ՈՎ ԲԱՐԵՐԱՐ
Home Page / Newsletters / ՈՎ ԲԱՐԵՐԱՐՈՎ ԲԱՐԵՐԱՐ
Օրհնեա՜լ, օրհնեա՜լ, դարձեալ օրհնեա՜լ...: Զի՛ս ալ ընդունէ նոյն հաւատքով ու կործանումէս կանգնեցուր զիս, ո՜վ Բարերար: Բժշկէ՛ զիս ախտաւոր հիւանդութիւններէս, ո՛վ Ողորմած: Մահուան եզերքներէն կեանքի դարձուր զիս, ո՛վ Կենդանութիւն: Քո՛ւկդ եմ ես, ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Ապաւինութիւն: Հոգւով մեռածիս՝ շնորհէ յարութիւն եւ կեանք, ո՛վ Անմահութիւն: Դո՛ւն անպակաս Բարութիւն, անսպառ Շնորհ, անփոփոխ ներողութիւն, ամենազօր Աջ, ամենակարող Ձեռք, ամենամօտ Մատ: Կամեցի՛ր, Տէ՜ր, ու պիտի փրկուիմ: Ակնարկէ՛ միայն գթութեամբդ՝ ու պիտի արդարանամ: Ըսէ՛ լոկ խօսքով՝ եւ պիտի մաքրուիմ ու դառնամ անարատ: Մոռցի՛ր չարիքներուս թիւը՝ եւ իսկոյն համարձակութիւն պիտի գտնեմ: Առատաձեռնէ՛, ու Քու վրադ պիտի պատուաստուիմ: Բացարձա-կապէս Քո՛ւկդ է փառքը, ո՛վ Բարերար, յաւիտեան ու յաւիտեանս յաւիտենից.-Ամէն:
Նարեկ – ԽԲ/Բ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ «Խամաճիկներ»...
Կիրակի 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ յատուկ պաշտամունք-ներկայացում մը:
Պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Պրն. Յովիկ Ակիշեան, փառաբանութեան երգերով:
Խամաճիկները ներկայացուցին արաբերէն երգերով ներկայացում մը «Ժպիտ» վերնագրով: Անոնք յիշեցին Աստուածաշունչէն անձեր որոնք կորսնցուցած էին իրենց ուրախութիւնը եւ ժպիտը, ու երբ ունեցան Աստուծոյ սէրը այն ատեն կրկին սկսան ժպտիլ:
Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
Փառք ըլլայ Աստուծոյ այս առիթին համար:
Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Կիրակի, 6 Նոյեմբերին կէսօրուան ժամը՝ 12.30-ին, Ք.Ջ.Միացեալ Պատանեացի Պատանիները հաւաքուեցան Ք.Ջ. Կեդրոն, ունենալու կէսօրուայ ճաշ եւ զրոյց:
Պատանիներ, առաջնորդներու օգնութեամբ, պատրաստեցին օրուան ճաշը եւ խանդավառ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ ճաշեցին:
Պրնք. Յարութ Պարտագճեան եւ Արշակ Հաճեան վարեցին զրոյց մը, որու նիւթն էր՝ «Յարաբերութիւն՝ Պատանի-Պատանուհիներու Միջեւ»: Անոնք լուսաբանեցին ներկա-ները շիտակ ձեւով հաղորդակցելու եւ մտերմանալու իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն հետ:
Բաժանման աղօթքով վերջ գտաւ մտերմիկ հաւաքը կ.ե. ժամը՝ 4.30-ին:
Պատանիներ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
Ք.ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...
Կիրակի, 6 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Օրդ. Հուրի Հաճընլեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» հիմնուած՝ Առակ. 17.22-րդ համարին վրայ: Ան յիշեց թէ ինչպէս հիւանդ մը դեղի պէտք ունի առողջանալու համար, նոյնպէս՝ իւրաքանչիւր անձ Յիսուսի փրկութեան պէտք ունի հոգիի խաղաղութեան համար:
Բժշկ. Գէորգ Գրաճեան փոխանցեց օրուան բժշկական նիւթը՝ «Շողաքննութիւն»: Ան սկիզբը անդրադարձաւ առաջին գործիքին պատմականին եւ ապա շարունակեց յիշելով զանազան արդիական գործիքներ որ օգտակար եղած են յստակացնելու տեսակաւոր հիւանդութիւններ: Նաեւ պարծանքով յիշեց թէ այս գործիքներէն՝ M.R.I.-ը հնարողը Հայ է՝ Ռէյմընթ Տամատեան:
Յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով վերջ գտաւ պաշտամունքը:

