Գ Ա Լ Ո Ւ Ս Տ
Home Page / Newsletters / Գ Ա Լ Ո Ւ Ս ՏԳ Ա Լ Ո Ւ Ս Տ
Եկեղեցական Տօնացոյցին համաձայն, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը տօնելու պատրաստութեան ժամանակաշրջանը, որ կը սկսի Ծնունդէն չորս շաբաթներ առաջ, կը կոչուի՝ Գալուստ:
Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանար Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուն որ պիտի կոչուէր՝ Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան (Ես. 9.6բ.):
Գալուստը յիշեցում մըն է մարդ արարածին, որ չտարուի տարբեր տեսակի պատրաստութիւններ տեսնելով եւ մոռնայ Ծնունդին իսկական արժէքը: Առանց Տէր Յիսուսի, Սուրբ Ծնունդը կը դառնայ կերուխումի առիթ եւ տօն:
Գալստեան շրջանին, հաւատացեալը կանչուած է աղօթքով յիշելու Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհքը որ յայտնուեցաւ Տէր Յիսուսի միջոցաւ եւ Անոր հրաշափառ յարութեամբ յաղթական կեանք շնորհուեցաւ բոլոր անոնց որոնք կ’ընդունին զԻնք որպէս Տէր եւ Փրկիչ:
Եկէք աղօթքով պատրաստուինք դիմաւորելու եւ տօնելու Տէր Յիսուսի Ծնունդը:
Ս.Ճ.Մ.
Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն
-Երկշ. 5 Դեկտ., երեկոյեան ժամը՝ 9-ին, Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ:
-Հինգշ. 8 Դեկտ., առաւօտեան ժամը՝ 9-ին. Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ:
Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ... - Կիրակի, 13 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Օրդ. Մարինա Փոստաճեան, փառաբանութեան երգերով եւ վկայութիւնով մը: Տիկ. Վիքի Փիւրզէկեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Կառավարէ՛ Բարկութիւնդ» հիմնուած՝ Կող. 3.5-14 համարներուն վրայ: Ան յիշեց թէ բարկութիւնը բնածին է , ուշադիր ըլլանք զանազանելու ջղայնութիւնը՝ բարկութենէն: Նաեւ անդրադարձաւ որ երբ բարկանանք մեղք չգործենք, այլ ուշադիր ըլլանք մեր խօսքերուն, որպէսզի մարդոց չվիրաւորենք եւ մեր յարաբերութիւնները սիրով մշակուած ըլլան: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով: -Կիրակի, 27 Նոյեմբերին, Էմմանուէլ Ջանից Վարչութեան հրաւէրով, պաշտամունքին ներկայ եղան Նահատակաց Եկեղեցիի Ջանիցականները: Պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Յակոբ Պօզեագալեան, փառաբանութեան երգերով եւ պատմութիւններով անդրադարձաւ թէ երբ Տէր Յիսուսի հե-տեւինք, այն ատեն շիտակ ճամբու մէջ կը մնանք:
Բժշկհ. Աննա Թահմիզեան փոխանցեց օրուան բժշկական նիւթը: Ան անդրադարձաւ տարրալուծարանէն ներս տարուած աշխատանքին, քննութիւններուն եւ նախ քան քննութեան հիւանդին պարտականութիւններուն: Նաեւ յիշեց տարրալուծարանէն ներս պատահած հարցերն ու սխալները:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի Օրհնութեան աղօթքով:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Սալբի Պօզեագալեան, փառաբանութեան երգերով, 138-րդ Սաղմոսի ընթերցումով եւ խորհրդածութիւնով մը՝«Մեր մնայուն երջանկութիւնը Աստուծմէ կախեալ է»: Նաեւ կարդաց պատմութիւն մը աղօթքի զօրութեան մասին եւ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:
Տիկ. Մարիա Սանոսեան-Մսրլեան, փոխանցեց օրուան հոգեբանական նիւթը՝ «Կնոջ Տարիքային Հանգրուաններու Յատկութիւններ Եւ Անոր Դերը Սերունդներու Յարա-բերութեան Մէջ»: Ան յիշեց թէ կնոջ նկարագիրը կ’անցնի տարբեր շրջաններէ. ինչպէս՝ Երեսունական շրջան. –միջին տարիքի՝ Յիսունական. _Եօթանասունէն ետք: Ապա անդրադարձաւ ամէն մէկ տարիքի ժխտական կէտերուն, առաւելութիւններուն եւ յաղթահարելու միջոցներուն: Զրոյցը վարեց՝ Տիկ. Մսրլեան եւ մասնակցեցան՝ երեք շրջանի սերունդներէ՝ Տիկք. Վարսենիկ Մկրտիչեան, Պէթի Հաթէմ եւ Վիքի Փիւրզէկեան: Անոնք զրուցեցին այս նիւթին շուրջ եւ Աստուածաշունչէն լսելով համարներ, անդրադարձան Եօթը կարեւոր կէտերու.-1-Նախքան խօսիլը ու ընդհատելը մտիկ ընել. 2-Դիմացինը հասկնալու եւ ճանչնալու համար հարցում հարցնել. 3-Յարգանք արտայայտել. 4-Պատուելը ու յարգելը վարժութիւն ընել. 5-Դիմացինը այպանելու՝ նախ մեր մասին խօսիլ. 6-Տալ լաւագոյնը առանց պահանջելու կամ ակնկալելու. 7-Ամէն բանէ առաջ եւ վեր է՝ ՍԷՐԸ:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ Բերնիս Խօսքերը աղօթքով:
Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Կիրակի, 27 Նոյեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Պրն. Յարութ Պարտագճեան:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, պատասխանեց 13 Նոյեմբերի պաշտամունքին, պատանիներուն կողմէ թղթիկներու վրայ արձանագրուած, Աստուածաշունչէն անհասկնալի նիւթերը եւ հարցումները: Ան եզրափակեց ըսելով թէ՝ պէտք է սերտենք եւ գիտնանք Աստուածաշունչը, որպէս հաւատքի կանոն եւ ոչ թէ գիտական գիրք, նաեւ զԱստուած ճանչնալու համար, Աստուա-ծաշունչը հաւատքով եւ վստահութեամբ պէտք է կարդանք:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, ՊԱ քայլերգով եւ Վեր.. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով:
ՅԻՇԵՆՔ... Աստուծոյ փառք տալ եւ բաժին մը հանել Եկեղեցիի «Մէկ Քիլօ» պաշարի բարեսիրական ծրագրին, որ պիտի բաժնուի Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծնունդի առթիւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԷՄՔԵր
« ԱՆՆԱ ԵՒ ԵՂԻՍԱԲԷԹ »
Ներկայացնողներ՝ Ժանէթ Պարտագճեան եւ Մարի Թաշճեան
Հինգշաբթի, 8 Դեկտ. 2011, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ... Ուրբաթ, 25 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը՝ 8.30-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիի Երիտասարդ Զոյգերու Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Եկեղեցիիս սրահին մէջ: Ներկաները տեսաերիզի միջոցաւ դիտեցին եւ ունկնդրեցին Տիար Գէորգ Գրիգորեանը, որ ցոյց տուաւ պատմական Հայաստանի մէջ գտնուող զանազան փլատակ Եկեղեցի-ներ, որ առիթը ունեցած էր պրպտելով գտնելու, այցելելու եւ տեսնելու անոնց քանդուած ցաւալի վիճակները ներկայիս: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի փակման եւ շնորհակալական խօսքով եւ Օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիպումը: Ներկաները հիւրասիրուեցան Յանձնախումբին կողմէ եւ տեղի ունեցաւ հաղորդակցական պահ:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ... Իրենց քրոջ՝ Սիւզի Թուխմանեանի յիշատակին.- Տէր եւ Տիկ. Ղուկաս եւ Ցոլինէ Թաթարեան Եկեղեցիին 1000 ս.ո.
Ամուսնոյն եւ Հօր՝ Տիար Յովհաննէս Պարտագճեանի յիշատակին.- Տիկ. Ժանէթ Պարտագճեան Եկեղեցիին 500 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Յարութ եւ Լիզա Պարտագճեան “ 500 ս.ո.
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Տէր եւ Տիկ. Ղուկաս եւ Ցոլինէ Թաթարեաններուն, որ հիւրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, իրենց քրոջ՝ Սիւզի Թուխմանեանի յիշատակին:
[Back to News]
News
Contact Us
