ԽԱՉԱՁԵՒ ԿԱՄՈՒՐՋ
Home Page / Newsletters / ԽԱՉԱՁԵՒ ԿԱՄՈՒՐՋԽԱՉԱՁԵՒ ԿԱՄՈՒՐՋ
Մարդ արարածի կեանքը ճամբորդութիւն մըն է եւ այս կեանքի ճամբուն վրայ, դէպի նպատակ քալած պահուն, կը հանդիպի փոսերու, որոնք կ’արգիլեն իր յառաջխաղացքը եւ յարաբերութիւնը՝ միւս կողմին հետ: Սակայն նոյնքան դրական երեւոյթ է փնտռել, տեսնել եւ գտնել կամուրջներ՝ որոնք երկու կողմերը իրարու հետ հաղորդակից կը պահեն:
Մարդ արարածի իրարու հետ ունեցած փոխադարձ յարաբերութիւնը արգիլող փոսը անձնասի-րութիւնն է որմէ յառաջ կուգան նախանձ, ատելութիւն, ինքնահաւանութիւն եւ շարքը կարելի է երկարել: Երբ «Ես»ը բարձրանայ, մարդ արարածները իրարու կապող կամուրջները կը սկսին քանդուիլ, մարդերը իրարմէ զատող եւ հեռացնող փոսեր բացուելով:
Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հետ յարաբերութեան: Անձնասէր եւ եսասէր մարդը չի կրնար ներդաշնակ յարաբերութիւն ունենալ Աստուծոյ հետ:
Անձնասիրութիւնը կը քանդէ կամուրջներ եւ կը հեռացնէ մարդ արարածը իր Ստեղծիչ եւ Փրկիչ Աստուծմէ, նաեւ իր նմանէն:
Տէր Յիսուս կ’ըսէ.-«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը.մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»: (Յովհ. 14.6)
Այսինքն, թշնամացածները հաշտեցնելու, ատելութեամբ լեցուած հոգիները իրարու մօտեցնելու, մեղաւոր անձը Աստուծոյ եւ իր նմանին հետ մտերմացնելու համար կարիք կայ կամուրջ գործա-ծելու:
Տէր Յիսուս եղաւ խաչաձեւ կամուրջ հաշտեցնելու մարդ արարածը Աստուծոյ եւ իր նմանին հետ:
Մարդ արարածը կանչուած է իր «Ես»ը իբրեւ խաչաձեւ կամուրջ գործածելու, որպէսզի կարենայ ներդաշնակ կեանք ապրիլ Աստուծոյ ու իր նմանին հետ:
Այլ խօսքով, մարդը կանչուած է զոհելու իր «Ես»ը, դիմելու եւ գտնելու Տէր Յիսուսը ու միայն այն ատեն կարելի կ’ըլլայ ունենալ հաշտ, յաջող եւ յաղթական կեանք:
Ս.Ճ.Մ.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 165-րդ ԱՄԵԱԿ-ի առթիւ տեղի ունեցաւ Պաշտամունք-Տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Միութեան Կեդրո-նական Մարմինի (Սուրիոյ Բաժին), Կիրակի՝ 13 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը՝ 7.00-ին, Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ, ներկայութեամբ՝ քոյր Համայնքներու ներկայացուցիչներուն:
Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան առաջնորդեց Պաշտամունքը փառաբանութեան երգերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Սիւզան Աբարդեանի:
Վեր. Եուսէֆ Ճապպուր կարդաց Արաբերէն լեզուով Եկեղեցիի պատմականը: Վեր. Պշարա Մուսա Օղլի Արաբերէն լեզուով կատարեց Աստուածաշունչի ընթերցումը՝ Մատթէոս 16.13-20-րդ համարները: Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանի պատրաստած պատմականը, սահիկներով ցոյց տրուեցաւ ներկաներուն:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փոխանցեց օրուան պատգամը՝ «Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին»: Ան յիշեց թէ Նոր Կտակարանի Եկեղեցին նկարագրուած է զանազան պատկերներով եւ կ’անդրադառնանք որ Աստուած նպատակ մը ունի Եկեղեցիին: Այսօր, 165 տարիներ ետք, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին կը շարունակէ անցեալէն փոխանցուած բոցավառ ջահ-հաւատքը պահել եւ փոխանցել նոր սերունդին: Ան շեշտեց ըսելով. «Կանչուած ենք վերարծարծելու մեզի փոխանցուած հաւատքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Հուրովը եւ նորոգուած սրտով, մտքով եւ հոգիով ու մի միայն Իրմով կրնանք Հաւատարիմ մնալ մեր կոչումին, նպատակին եւ գոյութեան ու կերտել վերածնունդ»:
Տիկ. Բալիկ Գալէմքէրեան-Փոփոֆ բաժին բերաւ երեք մեներգներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Շողակաթ Սէլիմեանի:
Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան իր սրտին խօսքը եւ բարեմաղթութիւնները բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Սելիմեանի Օրհնութեան աղօթքով:
Ներկաները ուղղուեցան սրահ եւ միասնաբար հատեցին 165 Ամեակը խորհրդանշող կարկանդակը:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Ժանէթ Պարտագճեան: Ան որպէս վկայութիւն՝ կարդաց 121-րդ Սաղմոսը, ապա շարունակեց փոխասաց ընթերցումով, փառաբանու-թեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով մը հիմնուած՝ Ա. Յովհաննու 4.19-21-րդ համարներուն վրայ: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան առաջնորդեց շարունակական սերտողութիւնը՝ «Յայտնութիւն Յովհան-նու»-ի 4-րդ գլուխը: Ան անդրադարձաւ երկնքի մէջ կատարուած պաշտամունքին եւ մանրամասն բացատրեց ամէն մէկ նախադասութիւն: Ապա եզրափակեց ըսելով թէ՝ մենք ալ կանչուած ենք նման պաշտամունքներ ընել երկրի վրայ, սրտով, մտքով եւ հոգիով, պաշտելով Ստեղծիչ եւ Փրկիչ Աստուած որ միայն Ինք արժանի է պաշտամունքի եւ փառաբանութեան: Փառքն ու պատիւը միայն Իրեն կը վայելէ: Ետքը մատուց աղօթք:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ բաժանման աղօթքով:
