ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Home Page / Magazine / ՎԵՐԱՄՈՒՏ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Վերամուտ է դարձեալ:
Այլ խօսքով, Հայ աշակերտը կանչուած է աշակերտութեան ճամբէն քալել, որպէսզի յաջողութեամբ դասընթացք աւարտէ:
Բայց յաջող դասընթացքը չի նշանակեր Հայ լեզուն եւ մշակոյթը մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ միայն այն ինչ որ կը պահանջուի աշակերտէն որպէս դպրոցական ծրագիր, համալսարան մուտք գործելու համար:
Ըստ լեզուաբաններու, ոեւէ փոքրամասնութեան մը լեզուն պահելու եւ պահպանելու համար էականը ընտանիքին մէջ անոր գործածութիւնն է:
Մասնագէտներ կ'ըսեն թէ երկու շաբաթը անգամ մը լեզու մը կը մեռնի: Իսկ ներկայ դարուն կը նախատեսուի, թէ 6000 լեզուներէն 2500-ը պիտի անհետանան, որոնցմէ է Արեւմտահայերէնը:
Ծնողք կանչուած են, ի գին ամէն զոհողութեանց, դաստիարակելու իրենց զաւակները հայօրէն եւ Քրիստոնէական մաքուր հաւատքով:
Մեսրոպ Մաշտոցի փնտռտուքը առաջնորդեց զինք գտնելու Այբուբենը եւ թարգմանելով առաջին նախադասութիւնը ցոյց տուաւ Հայուն ուղեգիծ մը.- «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Առանց հաւատքի Հայը կը կորսուի, իսկ առանց լեզուի, Հայը արմատախիլ կ'ըլլայ իր պատմութենէն եւ արմատներէն:
Պէտք է միշտ յիշենք թէ ազգի մը մշակոյթն է, որ կ'արժեւորէ եւ կը բարձրացնէ ազգը:
Հետաքրքրական է երբ կարդանք օտարներու կարծիքը մեր մշակոյթի մասին, պիտի զարմանանք անոնց արտայայտութիւններուն: Պիտի զարմանանք, որովհետեւ օտարը գիտէ գնահատել մեր մշակոյթը, բայց մեր ազգի զաւակները, յատկապէս նոր սերունդը, իր անտարբերութեամբ եւ այլ պատճառներու բերումով կը մոռնայ մայրենին:
Ահաւասիկ օտարներ որոնք կը գրեն Հայ լեզուի եւ մշակոյթի մասին.-
-«Առանց Հայկական մեծ մշակոյթի խաւար կ'ըլլար մարդկութեան ճամբան» կ'ըսէ Եւգենի Եւտուշենկօ:
-Ֆրանսացի Հայագէտ Ֆ.Ֆէյդի կ'ըսէ.- «Իմ գիտցած լեզուների մէջ Հայերէնը բացառիկ է... նախ՝ որպէս զարմանալի տրամաբանական լեզու, ապա նաեւ՝ իր ճկունութեամբ, նոր բառեր կազմելու դիւրութիւններով:
-Անգլիացի բանաստեղծ Ճ. Պայրոն կ'ըսէ.- «Դժուար է գտնել մի ազգի տարեգրութիւն, որն աւելի զերծ լինի արտաւորող ոճիրներից, քան Հայերինը, որոնց առաքինութիւնները խաղաղասիրութեան արգասիք են, իսկ արատները՝ բռնադատման հետեւանք: Սակայն ինչպիսին էլ լինէր նրանց ճակատագիրը, որը դառն է եղել, ինչպիսին էլ լինի ապագայում, նրանց երկիրը յաւէտ պիտի մնայ աշխարհի ամենահետաքրքիր երկիրներից մէկը, եւ նրանց լեզուն աւելի խոր ուսումնասիրութիւն է պահանջում՝ աւելի գրաւիչ դառնալու համար»:
-Ֆրանսացի նշանաւոր գրող Վ. Հիւկօ կ'ըսէ.- «Ձեր հնամենի լեզուն ես չգիտեմ, բայց սիրում եմ այն: Դրա մէջ արեւելքն եմ զգում, դարերն եմ նշմարում այնտեղ, տեսնում եմ անցեալի խորհրդաւոր նշոյլի շողարձակումը: Ինձ համար պարծանք է Հայերէն թարգմանուելը»:
-Իսկ Կիրքիզ գրող Այթմատով կ'ըսէ.- «Ինչպէս կարելի է կարդալ Նարեկացի ու չսիրահարուել Հայաստան երկրին, ունենալ Թումանեան, Իսահակեան, Չարենց, Սեւակ եւ ուրիշ մեծեր ու չապրել յաւերժող մշակոյթի ժառանգների օրինական հպարտութիւնը: Մնում է, որ դուք, թանկագին հայ ուսուցիչներ, համաշխարհային հնչեղութիւն ունեցող այդ դասերը հաղորդէք ձեր սաներին, նրանց տոգորէք աշխարհի ամենահարուստ եւ հմայիչ լեզուներից մէկի՝ հայերէնի տիրոջ բարձր զգացումներով»:
-Գերմանացի գիտնական, Հայագէտ Ե. Մարկվարտ կ'ըսէ.- «Միջնադարեան ո՞ր ժողովուրդը կը կարողանայ պարծենալ, թէ երբեւիցէ իր սեփական լեզուով կամ թէկուզ մի այլ՝ բախտաւոր լատիներէնով, հրապարակ է հանել Վարդանի եւ իր ընկերների դիւցազնամարտի այնպիսի մի նկարագրութիւն, ինչպիսին Եղիշէի նկարագրածն է»:
Թող Մեսրոպ Մաշտոցի պատգամը լեցնէ մեր ազգի զաւակներուն սիրտը, միտքն ու հոգին, որպէսզի այս դպրոցական տարեշրջանը ըլլայ Հայ մշակոյթի եւ Հայ լեզուի արթնութեան տարի մը: Ամէն:
Վեր. Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան
ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ԲՋԻՋՆԵՐ...Անասունները, բոյսերը եւ մանրէները կազմուած են բջիջներէ: Նոյնիսկ՝ մենք: Սակայն ի՞նչ է բջիջը:
ՄԱՆՐ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻ... Մորթդ, ստամոքսդ, ուղեղդ... եթէ մարմինդ տուն մը ըլլար, բջիջներդ անոր քարերը պիտի ըլլային: Այս նոյն պատկերը կը յարմարի նաեւ անասուններուն եւ բոյսերուն: Բջիջը կենդանի աշխարհին հիմնական միաւորն է: Արդ, առաջին կենդանի էակները երեւցած են 3,5 միլիառ տարիներ առաջ, անոնք կազմուած էին մէկ բջիջէ: Ապա բջիջները հաւաքուած են կազմելու համար բոյսերն ու կենդանիները, որոնց մէջ կային մարդ արարածները:
ԳՈՐԾԻ՛... Բոլոր բջիջները նոյն կառուցուածքը ունին: Անոնց կորիզին մէջ գոյութիւն ունի ԱՏՆ-ը, որ իւրաքանչիւր կենդանի էակի «կառուցուածքի յատակագիծը» պարունակող մոլեքիւլ մըն է: Ան իւրաքանչիւրին յատուկ է: Եւ որովհետեւ ան կը պարունակէ մարմնիդ աշխատցնող բոլոր յայտա-գիրները, ԱՏՆ-ը բջիջներդ կ'աշխատցնէ իսկական պզտիկ գործարաններու նման:
ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ ԻՐԱՐՈՒ ՄԻԱՑԱԾ... Ոչ մէկ բջիջ կրնայ առանձինն աշխատիլ: Որպէսզի կենդանի մարմինները բանին, բջիջները կը համագործակցին: Երբ անոնք համախմբուած կ'ըլլան, նոյն պաշտօնը եւ նոյն ձեւը կ'ունենան, անոնք հիւսկէն մը կը կազմեն: Մարմնիդ մէջ գոյութիւն ունին 220 հիւսկէններ, ինչպէս՝ մկանային հիւսկէն, ոսկրային հիւսկէն եւ այլն: Բազմաթիւ հիւսկէններ կը միանան կազմելու համար գործարան մը, ինչպէս երիկամները, թոքերը, եւ այլն: Եւ մարմինդ առողջ պահելու համար գործածուած բջիջները կանոնաւոր կերպով կը վերարտադրուին:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ...
*Բջիջի մը միջին հասակը 20 միքրոմեթր է: Զայն ուսումնասիրելու համար կը գործածուին մանրադիտակ մը եւ գոյն տուող նիւթեր:
* 1 միքրոմեթրը հաւասար է 1000-ով բաժնուած մէկ միլլիմեթրի:
* Ուղեղի բջիջը աստղի նման է: Եթէ ուղեղիդ 14 միլիառ բջիջները քով-քովի դրուին, անոնց երկարութիւնը հաւասար կ'ըլլայ երկրագունդէն լուսին հեռաւորութեան (354,344 ք.մ.):
* Կարմիր գնդիկները պնակի նման արեան բջիջներն են: Անոնք առանց կորիզի միակ բջիջներն են:
* Ճերմակ գնդիկներուն պաշտօնը մարմինը ժահրերէն պաշտպանելն է:
* Բոլոր բջիջները աշխատելու նոյն կերպը ունին, սակայն անոնք իրարու չեն նմանիր: Օրինակի համար, անասուններուն բջիջները կլոր ձեւ ունին եւ կակուղ են, մինչ բոյսերու բջիջները աւելի սուր ծայրերով են եւ կարծր:
* Մարմնիդ մէջ գոյութիւն ունին 36.000 միլիառ կարմիր գնդիկներ: Եւ
որովհետեւ անոնց կեանքի տեւողութիւնը միայն 4 ամիս է, դուն ամէն՝ 2 երկվայրկեան 2 միլիոն նոր կարմիր գնդիկներ կը շինես:
ԴԻՄԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆՈՂ ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ... Արդէն աշուն ենք: Պէտք է զայն դիմաւորենք առող-ջութեան եւ մարմնի դիմադրողականութեան նեցուկ կանգնող ուտելիքի զանազան ընտրանիներ սպառելով:
*ՍՏԵՊՂԻՆԸ - առողջ մորթի համար: Քիչ քանակութեամբ զայն կարագով տապկելը կ'օգնէ, որ օգտուինք անոր պարունակած պէթաքարոթինէն:
*ԴԴՈՒՄԸ - հարուստ է դիւրամարսելի բնաթելերով, ինչպէս նաեւ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ: Փափաքողներուն համար նաեւ կարելի է խոշոր դդումը, որ բնաթելերուն կողքին կը պարունակէ անթիօքսիտանթներ:
*ԹԱՐՄ ԾՈԹՐԻՆԸ - բորբոքումներու դէմ է եւ անթիօքսիտանթներ կը պարունակէ: Կարելի է զայն աւելցնել աղցաններու եւ խոռոված մսեղէններու եւ կանաչեղէններու վրայ:
*ՇԱՔԱՐԻ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ՄԵՂՐԸ - թէյի եւ կաթի նման տաք ըմպելիները քաղցրացնելու, որովհետեւ մեղրին օգուտները անհամար են: Իր քիմիական ճիւղաւորուած կազմուածքին շնորհիւ, մեղրը մարմնին ուժականութիւնը կ'աշխուժացնէ, կրիփի եւ հարբուխի դէմ դիմադրողականութիւնը կամրապնդէ, մարսողական գործողութիւնը կը դիւրացնէ, եւայլն:
*ՍԵՒ ԽԱՂՈՂԸ - փոլիֆինոլով հարուստ անոր կեղեւը կ'օգնէ դիմադրելու ապականութեան հետքերը: Յանձնարարելի է օրական 200 կրամ սեւ խաղող սպառել, պայմանաւ որ զայն շատ լաւ լուանք՝ անոր կեղեւին վրայէն ծիրէն ներս գործածուած յատուկ դեղերը մաքրելու համար:
*ՏԱՆՁԸ - մսեղէններու չափազանց սպառման հետեւանքով յառաջացած բորբոքումներէն պաշտ-պանելու համար: Այս տեսակը կօգնէ մարմնին ընդհանուր (PH) շրջանակի հաշուեկշռութեան, եւ իրեն կը միանան նաեւ խնձորը, պանանն ու խաղողը:
*ԿՈՃՂԱՊՂՊԵՂԸ (ginger) - կը պայքարի բորբոքումներու դէմ եւ կը դիմադրէ յոգնութիւնն ու մանրէները: Կարելի է զայն քերթուկի ձեւով աւելցնել աղցաններու մէջ եւ խոռոված մսեղէններու հետ:
* ՃԵՐՄԱԿ ԵՒ ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՂԱՄԲԸ - հարուստ են C կենսանիւթով, որ բորբոքումներէ կը պաշտպանէ: Զանոնք կարելի է օգտագործել որպէս աղցան կամ բրինձով ու միսով ճաշ եփելով:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
*Մարդկութեան հանդէպ պէտք չէ հաւատք կորսնցնել: Մարդկութիւնը ովկիանոս մըն է: Եթէ ովկիանոսին քանի մը կաթիլները աղտոտ են, ովկիանոսը տակաւին մաքուր կը մնայ:
*Աղօթելը սիրել եւ խորհիլ է միաժամանակ:
*Դէպի փառք տանող ամենակարճ ճամբան բարեսրտութիւնն է:
Հաւաքեց՝ Օրդ. Ալինա Վարդանեան
ՉԻՆԱՑԻՆԵՐԸ
Չինաստանի Զիան քաղաքը երբ ուղղուինք, հիւսիս արեւմտեան կողմը 246 Ք.Ա. Quin Shi Huang-ն էր երկրին առաջին կայսրը:
Երբ տակաւին 13 տարեկան էր, կրցաւ միացնել իր երկիրը, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով դրամի գործածութիւն ձեռնարկեց, նաեւ Չինարէն գրութիւնը: Բայց իր գործերէն ամենէն կարեւորը կը նկատուի հզօր «թիրագոթա»յի բանակը կարծելով որ իր գերեզմանը պիտի պաշտպանէ:
Հրամայեց որ այս բանակը կառուցուի ստորերկրեայ դրութեամբ, ուր քաղաքի մը տարածութեան չափ է, եւ ոչ ոք կրցաւ հասնիլ այս բանակին 2000 տարիներու ընթացքին եւ ըսուեցաւ որ թագաւորը հրամայեց սպաննել անոնք որոնք կառուցեցին այս քաղաքը եւ թաղեց զիրենք որ գաղտնիքը չտարածուի:
Այս ծրագրին մէջ աշխատեցան մօտաւորապէս 700000 անձ եւ շինեցին հազարաւոր կաւէ արձաններ, որ երբեք իրար չէին նմաներ, իրենց մանրակրկիտ մանրամասնութիւններով:
Թագաւորը հրամայեց որ չըլլայ թէ երկու զինուոր իրարու նմանին:
Այս արձանները պատրաստելէն ետք կը դնէին փուռերու մէջ որոնց տաքութիւնը կը հասնէր հազար աստիճանի, յետոյ կը ձգէին պաղելու, կը ներկէին եւ կը զարդարէին զանոնք տեսակաւոր զարդեղէններով:
Այս գործը տեւեց 40 տարի: Վերջացուցին բանակին կերտումը որ կը բաղկանար հազարաւոր անձերէ՝ նետահարներ, զինուորական կառք նստողներ, ոտքի կեցողներ, ձի նստողներ, նուագողներ եւլն: Նախկին միջոցառումներով կատարուած քանդակագործութիւնը յիշուած ժամանակաշրջանին համար մարդկային ըմբռնումէն շատ աւելի վեր եղած է: Օրինակ.- Նետահարը որ ծունկի եկած, կամ պատերազմողը որ բռնած իր նետը եւ աղեղը տախտակէ շինուած է, նոյնիսկ ձիերու կառքը իր ամենայն մանրամասնութեամբ:
Նկատուեցաւ որ այս արձանները շինուած են հում կաւէ, բայց տարբեր նիւթերու հետ խառնուած: Օրինակ.- Եթէ կաւը խառնուի աւազի հետ աւելի ամուր կ'ըլլայ եւ կրնան զէնքերը եւ արձանները անոնցմով շինել, բայց փափուկ կաւը կը գործածուի փորագրուելիք բաներու. Օրինակ.- Մազերուն ձեւ տալու եւ գլխարկներուն տեսակաւոր ձեւեր տալու մէջ:
Եւ զարմանալին այն է որ այս զինուորներուն հասակը աւելի երկար է քան հիմակուայ այդ շրջանի մէջ ապրող ժողովուրդին որն է 183-195 սմ. Եւ նաեւ զարմանալի բան մը որ այս հսկայ գործը լոյս չտեսաւ շատ երկար ժամանակ մինչեւ վերջերս: Ասոնք են Թիրագոթայի մարտիկները որ թաղուեցան իրենց թագաւորին հետ եւ ոմանք կը նկատեն աշխարհի ութերորդ հրաշալիքը:
Բայց ինչպէ՞ս գտնուեցաւ:1974 թ. երբ այդ շրջանին մէջ կը փորէին ջրհոր մը՛ յանկարծ կը գտնուի արձանի գլուխ մը, եւ երբ կը շարունակեն փորելը կը պարզուի լման արձանը եւ երբ կը շարունակեն կը յայտնուի քսաներորդ դարու ամենակարեւոր գիւտերէն մէկը:
Գիտնականներ կ'ակնկալեն գտնել դեռ ուրիշ փոսեր որ շարունակութիւնն է այս բանակին:
Եունէսքոն այս մեծ գիւտը Թիրագոթայի բանակը աւելցուց իր Համաշխարհային Մարդկային Ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Այս գիւտը որ կաւէ շինուած է միայն ցոյց չի տար փորագրութեան ստեղծագործութիւնը, այլ նաեւ կը ցուցնէ հրաշալի զօրքի դասաւորում:
Չինաստանի կայսրը Քին Շի Հուանկ, որ կը նշանակէ առաջին կայսր, հրամայեց որ Թրագոթայի Բանակը շինուի որպէսզի հետը թաղուի եւ իր հետ ճամբորդէ միւս աշխարհ :
Պատրաստեց՝ Օրդ. Նոյեմի Իսկենտէրեան
ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՓՈՂՈՑԸ...
1-Եթէ նեղ մայթէ մը կը քալես, մայթին ճիշդ մէջտեղէն չքալել, այլ՝ մէկ կողմի վրայ քալելով ճամբայ տալ ուրիշներու:
2- Տգեղ կ'երեւնայ եթէ անձի մը հետ կը քալես եւ երբ ճամբուն անդիի կողմը ուրիշ բարեկամ մը տեսնես, մատովդ ցոյց տաս քովի անձիդ:
3-Երբ ճամբան բարեկամի մը հանդիպինք, զգոյշ ըլլանք որ խանութի մը առջեւ կամ անյարմար տեղ մը կենալով երկար ժամանակ չխօսինք:
4-Ուշադիր ըլլալ ճամբայ քալած ժամանակ, շատ դանդաղ չքալել ետեւի անձերը նեղացնելով եւ ոչ ալ քալած ժամանակ մէկ անգամէն կենալ եւ մեր խօսակցութիւնը շարունակել կամ մէկ անգամէն ետեւ դառնալ:
5-Ճամբայ քալած ժամանակ բարձրաձայն չխօսիլ եւ տարօրինակ ձեւեր չ'ընել, մեր շուրջինները նեղացնելով:
6- Խումբով քալած ժամանակ խումբին քալուածքին հետեւիլ, որպէսզի մէկը միւսին սպասած չ'ըլլայ:
7-Ինչ որ տան մէջ չենք ըներ, նոյնն ալ փողոցը՝ մեր ձեռքի թաշկինակը, ծամոնը եւ կամ ոեւէ աղբ չթափել, այլ՝ սպասել մինչեւ որ աղբի կողով գտնենք եւ ետքը թափենք:
8-Ապահովութեան համար յարգել բոլոր երթեւէկի նշանները:
Պատրաստեց՝Պրն. Յովիկ Ակիշեան
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ(Ծննդեան 125 Ամեակ)
1886 Յունուարին, Ակնայ շրջանի բինկեան գիւղին մէջ Մեծատուրեաններու յարկին տակ իր աչքերը կը բանայ Հայ բանաստեղծներուն արքան՝ Միսաք Մեծարենց:
Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, ուր կը ձգէ թոյլ եւ անընդունակ աշակերտի մը տպաւորութիւնը: Ութ տարեկանին ծնողքը կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր ան կը յաճախէ Սեբաս-տիոյ Արամեան Վարժարանը:
Հոս ի յայտ կուգայ իր ընդոծին կարողութիւններուն առաջին նշոյլները:
Մեծարենց, նաեւ հինգ տարիներ եղած է գիշերօթիկ աշակերտ՝ Մարզուանի «Անաթոլիա» գոլէճը: Սակայն 1901-ին ամառուայ արձակուրդէն ետք, Սեբաստիայէն ետ չի վերադառնար Մարզուան: Այդ տարին իր մէջ կը յայտնուի «Հայ գրողներու» հիւանդութիւն՝ թոքախտի առաջին նշանները:
Յաջորդ տարի, գրեթէ բուժուած, Մեծարենց կը մեկնի իր հօրը մօտ՝ Պոլիս եւ կը յաճախէ կեդրոնական վարժարանը: Մեծ ընդունակութիւն ցոյց կուտայ յատկապէս հայերէն լեզուին մէջ եւ գրական փորձերուն մէջ յայտնաբերած շնորհներով կը գրաւէ իր ուսուցիչներէն Հրանդ Ասատուրի ուշադրութիւնը, որուն կը նուիրէ իր ոտանաւորներուն առաջին հունձքը՝ «Բաբախումներ»:
1905-ին իր հիւանդութեան կրկնուելուն պատճառաւ ծնողքին հետ կը հաստատուի Պոլիսի շրջաններէն Թոփ-Գափու, ուր կ'ապրի ամբողջ երկու տարի, որոնք կը դառնան իր ստեղծագործու-թեան ամենէն բեղուն տարիները:
Անշուշտ, իր հիւանդութեան պատճառով Մեծարենց՝ որեւէ պաշտօն չէ վառած ու իրեն մնացած կարճ կեանքի, կարճ ժամերը յատկացուցած է գրականութեան, ու իրարմէ միայն երեք ամիս տարբերութեամբ հրատարակած է իր երկու գլուխ գործոցները «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր»:
Մեծարենց գրած է նաեւ արձակ կտորներ՝ պատմուածք, նամակներ, յօդուածներ եւ բանավիճային գրութիւններ:
Հիւանդութիւնը, որ սկսած էր գահավէժ ընթացք մը ունենալ, իր հրատարակութիւններուն հետ աւելի կը բարդանայ եւ 5 Յուլիս, 1908-ին Մեծարենց իր մահկանացուն կը կնքէ, տակաւին քսաներկու տարեկան հասակին: Կը թաղուի Պոլսոյ Պալըքլի գերեզմանատունը:
Միսաք Մեծարենց իր յաջորդ սերունդներուն թողեց հիասքանչ ժառանգութիւն մը, որ ահաւասիկ աւելի քան մէկ դար, մինչեւ այսօր, կը կարդացուի:
Պատրաստեց՝
Պրն.Պարգեւ Սամուէլեան
ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆ
Մասնակցիր «Շող»ի մրցանքներուն եւ ստացիր արժէքաւոր նուէրներ :
Պատասխանը յանձնել Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ գրասենեակ մինչեւ
16 Հոկտեմբեր, 2011 եւ արդիւնքները տեսնել Նոյեմբեր ամսուան մէջ:
Իւրաքանչիւր մրցանք ունի նիշեր, մինչեւ Յունիս 2012ի աւարտին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի վերջին պաշտամունքին, բոլոր մրցանքներուն բարձր նիշ հաւաքողը կը ստանայ գեղեցիկ նուէր մը:
ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱՆՔ: (225 նիշ)
Հարցումներուն երկու պատասխաններէն ընտրէ ճիշդ տարբերակը եւ ներկելով համապատաս-խան թիւով վանդակը՝ կը ստանանք պատկեր: Ուղղարկէ մեզի հարցումներուն ճիշդ պատասխան-ները եւ ստացած պատկերիդ անունը:
*Վանայ լիճի կղզիներէն է.- 1-Այգիները 2- Արտերը
*Հին հայերուն Յունուար ամիսն է՝ 3- Տրէ 4- Նաւասարդ
*Նշուածներէն ո՞րն է հեղինակաւոր մրցանակ՝ 5- Յոբելեան 6- Նոպէլեան
*«Խօսքդ ---- ով կտրեմ»՝ 7- Մեղր 8- Դանակ
*Հին Եգիպտական թուղթ է՝ 9- Պապիրոս 10- Պապիտուս
*«Լսիր որդիս ------ որպէս՝» 11- Խրատ 12- պատգամ
*«---ը ցանեց մի շաղգամ»՝ 13- Տատ 14- Պապ
*Ո՞վ է «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ու հեղինակը՝
15- Աւետիք Իսահակեան 16- Յակոբ Պարոնեան
*Ո՞վ կը համարուի ոտնագնդակի Արքայ 17- Փելէ 18- Մարատոնա
*Փողային նուագարան է՝ 19- Զուռնա 20- Քանոն
*Առոգանութեան նշան է՝ 21- Շեշտ 22- Չակերտ
*Ո՞րն է թթենիի տերեւ սիրող որդը՝ 23- Շերամ 24- Հարսնեակ
*Ո՞վ է «Համլետի» հեղինակը՝ 25- Շեքսպիր 26- Տիւմա
*Ո՞րն է արագ ասուող ժողովրդական խօսք՝27- Շուտասելուկ 28- Հանելուկ
*Գայլերի խումբ՝ 29- Ոհմակ 30- Բոլուկ
*Ի՞նչ մետաղով կը չափեն ժամանակը՝ 31- Ոսկի 32- Նիկէլ
*Հին ատեն ինչպէ՞ս կը կոչէին գահանիստ քաղաքին՝
33- Գաւառ 34- Ոստան
* «----- անհաս, փառքի ճամբայ»՝ 35- Այնպէս 36- Որպէս
*Ի՞նչ եղած է հին ժամանակ թագաւորներու սիրած զբաղմունքը՝
37- Կռիւ 38- Որս
*Գեղասահորդի կօշիկն է՝ 39- Սապօ 40- Չմուշկ
*Ի՞նչ է Նիակարան՝ 41- Անապատ 42- Ջրվէժ
*Ո՞վ է Նաղաշ Յովնաթանը՝ 43- Աստղագէտ 44- Նկարիչ
*«Փայլեց ----- ուրախութեան»՝ 45-Աստղ 46- Նշոյլ
*Պարսկական միապետի կոչում է՝ 47- Խալիֆ 48- Շահ
*Հայ միջնադարեան օրհներգ է՝ 49- Շարական 50- Հիմն
*Հատիկաւոր միրգ է՝ 51- Նուռ 52- Ձմեռուկ
*Եղջերաւորներու խումբ է՝ 53- Նախիր 54-Պարս
*Ի՞նչ մասնագիտութիւն ունի Ջիւան Գասպարեանը՝
55- Տիւտիւկահար 56-Քանդակագործ
*Փարաւոններու երկիր է՝ 57-Եգիպտոսը 58- Սուտանը
*Ո՞վ եղած է Վարդանանց պատմիչը՝ 59-Եղիշէ 60-Մովսէս Խորենացի
*Նախադասութեան գլխաւոր անդամն է՝ 61-Ենթակայ 62-Որոշիչ
*Հայ ազատամարտիկներու պանթէոնն է՝
63-Եռաբլուր 64-Կոմիտասի անուան պանթէոն
*Ո՞րն է տարուայ մէկ քառորդը՝ 65-Կիսամեակ 66-Եռամսեակ
*Նշուածներէն ո՞վ է մարգարէ՝ 67-Եղիշէ 68-Եսայի
*Նշուածներէն ո՞րն է երաժշտական գործիք՝ 69-Երգեհան 70-Երգեհոն
*«Տաք-տաք ծեծուող» մետաղ է՝ 71-Ոսկի 72-Երկաթ
*Տէր Յիսուս հրաշքով ջուրը փոխեց՝ 73-Քացախի 74-Գինիի
Բ. ՄՐՑԱՆՔ... (75 նիշ)
Գտիր այս 3 բառերը:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ
-Ուրանոս մոլորակին վրայ ամրան եղանակը կը տեւէ 21 տարի... ինչպէս նաեւ՝ ձմեռը:
-Զարգացած երկիրներուն մէջ ամէն տարի ուտելիքներուն մօտաւորապէս 27 առ հարիւրը պարապի կ'երթայ: Անոնք պարզապէս կը թափուին:
-Առաջին քրէյոլա մոմ-ներկերը 8 ներկերով տուփերով կը ծախուէին: 1957 թուականին 40 նոր գոյներ աւելցուած էին անոնց վրայ: Այժմ գոյութիւն ունին աւելի քան 120 մոմ-ներկերու գոյներ: Մօտաւորապէս 5 միլիառ մոմ ներկի մատիտներ կ'արտադրուին ամէն տարի:
-Հնդկաստան ամէն տարի կ'արտադրէ մօտաւորապէս 800 ժապաւէն. անոնք կը ցուցադրուին 9 հազար սրահներու մէջ, երկու պարագաներուն ալ՝ Հոլիվուտէն երկու անգամ աւելի:
-Երկրագունդը ամբողջովին գնդաձեւ չէ, այլ շատ թեթեւօրէն՝ տանձի նման:
-Կանաչ ադամանդը ամէնէն հազուագիւտ ադամանդն է:
-Կապոյտ կէտին լեզուն փիղի մը չափ երկար է:
-Ինտոնեզիոյ մէջ 365 տարբեր լեզուներ կը խօսուին:
-Մեր Պլան, որ տարիներու ընթացքին Պակզ Պանիի ձայնը կեղծած է, ստեպղիններու դէմ գերզգայնութիւն ունէր:
-Անջրպետ մեկնած առաջին կենդանի էակը եղած է շուն մը. իսկ տաք օդով բարձրացող փուչիկով թռչող առաջին կենդանի էակները եղած են ոչխար մը, բուրդ մը եւ աքլոր մը:
-Ափրիկեան փիղերը միայն չորս ակռայ ունին ծամելու համար:
ԿԷՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Անջատման գծիկ կը դրուի.-
ա- Ուղղակի խօսքէն առաջ, նոր տողի ներսէն, եւ ուղղակի խօսքին մէջ տեղ գտած հեղինակի խօսքին երկու կողմերը, ստորակէտէ ետք: Այսպէս.
-Օ՜, դուն նշանաւոր բանաստեղծ ես եղեր, եւ մենք չէինք գիտեր մինչեւ հիմա,- ըսաւ Տիկին Զիւմպիւլեան:
-Չէ՛, տիկին,- պատասխանեց Գէորգ,- ուրիշներ ալ գրած ունիմ, սակայն երեւան չեմ հանած:
բ- Երկու թուականներու միջեւ, որոնք կ'արտայայտեն մօտաւորութիւն, առաջինէն մինչեւ միւսը:- «Հարուստ տնտեսութիւն մը ունէին. Տասը - տասնհինգ կով, հարիւր յիսուն - երկու հարիւր ոչխար, տասը - տասնհինգ ձի»:
գ- Տողափոխութեամբ բան մը թուող դասական թուականներէ ետք: Այսպէս՝
Հայերէնի բաղաձայնները կը բաժնուին երեք խումբերու.
ա.- պայթականներ բ.- կիսաշփականներ գ.- շփականներ
դ.- Բառարաններուն մէջ գլխաբառը բացատրութենէն բաժնելու համար: Այսպէս՝ ԹԱԿԱՐԴ - ծուղակ, որոգայթ
ե.- Տրոհումի նշաննր չգործածող արդի բանաստեղծներէն ոմանց կողմէ կը գործածուի տարբեր պաշտօններով:- Յո՞յս ուզէիր - երա՞զ - պատրա՞նք - ինքս լեցուն եմ այնքան - Ա՛ռ ըսէիր - որքան կ'ուզես - որքան կրնաս - աւելի - :
Շարունակելի...
«Հայերէնի Աւանդական Ուղղագրութիւն» Պրն. Յակոբ Չոլաքեան
ԽՕՍՔԵՐ... Արամ Ա. Կաթողիկոսէն
-Մարդ երրեակ բաղկացութեամբ էակ մըն է.-
ա- Մարմինը որ հացի պէտք ունի.
բ-Միտքը որ գիրքի պէտք ունի.
գ- Հոգին որ աղօթքի պէտք ունի.
Առանց ասոնցմէ մէկուն մարդ չի կրնար ինքզինք լիապէս ըլլալ:
Չի կրնար իր ամբողջական ինքնութիւնը արտայայտել եւ արժեւորել:
- Ազգ մը մեծ է, ոչ թէ իր հողին տարածքով եւ զէնքով, այլ իր մշակոյթով, իր արուեստի եւ գիտական ստեղծագործութիւններով:
- Եթէ որբ մնայ գիրքը, որբ կը մնայ Հայը իր հայութենէն:
Քաղեց՝
Տիկ. Լիւսի Սահակեան
ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞Ն
*Շունը սեւ եւ ճերմակ կը տեսնէ:
Գիտնականները գիտեն, թէ շունը գոյները չի տեսներ: Առաւել ան ցցուն ծաւալով կը տեսնէ միայն իր առջեւ գտնուող առարկաները: Սակայն ան շատ զգայուն է շարժումներու պարագային: Ան կ'անդրադառնայ որսի մը շարժումին քիլոմեթրեր հեռուէն: Զայն ճանչնալու համար ան կը գործածէ իր արտակարգ հոտառութիւնը: Նախապատմական մարդիկը անդրարարձած էին այս առաւելութիւններուն շունին նախահայրերուն մօտ: Այս պատճառով է, որ անոնք զանոնք ընտելացուցած են:
*Կատուն պղտոր կը տեսնէ օրուան ընթացքին:
Օրուան մէջ կատուն լաւ չի տեսներ եւ կարմիր գոյնը չի նշմարեր: Սակայն ասիկա զինք չի նեղացներ իր հում միսը ուտելու: Գիշերը անոր աչքերը ահարկու զէնքեր են: Մութին մէջ անոնց բիբերը շատ մեծ կը բացուին: Այս ձեւով լոյս կը մտնէ: Առաւել, իր աչքերուն խորքը կատուն ունի ցոլացնող բջիջներ, որոնք կը նշմարեն ամէնէն փոքր նշոյլը: Այս պատճառով է, որ կատուն շատ լաւ կը տեսնէ մութին մէջ:
*Շերեփագին կը տեսնէ մինչեւ իր գլխուն ետեւը:
Շերեփագիին աչքերը այնքան մեծ են, որ անոնք իրարու կը դպնան եւ գլուխէն դուրս կ'ելլեն: Ան ամենէն մեծ աչքերը ունեցող միջատն է: Իւրաքանչիւր աչք կազմուած է 30 հազար մանր երեսակներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տեղեկութիւն մը կը ղրկէ ուղեղին: Այս ձեւով շերեփագին կը տեսնէ զինք շրջապատող ամէն ինչ, սակայն՝ ոչ ցցուն ձեւով, այլ՝ տափակ:
*Արծիւը խոշորցնող աչքեր ունի:
Օրուան ընթացքին արծիւը շատ սուր տեսողութիւն մը ունի: Իր մեծ աչքերով ան գունաւոր կը տեսնէ ամէն ինչ, որ կը գտնուի իր առջեւ: Ան մեզմէ աւելի լաւ կը տեսնէ գոյները, որովհետեւ ան կը զանազանէ նոյնիսկ անդըրմանիշակագոյնը: Սակայն արծիւը ունի նաեւ տեսակ մը խոշորացոյց՝ իր աչքերուն կեդրոնը: Անոր շնորհիւ ան 8 անգամ կը խոշորցնէ իր դիմաց տեսածը: Սակայն գիշերը արծիւը լաւ չի տեսներ: Այս պատճառով է, որ ան օրուան ընթացքին կ'որսայ:
ԳԻՏԵԼԻՔ...
*Քոալան բնաւ ջուր չի խմեր.- Որովհետեւ այս պզտիկ անասունը կ'ապրի Աւստրալիոյ ջերմիի անտառներուն մէջ: Ան ջուր բնաւ չի խմեր, որովհետեւ ջուրի իր ամբողջ կարիքը կուգայ իր միակ ուտելիքէն՝ ջերմիի տերեւներէն: Ան ամէն օր գրեթէ մէկ քիլօ տերեւ կ'ուտէ:
ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
Ս Ո Խ Ը
Կեդրոնական Եւրոպայի ժողովուրդները կը հաւատան, որ սոխն ու մածունը երկարակեցութեան աղբիւր են, իսկ 100-ը թեւակոխողներուն թիւը արհամարհելի չէ այդ շրջաններուն մէջ:
Սոխը կենսանիւթերու (Ա.,Պէ.,Սէ.) եւ հանքայիններու (փոթասիոմ, երկաթ, իոտ եւ այլն... )հանք մըն է:
ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ
ա.- Սոխին կեղեւը շատ գեղեցիկ պղնձագոյնի երանգներ կուտայ մազերուն: Ափ մը կեղեւ եռացուցէք մէկ լիթր ջուրի մէջ, ձգեցէք, որ քիչ մը պաղի, ապա սուզեցէք եւ ստացուած ջուրով ցօղուեցէք ձեր մաքուր մազերը:
բ.- Դէմքին վրայ գոյացած մութ գոյնի արատները չէզոքացնելու համար սոխի հիւթով օծեցէք ձեր դէմքը, ապա գաղջ ջուրով մաքրեցէք զայն:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
ա.-Կրիփի կամ շնչառական հիւանդութիւններու պարագային, հում սոխը «ծեծել», մաքուր լաթի մը մէջ դնել եւ շնչել՝ որքան հնարաւոր է:
բ.-Եթէ զգաք, որ անգարը (միկրէն) կը մօտենայ ձեր ճակատին եւ քունքերուն՝ սոխի շերտեր դրէք:
գ.- Պնդութեան, թութքի, աղիքներու խանգարումի, ինչպէս նաեւ որպէս ընդհանուր ապաքինող միջոց՝ պէտք է խմել թարմ սոխի քամած հիւթ, մէկ թէյի դգալ, օրը 3-4 անգամ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԵՂԱՏՈՄՍԵՐ
ա.-Ականջի բորբոքումի պարագային, օգտագործել սոխի հիւթով թրջուած բամպակի խծուծներ, իսկ հարբուխի ժամանակ այդ խծուծները զետեղել ռունգերուն ծայրը:
բ.-Թարմ սոխի խիւսի քոմփրեսներ օգտակար է դնել թարախային վէրքերու եւ խոցերու վրայ:
գ.-Սոխի հիւթը կ'արագացնէ մազերուն աճը, կը զօրացնէ անոնց արմատները, եթէ շաբաթը առնուազն երկու անգամ զանոնք շփենք հում սոխի հիւթով:
դ.- Սոխի կեղեւին եփուկը կ'անհետացնէ թեփը:
ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՆ ԴԻՒՐԱՑՆՈՂ ՀՆԱՐՆԵՐ...
-Փեփսիի կամ կազով որեւէ խմիչքի բացուած եւ չամբողջացած շիշ մը շատ արագ կը կորսնցնէ իր ուժը: Որպէսզի աւելցած փեփսին յառաջիկայ ժամերուն պահէ իր պղպջակները, շիշը գլխիվար զետեղեցէք սառնարանին մէջ: Կ'արժէ փորձել...
Հորիզոնական.
1-Պատկերով ներկայացուած գրողին բուն անունը (1821-1888):
2-Մայրաքաղաք - մեծ - առանց լծորդութեան՝ բոլորել, գալարել (հակ.):
3-Կէս՝ թոյլ, ծոյլ - կլլել - խորհրդական:
4-Հիացում - պոչատ՝ համաձայն (հակ.) - 1090:
5- Չափի տեսակ - Արական օտար անուն - գործող:
6- Կաւեղէն վառարան - սուաջիլ, նքողիլ:
7- Բծիծ - շաղկապ - արեւ:
8- Գրականութեան չաստուածը (հակ.) - գեղեցիկ արքայ - հոն՝ ուր Տէր
Յիսուս ջուրը գինիի փոխեց:
9- «շ»-ին դրացիները (հակ.) - դնդեր - հոմանի:
10- Անկարեւոր - միամօր:
11- Իգական օտար անուն - 4321 - կրկնուած բաղաձայններ - ծառի
պտուկ (հակ.):
12- «.....-ն կամք քո» - տախտակի շերտ - անձնական դերանուն - «դ»-ին
դրացիները:
13- Ճրագ, բազմակ - կրկնուած ձայնաւորներ - արջառ:
14- Կանկառ - կրկնուած բաղաձայններ:
15- Աստուածաբանական ճեմարան - գլխատ՝ հիլուն - անձնական
դերանուն:
16- 4320 (հակ.) - պատկերուած գրողին մահացած վայրը - արագին
հակառակը:
Ուղղահայեաց.-
1- Ակնկալութիւն - պատկերուած գրողին առաջին վէպը (2 բառ):
2- Թշնամի - կապոց - հանքային համեմ - էական բայ:
3- Իրարյաջորդ տառեր - դրամանիշ (հակ.) - անխորհուրդ:
4- Պահուիլ, ծածկուիլ - աւելցուք:
5- Իգական հայկական անուն (հակ.) - Սիամանթոյի ծննդավայրը - 4220 (հակ.):
6- Իրարյաջորդ տառեր - չոր, ցամաք - Այբուբենէն:
7- 575 - Հայաստանի լիճերէն (2 բառ):
8- Մահմետական - 421 - այծեձագ:
9- Փորը պարապ՝ խարտեաշ - խօսք - պոչատ՝ խօսակցութիւն:
10- Նախանձ - percentage:
11- Այրը կամ կինը մեռած - թոյլ կեղեւով հաւկիթ:
12- Չափի տեսակ - կօնք - 460:
13- Մխացող ածուխ - ալեծուփ - բեւեռաքաշ (հակ.):
14- 4601 (հակ.) - գարշիլ - իրար
10 ԽՐԱՏՆԵՐ
ԴԱՍԻ ՄԷՋ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼՈՒ
Կեդրոնացումը շատ կարեւոր է ուսման եւ գործի մէջ յաջողութիւն գտնելու համար:
Այսօր գիտնականներ կը խրատեն աշակերտները 10 բանալի միջոցներով, որոնք կ’օգնեն լաւ կեդրոնացում մշակելու համար:
1-Մտքի ցրուածութենէ հեռանալ: Այս հարցէն շատեր կը տառապին, որու պատճառն է արօրեայի ճնշումներն ու հարցերը, արթուն երազները եւ շինծու երեւակայութիւնը:
2-Բաւարար Քնանալ: Ֆինլանտական նորագոյն սերտողութիւնները կը շեշտեն թէ անբաւարար քունը կը պակսեցնէ մտքի կեդրոնացման կարողութիւնը, ըլլայ՝ գործի, կամ՝ դաս սորվելու մէջ:
3-Հեռատեսիլը...: Մարէ՛ եթէ կ’ուզես գործդ եւ դասդ արագ վերջացնել:
4-Նպատակներ ունեցիր անձիդ համար՝ յստակ, գործնական եւ կիրարկելի: Մէկ նպատակ մէջտեղ բերելը կը մղէ յաջորդ նպատակակէտին:
5-Դասաւորէ քեզի պատկանող անձնական իրերդ:
6-Դուն քեզի քաջալերէ ու գնահատէ:
7-Կարճ հանգիստ ու դադար առ վերանորոգելու ուժդ
երբ յոգնած կը զգաս ու սպառած:
8-Առողջ հաղորդակցութեան հմտութիւնը զարգացուր:
9-Մարմինդ առոյգ ու աշխոյժ պահէ, մարզանք ըրէ, որովհետեւ մտային կարողութիւնները կը բարելաւէ:
10-Գերմանական նոր ուսումնասիրութիւններ կը շեշտեն թէ բաւարար չափով ջուր չխմելը գործի կամ դասի ընթացքին, կեդրոնացումը կը տկարացնէ, հետեւաբար բժիշկներ կը թելադրեն օրական նուազագոյն 1,5 լիդր ջուր խմել:
Համադրեց՝ եւ Թարգմանեց՝
Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան
[Back to News]
News
Contact Us
