ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱԼ
Home Page / Newsletters / ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱԼԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱԼ
Եթէ Սաղմոսները կարդալու ըլլանք, պիտի նկատենք Սաղմոսերգուն կը թելադրէ երախտապարտ ըլլալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ: Ան կ’ըսէ. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասնզի բարի է» (Սաղմ. 107.1ա):
Աստուած բարի է Իր ողորմութեամբ: Աստուծոյ ողորմութիւնը ժամանակաւոր չէ, այլ՝ յաւիտենական.«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» (Սաղմ. 107.1բ.):
Ողորմող Աստուած ամէն փառք ձգելով աշխարհ եկաւ մարդ արարածին փրկութեան համար: Ողորմող Աստուած սիրեց մարդ արարածը, իր մեղաւոր վիճակին մէջ. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք» (Հռովմ. 5.8):
Աստուած, Իր ողորմութեամբ, տուաւ մարդ արարածին Իր Միածինը, որպէսզի մարդը յաւիտեան ապրի Իր հետ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմ. 6.23):
Աստուած բարի է Իր ողորմութեամբ եւ մարդ արարածը կանչուած է երախտապարտ ըլլալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ Իր ողորմութեան համար:
Այսօր, որքանով կ’անդրադառնանք Աստուծոյ ողորմութեան:
Ապերախտ չ’ըլլանք, այլ՝ երախտապարտ եւ ապրած կեանքով շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ Իր սիրոյն եւ ողորմութեան համար:
Ս.Ճ.Մ.
«Ճօրճ եւ Սիլվա Նագգաշեան» Ֆօնտ
Շնորհակալութեամբ ստացանք Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիի
«Ճօրճ եւ Սիլվա Նագգաշեան» Ֆօնտի (նախապէս «Անանուն Բարերար»)
2011 տարուան յատկացումը.-
Եկեղեցիի Կարօտեալներուն 37915 Կարօտեալ Ուսանողներուն 5000
Ազգային Պատսպարանին 5000 Հայ Ծերանոցին 5000
Եկեղեցիի Կարիքներուն 5000 Ջանասէրին5000
Տէր եւ Տիկ. Ճօրճ եւ Սիլվա Նագգաշեաններուն
յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:
Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...
Կիրակի, 20 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Յովակ Բարեջանեան, փառաբանու-թեան երգերով եւ սահիկներով ցոյց տուաւ զանազան Եկեղեցիներու պատկերներ:
Վեր. Եուսէֆ Ճապպուր փոխանցեց օրուան պատգամը հիմնուած Հռովմ. 13.1-7 եւ Ղուկաս 20.20-25 համարներուն վրայ: Ան յիշեց թէ մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք եւ կը պատկանինք Աստուծոյ: Քրիստոսի օրէնքներուն վրայ պէտք է քալենք եւ ոչ թէ աշխարհի հետեւինք, նաեւ մեր առաջնահերթութիւնը միշտ Աստուծոյ ըլլայ եւ մեր լաւագոյնը ընենք Իր փառքին համար: Ապա եզրափակեց Ժողովողի 5.8-րդ համարով, որմէ ետք մատուց աղօթք:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից Քայլերգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով:
Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ...
-Կիրակի, 13 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Պրն. Արշակ Հաճեան, փառա-բանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով մը հիմնուած՝ Մատթ. 7.1 եւ Հռովմ. 2.1-2 համար-ներուն վրայ: Ան սահիկներով ցոյց տուաւ անձնաւորութիւններու պատկերներ եւ անոնց արտաքինին նայելով տուաւ սխալ տեղեկութիւններ ներկաներուն, համոզիչ ձեւով, ապա յիշեց՝ «չդատել ուրիշները իրենց արտաքինին նայելով, այլ՝ ընդունինք ինչպէս որ են»:
Պրն. Յարութ Պարտագճեան առիթ տուաւ պատանիներուն, որպէսզի արձանագրեն թղթիկ-ներու վրայ Աստուածաշունչէն անհասկնալի նիւթեր եւ հարցումներ, որպէսզի անոնց պատաս-խանները ստանան յաջորդ պաշտամունքի ընթացքին:Ապա մատուց աղօթք:
-Կիրակի, 20 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Օրդ. Հուրի Հաճընլեան, փառաբա-նութեան երգերով եւ պատմութիւնով մը: Ան յիշեց թէ պէտք է հնազանդինք նախ Աստուծոյ եւ ետքը մեր ծնողներուն:
Պատանեաց առաջնորդներու հրաւէրով, պաշտամունքին ներկայ եղան կարգ մը պատանի-ներու ծնողքներ, եւ չորս մայրերու հետ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը առաջնորդութեամբ՝ Ալին Այնիլեանի եւ Արշակ Հաճեանի:
Պրն. Յարութ Պարտագճեան եզրափակեց զրոյցը թելադրելով որ պատանիներ պէտք է ժամա-նակ անցնեն իրենց ծնողքներուն հետ:
Պաշտամունքները վերջ գտան յայտարարութիւններով, ՊԱ քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ «ԳՈՀԱԲԱՆՈՒ-ԹԵԱՆ ՕՐ»ուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ՝ 24 Նոյեմբեր, 2011-ին, առաւօտեան ժամը՝10-ին, Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս:
Պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Մարալ Իսկէնեան, փառաբանութեան երգերով, 103-րդ Սաղմոսի փոխասաց ընթերցումով եւ վկայութիւնով: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:
Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան փոխանցեց օրուան պատգամը նիւթ ունենալով՝ «Կեանքով Շնորհակալ Ըլլալ»: Ան պատմուածքներով եւ օրինակներով անդրադարձաւ թէ՝ դժուարութիւն-ներու, նեղութիւններու եւ բոլոր պարագաներու մէջ միշտ շնորհակալ եւ գոհունակ ըլլանք: Ապա եզրափակեց նիւթը կարդալով Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.18-րդ համարը:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Տէրունական աղօթքով եւ Պատ. Տէր Սահակեանի Օրհնութեան աղօթքով:
Ներկաները հիւրասիրուեցան Միացեալ Տիկնանցին կողմէ:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆԻՒԹ՝
«Սերունդներու Միջեւ Փոխ Յարաբերութիւն»
(Տարեց, Չափահաս, Երիտասարդ)
Կը ներկայացնէ՝ Տիկ. Մարիա Մսրլեան
Հինգշաբթի, 1 Դեկտ. 2011, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ:
Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն
_Երկշ., 28 Նոյ. 2011, երեկոյեան ժամը՝ 9-ին, Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ :
: Հինգշ.,1 Դեկտ. 2011, առաւօտեան ժամը՝ 9-ին. Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ
ՅԻՇԵՆՔ... Աստուծոյ փառք տալ եւ բաժին մը հանել Եկեղեցիի Բարեսիրական Յանձնախումբի «Մէկ Քիլօ» պաշարի բարեսիրական ծրագրին, որ պիտի բաժնուի Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծնունդի առթիւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ... Առիթով մը.- Տիկ. Ալիս Թէճիրեան (Ա.Մ.Ն.) Եկեղեցիին 5600 ս.ո. Ծնողաց՝ Ասատուր եւ Մաքրուհի, եղբայրներուն՝ Պարգեւ եւ Կարօ Հալլաճեաններուն յիշատակին.- Տէր եւ Տիկ. Յարութիւն եւ Սեդա Հալլաճեան Եկեղեցիին 2000 ս.ո. Իրենց հօր՝ Տիար Եդուարդ Զապունեանի յիշատակին.- Տէր եւ Տիկ. Ճորճ եւ Բերլա Մկրեան Բարեսիրական Ֆօնտին 500 ս.ո. ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Տէր եւ Տիկ. Դանիէլ եւ Մարիէթ Գասպարեաններուն, որ հիւրա-սիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, ծնողաց՝ Գրիգոր եւ Անժէլ Քէյվանեան-ներուն յիշատակին:
[Back to News]
News
Contact Us
