ՀԶՕՐ ԱՍՏՈՒԱԾ
Home Page / Newsletters / ՀԶՕՐ ԱՍՏՈՒԱԾ
ՀԶՕՐ ԱՍՏՈՒԱԾ
Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանար Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուն որ պիտի կոչուէր՝ Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան (Ես. 9.6 բ.):
Անցնող շաբաթ անդրադարձանք Տէր Յիսուս՝ որպէս Սքանչելի Խորհրդակից: Այսօր կ’անդրադառնանք Տէր Յիսուս որպէս՝ Հզօր Աստուած:
Տէր Յիսուս՝ Հզօր Աստուած:
Ղուկաս Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Որդին մարդոյ եկաւ որպէսզի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ» (19.10):
Հզօր մը միայն կարող է փրկել կորսուածը:
Տէր Յիսուս՝ Հզօր Աստուած է, որովհետեւ գիտէ եւ կը ճանչնայ մարդ արարածին կորսուած ըլլալը որ կարիքը ունի փրկութեան.«Ուրիշ մէկով փրկութիւն չկայ. Վասնզի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք Առաք. 4.12):
Փրկուելու համար, մարդ արարածը նախ պէտք է գիտակցի թէ կարիք ունի փրկութեան եւ ապա պէտք է Աստուծմէ խնդրէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռովմ. 10.13):
Կորսուած մարդ արարածը կարիք ունի վերագտնելու իր շիտակ ուղղութիւնը: Տէր Յիսուս որպէս Հզօր Աստուած աշխարհ եկաւ փրկելու մարդ արարածը:
Գալուստի այս ժամանակաշրջանին, մարդ արարածը կանչուած է հաւատքով պատ-րաստուելու Տէր Յիսուսի Ծնունդը տօնելու եւ հաւատքով կանչելու Տէր Յիսուսի՝ Հզօր Աստուծոյ անունը որպէսզի փրկուի:
Ս.Ճ.Մ.
Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...
Կիրակի, 4 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Պրն Յարութ Պարտագճեան, փառաբանութեան երգերով եւ աղօթքով:
Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝«Ամէն մէկ սերունդ իր ապրած ժամանակի միջոցները գործածելու է լաւ արդիւնքներ բերելու համար» խորագրով: Ան բացատրեց թէ ինչպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալը արդիական միջոցներու գործիքները գործածելով, իր հոգեւոր ծառայութիւնը աւելիով արդիւնաբեր կ’ըլլայ: Նաեւ օրինակներով անդրադարձաւ թէ համացանցի միջոցաւ մենք այսօր կրնանք Աստուծոյ ծառայել եւ Աւետարանչութիւն ընել:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, ՊԱ քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:
ՉՄՈՌՆԱՆՔ
–Նկատելով որ տարուան վերջին ամիսն ենք, Աստուծոյ փառք տանք եւ ջանանք կատարել 2011 տարուան հոգեւոր տուրքի սրտաբուխ նուիրատուութիւնները Եկեղեցիիս գանձիչներուն:
-Կատարել «Ջանասէր»ի, «Լոյս»ի եւ «Պատանեկան Արցագանգ»ի 2011 տարեշրջանի վճարումները Եկեղեցիիս քարտուղարուհիին:
-Եկեղեցիիս գրասենեակին միջոցաւ ապահովել, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Հրատարակութիւն, 2012-ի «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքին Օրացոյցը», որ լոյս տեսած եւ հրապարակ դրուած է:
