապագային:
Հաւաքեց՝ Օրդ. Ալինա Վարդանեան
ՄԵՐ ԱԿՌԱՆԵՐԸ...
Ակռաները մեր մարմնին ամենէն կարծր գործարաններն են: Անոնք անհրաժեշտ են ուտելու եւ լաւ խօսելու համար: Գիտէի՞ր, թէ 12 տարեկանիդ արդէն դուն կ'ունենաս գրեթէ բոլոր ակռաներդ: Ահա, թէ անոնք ինչպէ՞ս կը բուսնին:
Ի՞ՆՉ Է ԱԿՌԱՆ: Ակռան գործարան մըն է, որովհետեւ անոր մէջէն կ'անցնին ջիղեր եւ արեան երակներ: Ակռային դուրսի բաժինը կը կոչուի թագը: Մինչ անոր արմատը շատ զօրաւոր կերպով մխրճուած եւ հաստատուած է ծնօտին ոսկորին մէջ: Ակռաները կազմուած են փղոսկրէ: Փղոսկրը ծածկուած է կիտուածով:
ՔԱՆԻ՞ ԱԿՌԱՅ ՈՒՆԻՆՔ: Մենք ակռաներու երկու շարք ունինք: Առաջին խումբը կազմուած է 20 կաթի ակռաներէ, որոնք կը յայտնուին մանուկին մօտաւորապէս 6-րդ ամսուն: Երկրորդ խումբը կազմուած է 28 վերջնական ակռաներէ, որոնք կաթի ակռաները կը փոխարինեն 6-12 տարեկանի միջեւ: Մօտաւորապէս 18 տարեկանին, չորս նոր ակռաներ կը յայտնուին, իմաստութեան ակռաները:
Ի՞ՆՉ Է ԱԿՌԱՅԻ ՓՏՈՒԹԻՒՆԸ: Անիկա ակռային հիւանդութիւնն է: Փտութիւնը կը յառաջանայ, երբ ուտելիքի մանր հատիկներ կը մնան ակռաներուն վրայ: Անոնք կը սնուցանեն մեր բերանին մէջի մանրէները: Այս մանրէները կ'արտադրեն թթու նիւթ մը, որ կը կրծէ մեր ակռան:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲՈՒՍՆԻ ԱԿՌԱՅ ՄԸ: Երբ նորածին մը 6 ամսու կ'ըլլայ, անոր առաջին կաթի ակռան պատրաստ է դուրս ելլելու: 6-12 տարեկանի շուրջ վերջնական ակռաները արդէն իրենց տեղերը առած են:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ... Հերձատամները եւ շնատամները միայն մէկ արմատ ունին, մինչ աղօրիները ունին բազմաթիւ արմատներ:
Ակռաները վրձինելը պէտք է տեւէ 3 վայրկեան:
Նախընտրելի է նաեւ ակռաները վրձինել ամէն ճաշէ ետք:
ՄԵՐ ԲԵՐԱՆԻՆ ՄԷՋԻ ԱԿՌԱՆՆԵՐԸ.-
1-Հերձատամները: Անոնք 8 հատ են: Անոնք կը կտրեն:
2-Շնատամները: Անոնք 4 հատ են: Անոնք կը բզկտեն:
3-Նախաաղօրիները:Անոնք 8 հատ են: Անոնք կը ճմլեն:
4-Աղօրիները: Անոնք 8 հատ են: Անոնք կը տրորեն:
5-Իմաստութեան ակռաները: Անոնք 4 հատ են: Այս աղօրիները կը բուսնին
մօտաւորապէս 18 տարեկանին: Անոնք պիտի զետեղուին ծնօտին խորը:
6-Վերջնական Հերձատամը:Այս վերջնական ակռան նոր է: Մենք զայն կը ճանչնանք շնորհիւ իր պզտիկ խորտուբորտ կողմին: Չափահաս տարիքին այդ անհաւասարութիւնները կը կորսուին, որովհետեւ կը մաշին: Առանց այս հերձատամներուն մենք դժուարութիւն պիտի ունենայինք արտասանելու Տ եւ Դ հնչիւնները:
ՄԱՐԶԻԿԻՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ
ԴԱԴԱՐԻ ՅԱՐՄԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔ...
Խաղի կիսադադարի ընթացքին ամէնէն յարմար ուտելիքը լուծուած, թեթեւ քարպոհայտրէյթն ու հանքային աղերն են: Ուրիշ ոչ մէկ բանի կարիքը կայ, որքան ալ ըլլայ դադարի ժամանակամիջոցը կամ մարզիկին սպառած ջանքը եւ ինչ որ ըլլայ մարզաձեւը:
Կը նկատենք, որ կարգ մը մարզական ակումբներ կիսադադարի ընթացքին, մարզիկներուն թէյ կամ նարինջի հիւթ կը հրամցնեն: Այս մէկը բացարձակապէս սխալ է, որովհետեւ նարինջը իր մէջ մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակէ, եւ ժամանակի կը կարօտի անոր մարսողութիւնը: Այս մէկը կ'ազդէ մարզիկին կարողականութեան վրայ:
ՈՒՏԵԼԻՔԸ ԽԱՂԷՆ ԵՏՔ...
Չկայ մարզախաղին յաջորդող որոշ տեսակի ուտելիք: Մարզիկը կրնայ իր սիրած որեւէ տեսակի ուտելիք սպառել, սակայն առանց չափազանցութեամբ: Ինչպէս նաեւ ան հեռու պէտք է կենայ իւղոտ եւ կազ յառաջացնող ուտելիքներէ, մասնաւորաբար երբ յաջորդ օրը դարձեալ խաղ ունի:
Հիմնական երկու պայմաններ կան խաղէն ետք սպառուող ուտելիքներուն համար.-
1- Ուտելիքը պէտք է սննդարար ըլլայ, այսինքն՝ սննդական հիմնական տարրերը պարունակէ հաւասարակշռուած ձեւով:
2- Սպառուած ճաշը կամ ուտելիքը պէտք է լաւապէս ամբողջացնէ պակասը հանքային աղերու, կենսանիւթերու եւ հեղուկներու, զորս մարզիկին մարմնին անհրաժեշտ են:
ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐԸ...
Ոգելից ըմպելիները անմիջականօրէն կ'ազդեն ֆազոպրիզին հորմոնի գործունէութեան վրայ, որ միզային դրութիւնը կանոնաւորող հորմոնն է: Ոգելից ըմպելիները պատճառ կը դառնան, որ ենթական յաճախակի ձեւով միզէ: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ մարմնէն կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կորստեան:
ԱՂԷ ԴԵՂԱՀԱՏԵՐԸ...
Մարզիկներէն շատեր աղէ դեղահատեր կը սպառեն՝ կարծելով, թէ այդ մէկը քրտինքին միջոցով սպառած աղը կրնայ փոխարինել: Այս մտածումն ու քայլը սխալ է: Որքան մեծ քանակութեամբ աղ մտնէ մեր մարմինը, այնքան ջուրի պահանջքը կ'աւելնայ:
Աղի սպառումով, մարզիկին կատարողութեան որակը չի զարգանար,այլ մարմնին ջուրի պահանջքը կ'աւելնայ եւ հեղուկները կ'արգելափակուին մարմնին մէջ: Աղին պակասը նոյն օրուան ընթացքին ոչ մէկ պրկում կը յառաջացնէ, նոյնի՛սկ երբ ենթական ծարաւ է կամ երբ օդի ջերմութիւնը բարձր է: Ուրեմն, դեղահատերը երբե՛ք ճիշդ միջոցը չեն աղ ստանալու համար: Լաւագոյն միջոցը սննդարար ուտելիքներն են: Անոնք բաւարար ձեւով աղ կրնան հայթայթել մարմնին:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, թէ քրտինքի միջոցով մարմինը կը կորսնցնէ նաեւ որոշ քանակութեամբ սոտիոմ, սակայն սոտիոմի դեղահատերու կարիքը չկայ այդ պակասը ամբողջա-ցընելու համար:
Բնական եւ առողջ սնունդի միջոցով կարելի է բաւարար քանակութեամբ սոտիոմ ստանալ:
ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ...
1-Անդրադառնալ Աստուածաշունչի համարին եւ առնելով որպէս Ոսկեղէն Օրէնք.- «Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր, Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի»: (Առակաց 3.29):
2- Յարգել դրացիներուն անձնական գաղափարները եւ չխառնուիլ անոնց ընտանեկան մանրամասնութիւններուն:
3- Ուշադիր ըլլալ որ ոեւէ աղմուկով մը չնեղացնել դրացիները:
ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ...
1-Ոսկեղէն Օրէնք.- «Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մատթ. 19.19): Ներել իրարու, որովհետեւ բոլորս ալ սխալական ենք:
2-Բնաւ առանձին չձգել ընկեր մը, երբ ան նեղութեան կամ դժուարութեան մէջ է:
3- Անհոգ չըլլալ ընկերոջ մը հանդէպ, այլ՝ մտահոգուիլ եթէ մի քանի օրեր անկէ ձայն մը չելլէ:
4- Անձնական հարցեր բաժնեկցիլ այն ընկերոջ հետ որ շատ մօտ կը զգանք, եւ զգուշ ըլլալ որ մեզմէ առաջ ուրիշէ մը լսած չըլլայ:
5- Մտերիմ ընկերոջ մը հրաւէրը կամ նուէրը բնաւ չմերժել:
6- Եթէ պատահի որ փոքր հարց մը ծագեցաւ մտերիմ ընկերոջ մը հետ, չփորձուիլ անոր գաղտնիք-ները ուրիշի մը պատմել կամ այդ գաղտնիքը որպէս զէնք գործածել: Շարունակելի...
Պատրաստեց՝ Պրն. Յովիկ Ակիշեան
ԿԷՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
6.- ՄԻՈՒԹԵԱՆ, ԱՆՋԱՏՄԱՆ ԵՒ ՏՈՂԱԴԱՐՁԻ ԳԾԻԿՆԵՐ
(-) (_ ) (~ )
Հին տպագրութեան մէջ, եւ մասամբ ներկայիս, այս երեք գիծերը չափով ու ձեւով տարբեր են.- անջատման գծիկը համեմատաբար աւելի երկար է քան միութեան գծիկը, իսկ տողադարձի գծիկը (ենթամնայ) կարճ ու ալիքաձեւ է: Արդի տպագրութեան մէջ երեք գծիկներն ալ յաճախ նոյն չափը
ունին, միայն դիրքով կը տարբերին: Անջատման գծիկը երկու կողմերէն պարապութիւն կը պահանջէ, իսկ միութեան գծիկը ուղղակի կը միացուի կից բառերուն: Տողադարձի գծիկը կը դրուի տողին ծայրը: Շարունակելի...
«Հայերէնի Աւանդական Ուղղագրութիւն» Պրն. Յակոբ Չոլաքեան
ԵՐԵՄԻԱ ՉԵԼԷՊԻ (1637-1695)...
Բուն անունով Երեմիա Չելէպի Քէօմիւրճեան, ծնեալ՝ Պոլիս 1637 թ., մահացած՝ 1695 թ.:
Ան գիտական եւ հասարակական գործիչ էր եւ մեծ դեր կատարեց հայ Համայնքներու հասարակական կեանքէն ներս, մասնաւորաբար Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայ Համայնքներուն մէջ:
Չելէպի գրած է պատմագիտական, աշխարհագրական, վիճակագրական բազմաթիւ աշխատանք-ներ նաեւ գրական ստեղծագործութիւններ:
Իր պատմագիտական գործերէն յայտնի է «Պատմութիւն Համառօտ Օսմանեան Թագաւորութեան 300 Տարուայ», այս գործին մէջ Չելէպին հանդէս եկած է իբրեւ փաստերը քննադատաբար վերլուծողի եւ իմաստաւորողի դերով: Իր այս երկին մէջ հեղինակը մասնաւորաբար շեշտը դրած է թուրքիոյ ընկերային ու տնտեսական վարչակարգի ճգնաժամային երեւոյթներուն վրայ:
Չելէպին իր ստեղծագործութիւններով ցոյց տուած է թէ ան պաշտպանած է հայ ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները: Իր տեսակետով, հայ ժողովուրդի ազգապահպանութեան եւ ինքնագի-տակցութեան զարթօնքի կարեւորագոյն միջոցը մայրենի լեզուի զարգացումն ու տարածումն է: Այդ պատճառով ան կը հիմնէ տպարան մը 1676 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ եւ այս տպարանէն լոյս տեսաւ «Հարցմունք եւ Պատասխանք» աշխատութիւնը:
17-րդ դարուն մէջ Չելէպիի ջանքերով սկիզբ դրուեցաւ օրագրութեան պատմական տեսակին:
Ան գրեց իր «Օրագրութիւն»ը, այս վերջինը պատմագիտական միւս գործերուն հետ միասին ունի կարեւոր արժէք:
Պատրաստեց՝ Պրն. Պարգեւ Սամուէլեան
ՍԽՏՈՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՊԱՌԱԾ ԱՏԵՆ ԿԱԹ ԽՄԵԼԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԷ ՍԽՏՈՐԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒ-ՑԱԾ ԲԵՐՆԻ ՏՀԱՃ ՀՈՏԸ...
Խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ երբ մարդիկ սխտոր պարունակող ուտելիքներ սպառած ատեն եւ կամ անկէ ետք մէկ գաւաթ կաթ խմեն, ապա անիկա կրնայ կասեցնել սխտորին պատճառով յառաջացած բերնի տհաճ հոտը:
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են հում ու եփած սխտոր պարունակող ուտելիքներ: Անոնք գտած են, թէ երբ կաթին պարունակած ջուրն ու ճարպը խառնուած են սխտորին, ապա անոնք ուշագրաւ կերպով նուազեցուցած են սխտորին պարունակած ծծումբէ բաղկացած նիւթերուն տարողութիւնը, որոնք համ ու հոտ կուտան սխտորին: Այսուհանդերձ, նշեալ նիւթերուն տարողութեան նուազիլը նուազեցուցած է բերնի տհաճ հոտին տարողութիւնը:
Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ երբ մարդիկ սխտոր պարունակող ուտելիքներ սպառած ատեն խմած են կաթը, ապա շատ աւելի մեծ եղած է բերնի տհաճ հոտը նուազեցնելու գործընթացին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը, քան՝ երբ այդ ուտելիքները սպառելէն ետք խմած են զայն:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ երբ սխտորը կաթին հետ խառնուած է բերնին մէջ՝ նախքան ուտելիքը կլլելը, ապա անիկա շատ աւելի արագօրէն չէզոքացուցած է սխտորին յառաջացուցած տհաճ հոտը:
Փորձարկումները ցոյց տուած են նաեւ, թէ սերով խմուած կաթը շատ աւելի ազդեցիկ եղած է սխտորին յառաջացուցած բերնի տհաճ հոտը նուազեցնելու մէջ, քան՝ սերը վերցուած կաթը եւ կամ միայն ըմպելի ջուրը:
Սխտորին պարունակած ծծումբէ բաղկացած նիւթերը մարսողութեան ընթացքին չեն տարբաղադրուիր. հետեւաբար անոնք քրտինքին միջոցով եւ կամ արտաշնչուած օդին հետ խառնուելով՝ դանդաղօրէն դուրս կուգան մարմինէն՝ իրենց տհաճ հոտը երկար ատեն տարածելով ամէնուրեք:
Մասնագէտները նշած են, թէ ըմպելի ջուրն ու կարգ մը ուտելիքներ (օրինակ՝ սունկն ու ռեհանը) եւս կրնան նպաստել սխտորին յառաջացուցած բերնի տհաճ հոտին չէզոքացման, սակայն կաթին պարունակած ճարպի ու ջուրի խառնուրդը ցարդ ամէնէն աւելի նպաստած է նշեալ գործընթացին:
Վերոնշեալ փորձարկումները ցոյց տուած են նաեւ, թէ սխտոր պարունակող ա՛յն ուտելիքները, որոնք համեմատաբար մեծ տարողութեամբ կաթ պարունակած են, ապա անոնք եւս որոշ չափով նպաստած են նշեալ ուտելիքները սպառած ատեն եւ կամ անկէ ետք յառաջացած բերնի տհաճ հոտին տարողութեան նուազեցման:
ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ
ԳԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐ...
Ուինսթըն Չըրչիլ ոչ միայն դիւանագէտ էր, այլեւ՝ նկարիչ: Անգամ մը ծանօթներուն ցոյց կուտայ իր նկարները: Անոնցմէ մէկը կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ դուք միայն գիւղանկարներ կը նկարէք:
-Բանն այս է,- կը պատասխանէ Չըրչիլ,- որ ծառերը երբեք չեն մեղադրեր նկարիչներուն, երբ նկարները իրենց նման դուրս չգան:
* * * * *
ՔԻԹ...
Լրագրող մը Պրիժիթ Պարտոյին կը հարցնէ, թէ՝ ի՞նչ է կարծիքը ժամանակակից գեղագիտական վիրահատութեան մասին:
-Մերօրեայ վիրաբոյժները,- կը պատասխանէ Պարտօ,- մարդու քիթին հետ կրնան ընել ինչ որ կ'ուզեն, ինչ որ խելքերնին փչէ, մէկ բացառութեամբ միայն՝ անոնք չեն կրնար արգիլել քիթը այլոց գործերուն խառնուելէ:
* * * * *
ԼԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ...
Պեռնարտ Շոյին հարց կուտան, թէ ո՞ր ժամանակներուն պիտի ուզէր ապրիլ, եթէ այժմ չ'ապրեր:
-Ֆրանսա, Նափոլէոն Պոնափարթի ժամանակ,- կը պատասխանէ Շօ:
-Ինչո՞ւ,- կը զարմանայ հարց տուողը:
-Որովհետեւ այդ ժամանակ միայն մէկ մարդ ինքզինք Նափոլէոն կը համարէր:
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԸ
Հին Եգիպտացիները կը հաւատային թէ երկրորդ կեանք մը պիտի ապրին իրենց մահէն ետք, այս գաղափարը յղացան երբ բնութիւնը կը հետապնդէին: Օրինակ.- Արեւուն ծագիլը, Նեղոս գետին յորդիլը, որ ամէն տարի կը կրկնուէր նոյն ժամանակին: Նաեւ կը հաւատային թէ՝ արեւելքը կը ներկայացնէ՝ կեանք, իսկ արեւմուտքը՝ մահ: Օրինակ.- Արեւը կը ծնի արեւելքէն եւ կը մեռնի արեւմուտքէն:
Այդ ժամանակներուն մարդոց կը թաղէին հաւկթաձեւ փոսերու մէջ, հետն ալ մի քանի անհրաժեշտ առարկաներ: Մահացած մարդուն դիակը կը թաղէին ինչպէս որ սաղմը (جنين) կը գտնուի մօրը որովայնին մէջ, որպէսզի անոր երկրորդ ծնունդը դիւրին ըլլայ եւ երեսը կ'ըլլար դէպի արեւելք:
Ժամանակի ընթացքին այս փոսը մեծցաւ, եւ եղաւ սենեակի նման աւելի շատ առարկաներով:
Բուրգը այդպէս շինած են որ դիւրին ըլլայ մահացած անձին հոգին երկինք հասնելու եւ տեսնելու իր ստեղծողին: Եւ շատ մը ձեւերու դիմած են, Օրինակ.- Վերի փապուղիները الأنفاق العلوية եւ արեգակի կառքերը مراكب الشمس որոնք կ'օգնէին ոգիներուն որ իրենց վերելքը կատարեն առանց ոեւէ արգելքի:
Պատրաստեց՝ Օրդ. Նոյեմի Իսկենտէրեան
ԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ
Երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ մէկ տարիէն: Ասիկա կրնայ մեզի կամաց թուիլ, սակայն այս ճամբորդութիւնը երկար է: Արեւուն շուրջ ծիր մը ընելով՝ երկրագունդը նոյն ատեն ինքն իր վրայ կը դառնայ՝ այս ծիրին համեմատ քիչ մը հակած առանցքի մը վրայ: Հետեւաբար ան շրջանի մը համար հիւսիսային կիսագունդը աւելի ուղղակիօրէն կը պարզէ արեւուն. Այդ կիսագունդին մէջ ամառ կ'ըլլայ: Օդը տաք կ'ընէ, եւ օրերը կ'երկարին, որովհետեւ երկրագունդը արեւուն աւելի մօտիկ կը գտնուի: Նոյն ժամանակ հարաւային կիսագունդին մէջ ձմեռ է: Այս երկու եղանակներուն միջեւ գարուն եւ աշուն է, երբ ո՛չ հիւսիսային կիսագունդը, ո՛չ ալ հարաւային կիսագունդը դէպի արեւ հակած են:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՐԵԿ ԵՒ ԱՌՏՈՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ...
Ինչպէս արեգակնային դրութեան միւս մոլորակները, երկրագունդը եւս կը դառնայ արեւուն շուրջ՝ միաժամանակ ինքն իր վրայ դառնալով: Մոլորակները տարբեր արագութիւններով կը դառնան: Երկրագունդը լման շրջան մը կը կատարէ՝ ժամացոյցի սլաքներուն հակառակ ուղղու-թեամբ, 24 ժամէն: Իրականութեան մէջ արեւը չ'արթննար եւ չի պառկիր: Մենք դէպի արեւ կը դառնանք արեւածագին, եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ գիշերը:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՔԱՔԹԻՒՍՆԵՐԸ ՓՈՒՇԵՐ ՈՒՆԻՆ
Ա՜յ, քաքթիւսները (կանկատունկ) քիչ մը «վիրաւորական» են: Սակայն անոնց փուշերը անհրաժեշտ են: Ահա, թէ ինչո՛ւ:
Կանկատունկերը կ'ապրին չոր շրջաններու մէջ, ուր ջուրը հազուագիւտ է: Հետեւաբար չորութեան տոկալու համար անոնց տերեւները կամաց-կամաց փուշերու վերածուած են: Այս ձեւով անոնք նուազ ջուր կը կորսնցնեն շոգիացումի պատճառով, եւ բոյսը գրեթէ ամբողջ ջուրը իրեն համար կը պահէ: Առաւել, ցօղը շատ աւելի լաւ ձեւով կը հանգչի փուշերուն բարակ եւ երկար ձեւերուն վրայ: Եւ որովհետեւ այդ շրջաններուն մէջ շատ քիչ կ'անձրեւէ, բոյսին վրայ շատ աւելի փուշ գոյութիւն ունի, աւելի մեծ քանակով ցօղ կը պահուի, եւ բոյսը աւելի լաւ կը վերապրի:
Կարգ մը կանկատունկերու պարագային, փուշերը կը ծառայեն հեռու տեղեր սփռուելու: Երբ անասուն մը կ'անցնի, փուշերը կը կախուին անոր մազերուն եւ կոթէն կտոր մը անոր հետ կ'երթայ: Այդ կոթի կտորը քիչ անդին կ'իյնայ գետին, եւ հոն նոր բոյս մը կը ծլի: Ուրիշ կանկատունկեր ունին մեծ թիւով շատ բարակ եւ շատ բաց գոյնով փուշեր, սանտրի մը նման: Ասիկա անոնց կարելիութիւն կուտայ ետ ղրկելու արեւուն ճառագայթները, որպէսզի բոյսը տաքութենէն պաշտպանուած մնայ: Անշուշտ փուշերը շատ գործնական են նաեւ շատակեր անասուններուն առիթը չտալու բոյսը ուտելու:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...
*Բոլոր կանկատունկերը եկած են ամերիկեան ցամաքամասէն: Մեր դաշտերուն մէջ բուսնող կանկատունկերը ծագումով այդ շրջաններէն չեն, սակայն անոնք յարմարած են այդ վայրին:
*Կանկատունկի կարգ մը տեսակներ իրենց փուշերուն կողքին ունին նաեւ պզտիկ տերեւներ: Անոնք կանկատունկերուն նախահայրերն են: Անոնք կը նմանին ծառերու՝ իրենց կոճղով, տերեւներով... եւ փուշերով:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՆԿԱՏՈՒՆԿԸ ԿԸ ՅԱՐՄԱՐԻ ՉՈՐՈՒԹԵԱՆ.-
1- Փուշերուն ծայրը գտնուող պզտիկ ուռած սկաւառակներուն շնորհիւ: Երբ ցօղը կ'իջնէ փուշերուն վրայ ջուրը կը հոսի մինչեւ սկաւառակը եւ ապա կը թափանցէ կոթին մէջ:
2- Միայն գիշերը բացուող կանկատունկին վրայ գտնուող պզտիկ ծակերուն շնորհիւ: Այս ձեւով ջուրը չի շոգիանար արեւուն պատճառով:
3- Կոթին շնորհիւ: Ան ջուրով լեցուն է՝ ուռելու եւ ջուր պահելու կարողութիւնը ունեցող բջիջներու շնորհիւ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՆԵԼ ԵՐԱԽԱՅԻՆ ՈՐՊԵՍԻ ԱՆ ՔՆԱՆԱ3
Գիշերը երախային յաճախակի զարթնումները կը նեղացնեն թէ՛ հայրերը եւ թէ՛ մայրերը, որոնք երկար եւ ծանրաբեռնուած օրէ մը ետք հանգիստ քուն մը կ'երազեն:
Առաւելաբար մայրերն են տառապողները, բայց շատ մը ամուսիններ պատասխանատու կը զգան իրենց կնոջ «ձեռք մը տալու» եւ չարչարանքը կիսով բաժնելու...
Սակայն կան դիւրին միջոցներ, որոնք քանի մը օրուան վրայ հետեւո-ղական ձեւով օգտագործելու պարագային, երախային քունը կը կանոնաւորուի, ծնողներն ալ կը գտնեն իրենց հանգիստը:
1- Երախան լոգցնել երեկոյեան, պէտք եղած բոլոր արարողութիւններով: Լոգանքը կը հանգստացնէ եւ կը թուլցնէ, ինչ որ շատ անհրաժեշտ է քունի պատրաստուող երախային:
2- Գիշերը արթնցող երախան չբերել եւ ծնողներուն միջեւ չտեղաւորել, այս արագ եւ տեղւոյն վրայ հարցը լուծող արարքը երախային մօտ շուտով սովորութեան կը վերածուի, եւ գիշերները ան կ'արթննայ ու կուլայ պարզապէս ծնողներուն միջեւ տեղաւորուելու եւ անոնց ներկայութիւնը զգալու համար:
3- Երախան կերակրել նոյն ժամերուն եւ մանկաբուժին կողմէ ճշդուած քանակութեամբ, որպէսզի ամէն անգամ որ գիշերը լայ, չըսուի, թէ ան անօթի է եւ այդ է լացին պատճառը:
4- Գիշերը երախային սենեակը չափաւոր լուսաւորել, ան պէտք է զգայ ցերեկուան եւ գիշերուան տարբերութիւնը:
5- Երախային գիշերային թուղթէ շորիկը թող ըլլայ որակաւոր, որպէսզի լաւ ծծէ մէզը եւ չանհանգստացնէ քնացող մանուկը:
6- Գիշերը արթնցող երախային հետ վարուիլ քնքշութեամբ, բայց՝ ըլլալ վճռական: Ցած ձայնով ու մեղմ խօսքերով հանգստացնել զայն, բայց երբեք չգրկել: Ի հարկին կարելի է անոր դիրքը փոխել:
7- Երախային սենեակը թող ըլլայ օդասուն, հեռու՝ ծխախոտի ծուխերէն, հեռու՝ պատկերասփիւռի ձայնէն կամ ծնողներուն բարձրաձայն խօսակցութենէն:
8- Ի հարկին երախային մօտ բանալ մեղմ երաժշտութիւն մը:
Եթէ այս բոլորով հանդերձ երախան կը շարունակէ լալ եւ գրկուելու պարագային անմիջապէս կը դադրեցնէ լացը, կը նշանակէ, թէ քմահաճոյքի հարց է: Ծնողները պէտք է 3-4 օր, ի հարկին շաբաթ մը իրենց սիրտը կարծրացնեն եւ ձգեն, որ երախան լայ, անշուշտ հեռուէն հսկելով անոր եւ, ինչո՛ւ չէ, փաղաքշական խօսքեր ըսելով:
Մասնագէտներու կարծիքով, առողջ, բայց քմահաճ եւ լալկան երախան յաճախ կը փորձէ իր կամքը պարտադրել, իսկ ծնողքին կը մնայ ջիղերուն տէրը մնալ եւ հանգրուանաբար լուծել հարցը:
ՄԱՏՈՒՏԱԿԸ (ՍՈՒՍ)... ԴԵՂ Է.-
Մատուտակին օգուտները բազմաթիւ են, կարեւորագոյններն են հետեւեալները.-
* Ստամոքսային այրուածքէ կը պաշտպանէ, դէմ կը դնէ թթու արտադրութիւններուն (երեւոյթ մը՝ որ յարատեւ կրկնուելու պարագային կրնայ աղիքային բորբոքումներու առաջնորդել), ինչպէս նաեւ կը մղէ ստամոքսին պատերը զօրացնող լաւ տեսակի հաստ-հեղուկային նիւթերու արտադրութեան:
* Լեարդին գործունէութիւնը կ'ամրապնդէ եւ զայն կը մղէ դեղին նիւթը մեծ քանակութեամբ արտադրելու: Խրատ մը՝ մատուտակը ընտրէ երբ ճարպոտ եւ շաքարով հարուստ ուտելիքներ սպառես, որպէսզի մարսողական գործողութիւնը դիւրանայ եւ ուռեցքի զգացում չյառաջանայ:
* Կուրծքի բորբոքումներուն դէմ կը պայքարի եւ կ'օգնէ հազէն ձերբազատուելու, ինչպէս նաեւ կռիփի մանրէներուն դէմ կը կենայ, որպէսզի արգիլէ առողջ բջիջներուն մէջ անոնց մուտք գործելը:
* Հորմոնային առողջ հաւասարակշռութիւն կ'իրագործէ եւ կարելի է զայն գործածել քաղցկեղային կարգ մը պարագաներու ընթացքին (կուրծքի եւ փրոսթաթի), սակայն՝ մասնագէտներու հսկողու-թեան տակ անշուշտ:
* Արեւահարութեան ախտանշանները կը հանդարտեցնէ մատուտակի նիւթով պատրաստուած դեղերու գործածութիւնը այս պարագաներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած է:
ՊՂՊԵՂ (PEPPER).- Հայրենիքը կենդրոնական Ամերիկան է: Եւրոպա յայտնուած է Քոլոմպոսի շնորհիւ:
Պղպեղի պարունակած Vit. C ն առաւելագոյնն է՝ համեմատած միւս բանջարեղէններու հետ: Անոր մէջ չկան ֆերմենթներ, այդ պատճառով Vit. C կը պահպանուի ջերմային մշակման ժամանակ: Կը պարունակէ նաեւ քարոթին, Vit. P,E,B complex եւ հանքային աղեր: Կծու պղպեղը՝ չիլի, կը պարունակէ կապսաիցին կոչուող ալքալոիտ, որ անոր կուտայ իր կծու համը:
ՉԻԼԻ ՊՂՊԵՂ.- Շատ հարուստ է Vit. C ով, կը բարձրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, կը գրգռէ ախորժակը, կը մաքրէ արիւնը:
Կծու պղպեղը կ'աշխուժացնէ նիւթափոխանակութիւնը, կը նպաստէ քոլեսթերոլի մակարդակի բնականոնացմանը իջեցնելով սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու յառաջացման հաւանականու-թիւնը: Կը խթանէ արեան շրջանառութիւնը, խոչընդոտելով արեան մակարդուկներու յառաջաց-մանը: Սակայն կծու պղպեղի չափազանցումը կը գրգռէ մարսողական սիստեմի լորձաթաղանթ-ները եւ հակացուցուած է ստամոքսի խոցի եւ ստամոքսի ու աղիքներու բորբոքումներու ժամանակ: Պղպեղը, ընդհանրապէս, օգտակար է աւիթամինոզի եւ սակաւարիւնութեան ժամանակ: Ան նաեւ ունի հակասկլեթիկ, եղունգները եւ
[Back to News]
News
Contact Us
