ՅԻՇԵԼ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ՝

Home Page / Magazine / ՅԻՇԵԼ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ՝



 

 

                                                                                                                                         Յունուար-Փետրուար 2012

ՅԻՇԵԼ՝

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ

 

Ահաւասիկ նոր տարիին ամիս մըն ալ անցաւ եւ մեզմէ շատեր մոռցանք մեր առած որոշումները եւ կամ ցախողեցանք իրագործել նոր տարուան սեմին առնուած որոշումները:

Սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, տակաւին ունինք 11 ամիսներ, եթէ Աստուած կեանք տայ եւ ապրինք:

 

Յիշենք եւ ջանանք կատարել կարեւոր որոշումներ.-

 

1- Օրերնիս Աղօթքով Սկսինք: Մարկ. 1.35-ին մէջ կը տեսնենք թէ Տէր Յիսուս առաւօտ կանուխ աղօթք կ’ընէր:

   Աստուած շնորհք կ’ընէ եւ հանգիստ գիշերէ ետք, աչքերնիս կը բանանք Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին: Ուրեմն, հետեւելով Տէր Յիսուսի մեր օրը աղօթքով սկսինք եւ յանձնուինք Ամենագէտ եւ Ամենակարող Երրորդութեան Աստուծոյն որ կը պահէ եւ կը խնամէ Իր զաւակները:

 

2-Կեանքի  Դժուարութիւնները Եւ Փորձութիւնները Դիմագրաւենք Աստուծոյ Խօսքով: Մատթ. 4.1-10 համարներուն մէջ կը տեսնենք Տէր Յիսուս փորձուեցաւ, բայց Աստուծոյ խօսքով յաղթեց:

   Կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, մարտահրաւէրներով եւ փորձութիւններով: Տէր Յիսուսէ օրինակ առնենք եւ Իր խօսքով դիմագրաւենք կեանքի փորձութիւնները, քաջ գիտնալով թէ յաղթական դուրս պիտի գանք:

 

3-Լուսաւորենք Շրջապատը: Եթէ սենեակի մը մէջ շատ զօրաւոր լոյս ըլլայ, մարդիկ պիտի չկարենան տեսնել: Նոյնպէս շատ տկար լոյսը չի լուսաւորեր եւ դժուարութեան կը մատնէ մարդիկ որ կարենան տեսնել:

   Տէր Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը... այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատթ. 5.14,16):

  

    Հաւատացեալը կանչուած է լուսաւոր կեանք ապրելով լուսաւորելու Իր ապրած շրջապատը, որպէսզի մարդ արարածը մթութեան մէջ չխարխափի:

 

   Հետեւաբար՝ երիտասարդներ, չափահասներ, պատանիներ եւ ծերեր, այլ խօսքով՝ իւրաքանչիւր անհատ կանչուած է Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյսով լուսաւորել իր ապրած միջավայրը:

 

   Ուրեմն, Աստուծոյ մեզի շնորհած օրերը աղօթքով սկսինք եւ Աստուածաշունչին հիման վրայ դիմագրաւենք ամենօրեայ փորձութիւններ եւ ապա լուսաւոր կեանք ապրինք:

 

   Ի՞նչ որ էր մեր առած որոշումները, յիշենք թէ կանչուած ենք մեզի շնորհուած օրերը ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

                                                                                                    Վեր.Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ...

*Որքան կ’ուսումնասիրենք կեանքը եւ գրականութիւնը, այնքան ուժգնօրէն կը զգանք, թէ հրաշալի իրերու ետին կայ մարդ անհատը, եւ վայրկեանը չէ, որ մարդը կը կազմէ, այլ մարդն է, որ դարը կը կազմէ:

*Իմաստուն մարդիկ աշխարհին կը յարմարին: Անոնք, որոնք կ’ուզեն աշխարհը իրենց յարմարեցնել, ի զուր տեղը կը չարչարուին:

*Առաքինութիւնը մոլութիւններ չ’ունենալուն մէջ չի կայանար, այլ զանոնք զսպելու մէջ:

*Իրաւունք չ’ունինք երջանկութիւն պահանջելու, եթէ մենք չստեղծենք զայն, ինչպէս որ իրաւունք չ’ունինք ծախսելու այն դրամը, զոր մեր ճիգով շահած չենք:

*Ուժեղ սէր կարելի չէ ըմբռնել, առանց երկու կողմերու ամբողջական ներդաշնակութեան:

*Իրական մեծութիւնը բնաւ չ’իյնալուն մէջ չէ, այլ ամէն անգամ իյնալէն ետք ելլելուն մէջ:

*Մարդիկ կան, որոնք օժտուած են ոչ թէ խօսելու կարողութեամբ, այլ լռելու անկարողութեամբ:

*Դու առաջին լսողը միշտ, վերջին խօսողը եղիր:

*Առանց երաժշտութեան սխալ պիտի ըլլար կեանքը:

                                                                                                        Հաւաքեց՝

                                                                                             Օրդ. Ալինա Վարդանեան

 

 

 

Հ Ա Յ   Մ Ե Ծ   Բ Ժ Ի Շ Կ Ն Ե Ր Է Ն՝

 

ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

Մեր այս բժշկապետը ծնած է Պարսկաստանի Խոյ կամ Հեր քաղաքին մէջ: Հաշուարկումով եկած են այն քննական եզրակացութեան թէ ան ծնած ըլլալու էր 1118 թուականին:

Մխիթար Հերացին յայտնի չէ թէ ու՛ր առած է իր բժշկական ուսումը: Բայց յայտնի է, որ ան ապրած ու գործած է Հայկական Կիլիկիոյ մէջ ու վայելած մօտիկ բարեկամութիւնը Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսին:

Այսօր Հերացիի անունով կը կոչուի Հայաստանի Բժշկական Համալսարանը արդէն քանի տասնամեակներէն ի վեր:

Ատենին Հայաստանը մեծ շուքով տօնեց անոր ծննդեան 850 ամեակը:

Հերացին բացի իր մայրենի լեզուէն քաջ գիտէր արաբերէն, պարսկերէն եւ յունարէն լեզուները:

Ան տիրապետելով բժշկութեան տեսական ու կէտառական արուեստին ժողովրդականացուցած է այս օգտաշատ գիտութիւնը:

Իր ժամանակին լաւագոյնս տիրապետելով բժշկական արուեստին զինք կոչած են բժշկութեան հայր:

Հայոց միջին դարերը 10-14 դարեր հարուստ են մեծ ծնունդներով.- Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գօշ, Մխիթար Հերացի, Գրիգորիս, Ներսէս Շնորհալի, Գրիգոր Նարեկացի, Ֆրիկ, Երզնկացի եւայլն...

Առաջին անգամը չէր, որ մեր ժողովուրդը խմբական մեծութիւններ կուտար: Այդպէս եղաւ Ոսկեդարուն երբ Սահակով, Մեսրոպով, Վրամ-շապուհ արքայով բարձրութեան հասաւ մեր ժողովուրդը եւ մենք գիրերու գիւտով ունեցանք Ս. Գիրքի թարգմանիչները, որոնց գործը կոչուեցաւ Թագուհի Թարգմանութեանց:

Մխիթար Հերացին լաւագոյնս տիրապետած էր Արաբական, Յունա-հռովմէական, Բիւզանդական բժշկութեան յաջողութեան մանրամասնութիւնները: Գիտէր Արիստոտէլը, Հալէնը, Օրիբազը, Ռազէսը, Իպն Սինան, անոնց աշխատութիւններով:

Անոր դարակազմիչ գիրքը կը կոչուէր «Ջերմանց Մխիթարութիւն»:

Հերացին իր գործերը գրած է ժողովրդական լեզուով այլ ոչ գրաբար, որպէսզի հասկնալի ըլլար ժողովուրդէն:

Մեր բժշկութեան հօր գրած այս գիրքը մինչեւ օրս ալ կը պահէ իր արժէքը: Ան քաջատեղեակ էր մալարիայի ծագման ու բուժման մանրամասնութիւններուն, թոքերու բորբոքումին ու բուժման եղանակներուն:

Մխիթար Հերացիին այս յիշեալ գիրքը գտնուած է Պոլսոյ մէջ 1727 թ.ին եւ տպուած է Վենետիկի մէջ 1832 թ.ին:

Պոլսահայ մեծահռչակ Բժշկ. Վահրամ Թորգումեանը Փարիզի Բժշկական Համալսարանի սրահին մէջ դասախօսութիւններ կատարած է

Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց Մխիթարութիւն» գործին շուրջ եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած հեղինակին անուան ու գործին մասին:

1908 թ.ին Գերման Բժշկ. Էրնէստ Զէյգել Հերացիի այս գործը թարգմանած է Գերմաներէնի, ապա նոյն գործը Ռուսերէնի թարգմանուած է 1641 թ.ին:

Հերացին աշխատած է Կիլիկիոյ Սիսի եւ Հռոմկլայի մէջ, Ներսէս Շնորհալիի եւ Գրիգոր 4րդ Տղայի  հովանաւորութեան տակ:

10րդ դարի բժշկապետ արաբ պատմիչը գրած է.- «Հայերը ունին փորձուած բժիշկներ, որոնք հարուստ են ու փայլուն իրենց բժշկական գիտելիքներով»:

Ներսէս Շնորհալին հաստատած է որ Մխիթար Հերացին ոչ միայն բժշկապետ էր լոկ, ան միաժամանակ աստղագէտ ալ էր:

                                                                                                                          Պատրաստեց՝

                                                                                                                Բժշկ. Թորոս Թորանեան

*    *    *    *    *

 

 

 

Գ Լ Խ Ա Ց Ա Ւ Ը

 

Բոլորիս ծանօթ գլխացաւը շատ ընթացիկ անհանգստութիւն մըն է, որ քրոնիք դառնալու պարագային, կը վերածուի անտանելի տանջանքի մը:

 

Գլխացաւին պատճառները այլազան են, եւ հակառակ որ անգարի (միկրէն) դարմանումը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, բայց եւ այնպէս ցարդ վերջնական լուծում մը գտնուած չէ անոր:

 

Այսօրուան «մեղմ բժշկութիւն» սիւնակով կու տան սովորական գլխացաւը դարմանող բնական միջոցներ, որոնք միշտ ալ ընտանեկան բժիշկին հաւանութեան կը կարօտին: Օրինակ.-

1-Հանգիստ դիրքով պառկեցէք եւ կարելի եղածին չափ թուլցէք: Աշխա-տեցէք շնչել հնարաւոր եղածին չափ խորունկ՝ բարելաւելու համար արեան շրջագայութիւնը:

2-Ճակատին կաղամբի տերեւ դրէք ու կապեցէք:

3-Մեղրամոմով «գլխարկ» պատրաստեցէք եւ դրէք ձեր գլխուն:

4-Քունքերը շփեցէք կիտրոնի կեղեւով:

5-Խնձորի քացախին ջուր աւելցուցէք եւ դրէք կրակի վրայ, եւ երբ շոգին բարձրանալու սկսի, ձեր գլուխը ծռեցէք ամանին վրայ եւ 75 անգամ շնչեցէք:

6-Սխտորը խորովեցէք, ճզմեցէք եւ զետեղեցէք քունքերուն վրայ:

7-Գաւաթ մը լեղի սուրճ խմեցէք:

8-Քունքերը շփեցէք անուշահոտով:

9-Բաժակ մը տաք ջուր խմեցէք:

10-Գետնախնձորի շերտեր դրէք ճակատին ու լաթով մը կապեցէք:

11-Մաքուր լաթ մը ամուր կապեցէք ձեր ճակատին:

12-Պատշգամ ելէք եւ մաքուր օդ շնչեցէք:

ԸՍԻ ԸՍԱՒ...

Ես ըսի, ան ըսաւ

Միւսը, երբ որ գիտցաւ՝

Վրան պիպերը դրաւ

Ու խնդիրը մեծցաւ.

Հոս-հոն տարածուեցաւ:

 

Խօսքը եղաւ ձիւթի նման,

Ծամուեցաւ բերնէ բերան

Անունները մնաց միայն

Հրապարակին ճի՛շդ «օրթան»:

 

Այս ինծի համար մեծ դաս մըն է,

Ասկէ յետոյ մէ՛կը ի՛նչ ալ լսէ,

Իր երկար լեզուն պէտք է առնէ

Գրպանը դնէ, «զիպ» ով գոցէ

Որպէսզի ամէն տեղ չփոխանցէ:

 

Ընկեր մընկեր կը հարցնենք,

Ո՛րեւէ թարմ լուր մը կը փնտռենք,

Եւ երբ որ մեր ուզածը գտնենք,

Ցորենի հատիկը կը ծեծենք

Մինչեւ որ քեշքեկ դարձնենք:

 

Մենք՝ Հայերս, մի՛շտ այսպէս ենք

Ըսի ըսաւը շա՜տ կը սիրենք.

Մեր օրերը անով կ’անցընենք:

 

Հիմա ըսէ՛ ինծի, ո՛տքդ պագնեմ,

Նոփնոր լուր մը ունի՞ս լսե՛նք...:

 

 

 

ՉՈՐ ՄԻՐԳԵՐԸ ՄԵՐ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Կաղանդի եւ նոր տարուան հետ, այդ օրերուն մեր տուներուն, սեղաններուն վրայ իրենց արժանավայել տեղը կը գրաւէ չոր միրգերու կողովը կամ ամանը, լեցուն կաղինով, նուշով, ընկոյզով, պիստակով շագանակով եւ ասոնց ընտանիքին պատկանող տեսակ-տեսակ ուտելիքներով: Սակայն երբ տօնական օրերը կ’անցնին, կողովը կը վերցուի մէջտեղէն եւ անոր մէջինները կ’երթան հանգչելու սառնարանին կամ խոհանոցի պահարանին դարակներէն մէկուն մէջ: Բայց նկատի առնելով անոնց սննդական արժէքները, պարբերաբար պէտք է նկատի առնուին անոնք մեր սննդառութեան մէջ, անշուշտ քիչ քանակութեամբ: Այս ուտելիքներէն իւրաքանչիւրը սննդարար բան մը ունի իր մէջ, անոնք կը գործածուին զանազան անուշեղէններու եւ ճաշերու պատրաստութեանց մէջ, նաեւ կ’ուտուին բոլորովին առանձին:

 

Նուշը, որ երկու տեսակ կ’ըլլայ, լեղի եւ անուշ:

Լեղիէն կը հանուի ձէթ, իսկ անուշը կը գործածուի կերակուրներու եւ անուշեղէններու մէջ: Նուշը կը պարունակէ A եւ B կենսանիւթերը: Եթէ ծեծուի աւելի դիւրամարս կը դառնայ, խորոված եւ աղուած նուշը կրնայ փոխարինել սուրճը: Նուշը կրնայ բռնել նաեւ միսին տեղը:

Ընկոյզը՝ իր մէջ կը պարունակէ C կենսանիւթը.

կը պարունակէ իւղ եւ երկաթ. եթէ կանաչ է կրնաք անուշ պատրաստել, եթէ չորնայ կ’ուտուի միջուկը, կրնայ բռնել միսին կամ հացին տեղը: Երբ միջուկը կը գտնէք նկատի առէք որ հինցած չ’ըլլայ, որովհետեւ օթեկը լեղի կ’ըլլայ եւ օճառի հոտ կ’ունենայ: Ընկոյզն ալ կը գործածուի կարգ մը ճաշերու, կարկանդակներու պատրաստութեան մէջ:

Պիստակը չենք կրնար հեռու ձգել ասոնցմէ: Պիստակին

տեսակները շատ են, սակայն մեզի շատ ծանօթներն են գետնապիստակը

(խոզակի ձեւով) եւ Հալէպի պիստակը: Առաջինը կ’ուտենք առանձին, բայց երկրորդը կը գործածուի անուշեղէններ զարդարելու համար: Պիստակէն կը հանուի ձէթ: Ան կը պարունակէ սպիտակուց եւ այլ կենսանիւթեր:

Կաղինը՝ կը պարունակէ A եւ B կենսանիւթերը,

նաեւ իւղ, կ’ուտուի առանձին, այլ կուտեղէններու շարքին:

Շագանակը՝ կ’ուտուի հում կամ խարկուած վիճակի մէջ,

կը գործածուի ճաշերու, մանաւանդ հնդկահաւի պատրաստութեան

մէջ: Ասիկա կը գործածեն ճերմակ հացերու պատրաստութեան մէջ:

Այս բոլորը գիտնալէն ետք ճաշակենք զանոնք, սակայն երբ կը տեսնենք թէ անոնք ծանր կու գան մեր ստամոքսին, այդ օրը զանց առնենք օրուան ճաշը եւ վստահ որ արդիւնքը դրական կ’ըլլայ: Իսկ եթէ չենք ուզեր առանձին ուտել, գործածենք մեր անուշեղէններուն, կարկանդակներուն մէջ, անոնց տալով որոշ համ մը:

ԵՐՋԱՆԻԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

6 ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1-Իրար հետ քաղաքավարութեամբ եւ քնքշութեամբ վարուիլ.

Օրինակի համար, կատարած ծառայութեան մը համար

շնորհակալութիւն յայտնել, ջերմութեամբ բարեւել կամ իր

առօրեային մանրամասնութիւններուն մասին

հետաքրքրութեամբ հարցնել:

2-Իւրաքանչիւրը իր բարեկամներու շրջանակը վայելել, որոնց հետ ուրախ կը զգայ (պայմանաւ որ զանոնք չնախընտրէ իր կողակիցէն աւելի):

3-Իրենց նախասիրութիւնները զարգացնել, ինչ որ կ’ամրապնդէ ուրախութեան հորմոնի արտադրութիւնը, որուն դրական ազդեցութենէն երկուքն ալ կ’օգտուին:

4-Գոյութիւն ունեցած նիւթական վիճակով գոհանալ մինչեւ որ կարողութիւնը (եւ իսկական փափաքը) ըլլայ զայն բարելաւել:

5-Ոչ-ծախսալից գործունէութիւններ վայելել միասին, ինչպէս գիշերը հաճելի ֆիլմ մը դիտել կամ ընտանեօք բացօդեայ պտոյտի մը երթալ:

6-Ջանք թափել դրականօրէն մտածելու, ինչ որ կ’օգնէ լաւ ընտանիք մը կազմելու՝ հակառակ դիմակալած առօրեայ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն:

 

ՋՂԱՅՆԱՑԱԾ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻ ՔՆԱՆԱՐ

Օրուան ընթացքին ունեցած բացասական զգացումներդ, ինչպէս որոշ պատահարէ մը կամ անձէ մը ջղայնութիւնդ եւ նեղութիւնդ, արտայայտէ եւ հետդ անկողին մի տանիր գիշերը, որպէսզի աւելի հանդարտ եւ հանգիստ քուն մը ունենաս:

Բացասական զգացումները մէջդ «թաղուած» պահելը՝ կը բարձրացնէ լարուածութիւն եւ ճնշուածութիւն պատճառող հորմոնին տոկոսը, ինչ որ անքնութիւն կը յառաջացնէ, ինչպէս նաեւ առողջապահական գետնի վրայ շարք մը նեղացուցիչ եւ անբաղձալի արդիւնքներ կ’ունենայ:

*   *   *   *   *

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍԷՐԸ հակառակ է աշխարհի սիրոյն: Քրիստոս կը սիրուի՝ երբ մեզմէ ճանչցուի, իսկ աշխարհ կը սիրուի՝ երբ մեզմէ ճանչցուած չէ:

    Քրիստոս կ’ատուի՝ երբ չէ ճանչցուած, իսկ աշխարհ կ’ատուի՝ երբ ճանչցուած է:

   Ասկէ կարելի է հետեւցնել թէ միայն մտքով կոյրերը կ’ատեն Քրիստոսը եւ կը սիրեն աշխարհը, իսկ լուսաւոր մտքերը կը սիրեն Քրիստոսը եւ կ’ատեն աշխարհը:                                                                   

                                                                                                    Մխիթար Աբբահայր

 

 

ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Զանազան տարիքի փոքրիկներ, ունին տարբեր տեսակի կարողութիւններ՝ հասկնալու եւ սորվելու...

 

2 – 4 տարիքի փոքրիկները

ՈՒՂԵՂՈՎ.

- Այս տարիքի պզտիկներուն հետ պէտք է խօսինք կարճ նախադասութիւններով, որովհետեւ անոնց ուղեղը կրնայ սորվիլ կարճ նախադասութիւններ, համարներ, եւայլն...: Նաեւ անոնց կեդրոնացումը կարճ կ’ըլլայ եւ կ’ուզեն միշտ նոր բաներ սորվիլ:

 

ՄԱՐՄՆՈՎ.

- Կ’ուզեն սորվիլ շօշափելով, զգալով եւ շարժելով:

- Անոնք շատ շուտ կը յոգնին: Անոնց մարմինը տկար կ’ըլլայ, որովհետեւ աճման շրջանի մէջ են:

- Չեն կրնար բոլոր խաղերը ճիշդ խաղալ:

- Դժուար կը հասկնան եւ դանդաղ կը շարժին:

 

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿԻ ՄԷՋ.

-Չեն կրնար հասկնալ յաղթելու եւ պարտուելու իմաստը:

-Եթէ իրենց տարիքով պզտիկներու հետ ըլլան, աւելի կը մասնակցին եւ աւելի կը կեդրոնանան:

-Մայրը եւ Հայրը իրենց համար կեանքի ամենէն ճիշդ եւ կարեւոր անձնաւորութիւններն են:

 

ԸՄԲՌՆՈՒՄՈՎ.

-Կրնան ըմբռնել Աստուծոյ սէրը իրենց հանդէպ:

-Կրնան հասկնալ շիտակին  եւ սխալին տարբերութիւնը:

-Կրնան հասկնալ որ պէտք է ներուին (ներուելու գաղափարը):

-Կրնան ընդունիլ Յիսուսը որպէս ներող անձ: 

Անշուշտ այս բոլորը իրենց ուղեղին կարողութեան սահմաններուն մէջ:

 

   Այս բոլորին կողքին, փոքրիկը կ’ակնկալէ խօսած ժամանակ իրեն ուշադրութեամբ մտիկ ընել, աչքերուն նայիլ եւ անպայման իր պատմած նիւթին շուրջ հարցում հարցնել:

 

Մեր պարտականութիւնը ըլլայ միշտ իրենց համար աղօթել:

                                                                                                          

                                                                              Շարունակելի...

    (Դասընթացքի մը ընթացքին սերտուած նիւթ)              

                                                                                        Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Շանթ Ակիշեան

 

 

 

 

 

ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆ

                                             Պատրաստեց՝ Տիկ. Մարինա Պասմաճեան

 

Մասնակցիր «Շող»ի մրցանքներուն եւ ստացիր արժէքաւոր նուէրներ :

Պատասխանը յանձնել Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ գրասենեակ մինչեւ

26  Փետրուար, 2012 եւ արդիւնքները տեսնել  յաջորդ թիւին մէջ:

 

Իւրաքանչիւր մրցանք ունի նիշեր, մինչեւ Յունիս 2012ի աւարտին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի վերջին պաշտամունքին,  բոլոր մրցանքներուն բարձր նիշ հաւաքողը կը ստանայ գեղեցիկ նուէր մը:

 

 

Անցնող Ամսուայ «ՇՈՂ»ի Մրցանքին Արդիւնքները...

                                        Ա. Մրցանք (200 նիշ)   

         -Նանոր Պարտագճեան  195            -Յովիկ Պարտագճեան 195                

         -Մեղեդի Տէր Պօղոսեան 195            -Վարս Մկրտիչեան 195   

         -Շողեր Գերպապեան     195             - Արթիւր Մազլումեան  175                                                                   

         -Բալիկ Թաշճեան  155                      -Սարին Թաշճեան 155                     

 

ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱՆՔ...

Պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն:                                   (40 Նիշ)

1-Ո՞վ են հետեւեալները.-

               ա-Հարկահաւաք Երիքով քաղաքէն.

               բ-Տէր Յիսուսի ամենէն սերտ բարեկամը.

               գ-Յուդայի կառավարիչը Յիսուսի ժամանակ.

               դ-Հերովդէս Անդիպասի կինը որ կ’ատէր Յովհաննէս Մկրտիչը.

 

2-Յիշէ վայրերը.-                                                                               (40 Նիշ)

               ա-Յովսէփի եւ Մարիամի ապրած տեղը.

               բ-Յիսուսի ծննդավայրը.

              գ-Յովհաննէս Մկրտիչ հազարաւոր մարդիկ մկրտեց.

              դ-«Խաղաղութեան քաղաքը» հոն Յիսուս դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ.

3-Միացուր երկու սիւնակները.-                                                        (20 Նիշ)

                        Ա.                                                                Բ.

ա-Թիւերով շատ կը սիրէր զբաղուիլ                                  Անդրէաս

բ-Չսիրուած հարկահաւաք                                                 Յովհաննէս

գ-Յիսուսի սիրելի աշակերտը                                            Փիլիպպոս

դ-Ձկնորս                                                                                                  Մատթէոս

ՆԱԽՈՐԴ ՄՐՑԱՆՔԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ...

Քարէ դարը – Առածը – Հաստաբուն – Ծամոն ծամելը – Մխիթար Հերացին- Հեռագիրը – Արքայիկը – Սափորը – Փիղեր են – Հիւսիսը – Երուանդ Քոչարը – Կապուտան – Արմատը – Ջուր էր գալիս – Վերնատուն – Որակական – Որմնադիր – Որջ – Չինաստան – Պանթէոն – Յովհաննէս Շիրազ – Սոխակ – Սողոմոն – Վոլէյպոլ – Սուրհանդակ – Պետրոս – Պարահանդէսի – Պարսատիկ – Արա – Շապիկ – Սերժ Սարգիսեան – Չարը – Օձը – Որոտան – Խորհուրդը – Լոյս – Եղիսաբէթ:

 

Պատկերը՝  Աքլոր

 

 

 

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք Յակոբեան)

Ծննդեան 175 Ամեակ

Ծնած է 1837 թ. Պարսկաստանի Ատըրպատական նահանգի Սալմաստ Գաւարի Փայաջուկ գիւղին մէջ: Հայրը, որ վաճառական էր, իր փայլուն օրերուն կառավարած է ամբողջ Փայլաջուկ գիւղը եւ ունեցած է 13 զաւակներ, 4 մանչ, 9 աղջիկ: Րաֆֆին՝ անդրանիկը եղած է բոլորին, եւ այս պատճառով ալ կանուխէն իր ուսերուն ինկած է ընտանիքին բեռը:

Նախակրթութիւնը ստացած է իր գիւղին մէջ, վանեցի վարժապետէ մը: Րաֆֆի սքանչելի կերպով նկարագրած է իր ուսուցիչը «Կայծեր» վէպի առաջին հատորին մէջ՝ «Տէր Թէոդիկ» անունով:

1847-ին մեկնած է Թիֆլիս ստանալու համար իր երկրորդական ուսումը, սակայն չի կրնար աւարտել, որովհետեւ Հօրը գործերը ձախող կ’երթան: Բայց եւ այնպէս ինքնաշխատութեամբ կը շարունակէ կարդալ եւ այսպէսով ան բաւական լուրջ պատրաստութիւն ձեռք կը բերէ: 1857-ին, անոր առջեւ հրաշալի առիթ մը կը բացուի թրքահայաստան այցելելու, ինչ որ իր երազն էր: Ուխտաւոր-ներու խումբի մը հետ կը ճամբորդէ եւ կը տեսնէ Վանը իր Վարագայ վանքով եւ Աղթամարով: Կը ծանօթանայ Խրիմեան Հայրիկին: Կ’անցնի Մուշ եւ կը տեսնէ նշանաւոր Ս. Կարապետ վանքը: Կ’ուսումնասիրէ քիւրտերու եւ թուրքերու լուծին տակ տառապող հայ գիւղացիներուն վիճակը: Այս բոլորը հետագային կ’օգտագործէ իր վէպերուն մէջ:

Րաֆֆիի բոլոր ճիգերը հօրը գործը վերականգնելու համար ի զուր կ’անցնին: 1868-ին վերջնականապէս կը տեղափոխուի Թիֆլիս՝ փակելով հօրը բոլոր գործերը: Շատ թշուառ օրեր կ’անցընէ Թիֆլիսի մէջ՝ իր բազմանդամ ընտանիքը պահելու համար: Այս շրջանին, 1872-ին սկսած էր հրատարակուիլ «Մշակ» թերթը, Գ. Արծրունիին գլխաւորութեամբ: Րաֆֆի կը դառնայ այս թերթին ամենէն բեղմնաւոր եւ սիրուած աշխատակիցը: Անոր համար ապրուստի գրեթէ միակ աղբիւրն էր այս թերթին վճարումները, որոնք զինք կը մղեն անդադար գրելու:

Այսուհանդերձ նիւթական նեղութիւնները զինք կը ստիպեն երեք տարի ետք մեկնելու Թաւրիզ եւ ստանձնելու Արամեան Վարժարանի մէջ ուսուցչական պաշտօն: Երկար չի կրնար մնալ այդտեղ, որովհետեւ իր դէմ հալածանք կը սկսի Թաւրիզահայ եւ Պարսիկ մոլեռանդ պահպանողականներու կողմէ: Պատճառը «Հարէմ» անունով վիպակն էր, ուր Րաֆֆի քննադատած էր արեւելեան բռնապե-տութիւնն ու յետադիմութիւնը: Այսպէսով ան հազիւ կը յաջողի փախուստ տալ եւ նորէն անցնիլ Թիֆլիս: Ան կը շարունակէ իր ապրուստը հայթայթել միայն գրչով: 1884-ին բախում կ’ունենայ Գ. Արծրունիի հետ եւ այս անգամ կ’աշխատակցի «Արձագանգ» թերթին: Նիւթական դժուարութիւնները զինք կը հարկադրեն օրական 16 ժամ աշխատելու, շատ համեստ սնունդով:

Թոքերու բորբոքում կը ստանայ եւ 1888-ին Թիֆլիսի մէջ կը մահանայ:

Անխոնջ աշխատող, մեր գրականութեան այս մեծ դէմքը արտադրած է մեծ թիւով գործեր, որոնք վերջերս Հայաստանի մէջ լոյս տեսան 10 հատորներով: Անոր գործերէն կը յիշենք «Սամուէլ», «Պարոյր Հայկազն», «Կայծեր», «Խենթը», «Ջալալէդդին»: Այս վերջինին նիւթը առնուած է ռուս-թրքական պատերազմէն եւ մեզի կը ներկայացնէ Շէյխ Ջալալէդդինի գործած բարբարոսութիւնները Աղբակ գաւառին մէջ:

Յիշենք նաեւ՝ «Ոսկի Աքաղաղ», «Սալբի», «Խամսայի Մելիքութիւնները» եւ «Ղարաբաղի Աստղագէտը» եւ այլ գործեր, որոնք Հայ գրականութեան գանձարանէն ներս անմահացող արժէք ունին:                                                                                                                 Պատրաստեց՝

                                                                                                                    Պրն. Պարգեւ Սամուէլեան

*   *   *   *   *

 

ԱՅՐ ԵՒ ԿԻՆ. ՄԻԵՒՆՈ՞ՅՆ ՈՒՂԵՂԸ...

Բացի ֆիզիքական տարբերութիւններէ, եւ մկաններու քանի մը քիլօ աւելի կշիռքէն, կիներ իրենք զիրենք կը համարեն հաւասար այր մարդոց: Սակայն կը սխալին: Մարդ արարածին ուղեղը միեւնոյն կշիռը չ’ունի կիներուն եւ այրերուն մօտ: Այր մարդուն ուղեղը 1450 կրամ է, աւելի խոշոր է քան կնկան ուղեղը որ կը կշռէ մի միայն 1300 կրամ: 1982էն ի վեր, շնորհիւ գիտական ուսումնասիրութեան, կնկան ուղեղին յառաջամասը աւելի  խոշոր է եւ ծաւալուն, ինչ որ ջղային դրութեան հաղորդակցութիւնը կը բարելաւէ երկու բեւեռներուն (ուղեղին) միջեւ:

Այդ օրէն ի վեր գիտութիւնը զարգացաւ եւ յայտնաբերուեցան քամերաներ, որոնք ուղեղին գործած պահը կրնան նկարել:

Գոյներու տարբերակներով, նշմարեցին թէ դրութիւնը միեւնոյնը չէ այր մարդոց եւ կիներուն մօտ:

Քամերան նկարած է թէ կիներուն ուղեղը երբ հանգիստի մէջ է, աւելի աշխոյժ է քան այր մարդուն ուղեղը:

Այր մարդուն ուղեղը երբ այս վերջինս կը մտածէ գրեթէ միեւնոյնն է, համեմատաբար կնկան ուղեղին, որ սակայն հանգիստի մէջ է: Ուրեմն, այր մարդոց ուղեղը աւելի խոշոր է, սակայն այդ չի նշանակեր որ աւելի կը գործէ կիներու ուղեղէն:

*    *    *    *    * 

-Հեռախօսի ընկալուչները մանրէի բոյներ են:

Անոնք նաեւ շատ շուտ աղտ կը կապեն:

Հետեւաբար պէտք է տեւաբար մաքրել զանոնք:

Լաւագոյն ձեւը 90 աստիճան ալքոլի մէջ բամպակի կտոր մը կամ մաքուր, փափուկ լաթ մը մխրճել եւ ապա հեռախօսը մանրակրկիտ մաքրելն է: Նախ՝ որոշ չափով մանրէները կը չէզոքանան, եւ ապա՝ հեռախօսը կը գտնէ իր նախկին փայլքը:

 

ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԿՕՇԻԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Մեր հագած կօշիկները, նայած իրենց կրունկին բարձրութեան, կրնան գէշ կամ լաւ անդրադարձ ունենալ մեր ոտքերուն, կռնակին եւ մանաւանդ ողնասիւնին վրայ: Շատերու կարծիքով, բոլորովին առանց կրունկի կօշիկները ամէնէն հանգստաւէտներն են, սակայն մասնագէտներու կարծիքով, ասիկա սխալ համոզում մըն է եւ պէտք չէ չափազանցել անոնց գործածութիւնը,  քանի որ երկար քալելու պարագային կը յոգնեցնեն մեր ներբան-ները: Ճիշդ է, որ բարձրակրունկ կօշիկները յաւելեալ վայելչութիւն կու տան մեր սրունքներուն եւ առհասարակ մեր կրած հագուստին եւ ար-տաքին տեսքին, բայց անոնք գէշ անդրադարձ կ’ունենան մեր ողնասիւնին վրայ եւ, հետեւաբար, հազուադէպօրէն պէտք է կրել զանոնք:

Բոլորին թելադրելի են շուրջ 4 սանթիմեթր բարձրութեամբ

կրունկները, որոնք ոտքը եւ ներբանը կը դնեն հանգիստ

դիրքի մէջ եւ, հետեւաբար, կը հանգստացնեն կռնակը:

Ուրեմն կօշիկի ընտրութեան պարագային պէտք է նկատի առնել վերոյիշեալ կէտերը եւ միշտ նախապատուութիւնը տալ միջակ կրունկով կօշիկներուն: Նոյն առիթով պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ, որ կաշի կօշիկները ամէնէն առողջապահականներն են, նոյնիսկ եթէ անոնք աւելի սուղ կ’արժեն, պէտք է նախապատուութիւնը անոնց տալ:

 

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ.-

*Եթէ ձեր կօշիկները անձրեւէն թրջուած են, զանոնք վառարանին մօտ երբէք մի՛ դնէք, այլ անոնց մէջ թուղթ թխմեցէք, մինչեւ որ անիկա ծծէ ամբողջ խոնաւութիւնը: Այսպիսով թէ՛ կօշիկը չի տձեւնար եւ թէ կաշին բնական ձեւով կը չորնայ ու չի վնասուիր:

*Տէն կօշիկներու արատները մաքրելու համար անոնց վրայ անմիջապէս թալք (փուտր) թափեցէք եւ ամբողջ գիշեր մը այդպէս ձգելէ ետք, յաջորդ օրը խոզանակեցէք, ի հարկին՝ գործողութիւնը կրկնել:

*Փայլուն կօշիկները մաքրելու համար օգտագործել հեղուկ կաթը կամ գարեջուրը, եւ կօշիկները պիտի վերագտնեն իրենց նախկին փայլքը:

*Կտաւէ կօշիկներուն արատները կարելի է մաքրել 90 աստիճան ալքոլով:

 

ԳԻՏԷ՞Ք ԹԷ... Առաջին անգամ սանտալները յայտնուած են Եգիպտոսի մէջ, Ք.Ա. 5000 թուականին: Անոնք առանց կրունկի, բոլորովին տափակ էին եւ կապերով կը հաստատուէին սրունքներուն: Այդ կապերը կ’ըլլային կաշիէ, եղէգէ կամ ոսկիէ՝ փարաւոններուն պարագային:

   Աւելի ուշ Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ սանտալները օժտուեցան կաշի կրունկներով: Տարիներ ետք միայն սանտալները վերածուեցան գոց կօշիկներու, օժտուած՝ փայտէ կրունկներով:

ՏԷՐՈՋ ՀԵՏ ՔԱԼԵԼ

Ի՞նչ կը նշանակէ Տէրոջ հետ քալել:

Անծանօթ հեղինակ մը իր խորունկ փորձառութիւնը այսպէս կը նկարագրէ.-

Օրն սկսէ Տէրոջմով,

Աղօթէ ծնրադրելով,

Սիրտդ վեր բարձրացնելով

Ուր Ինք կը բնակի,

Աղերսելով, խնդրելով

Անհուն սէրն հիանալի:

 

Աստուածաշունչ բանալով,

Պատառիկներ կարդալով,

Միտքդ պարպէ հոգերէ,

Իր քաղցր խօսքով լեցուէ:

 

Օրն շարունակէ Աստուծմով,

Նոյնիսկ զԻնք չտեսնելով,

Ուր որ ըլլաս, ներս թէ դուրս,

Ան հետդ է, կուտայ յոյս:

 

Իր հետ խօսէ միշտ մտքով,

Շնորհակալ հոգիով,

Ամէն բարիք յիշելով,

Անդրադարձիր գովերգով:

 

Օրդ վերջացուր Աստուծմով,

Մեղքերդ խոստովանելով,

Իր խաչին զօրութիւնով

Հին կեանքդ նորոգելով:

 

Երբ գիշերես Աստուծմով

Ան վախերդ կը փառատէ,

Ճնշումներդ կը մեղմացնէ,

Թեւերուն տակ կը պահէ,

Կուտայ քեզի խորունկ քուն,

Հանգիստ ու խաղաղութիւն:         

                          

                                            Թարգմանեց եւ համադրեց՝

                                                        Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան

 




[Back to News]



News

Gallery

Contact Us

Name :
E-mail :
Message :