ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐ

Home Page / Newsletters / ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐ



ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐ

 

Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանար Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուն որ պիտի կոչուէր՝ Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան (Ես. 9.6բ.):

 

Նախապէս անդրադարձանք Տէր Յիսուս որպէս՝ Սքանչելի Խորհրդակից եւ Հզօր Աստուած: Այսօր կ’անդրադառնանք Տէր Յիսուս որպէս՝ Յաւիտենականութեան Հայր:

 

Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը տեսնենք թէ Տէր Յիսուս սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր եւ Աստուած էր. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր: Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ...» (Յովհ. 1.1,14):

 

Իսկ Եբրայեցիներուն նամակին մէջ կը տեսնենք Տէր Յիսուս յաւիտենական է. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս» (13.8):

 

Տէր Յիսուս Յաւիտենականութեան Հայր է, որովհետեւ Իր անձնաւորութիւնը, սէրը եւ ողորմութիւնը յաւիտենական է եւ անփոփոխ: Ան միշտ կը սիրէ, կը գթայ եւ կ’ողորմի իր ստեղծած մարդ արարածին: Այլ խօսքով, Յաւիտենականութեան Հայր եղող Տէր Յիսուսի սէրը յաւիտենական է: Ան աշխարհ եկաւ հաստատելու յաւիտենական յարաբերութիւն բոլոր անոնց հետ որոնք կը հաւատան եւ կ’ընդունին զԻնք որպէս՝ Տէր եւ Փրկիչ:

Ան միշտ Իր դռները բացած է բոլոր անոնց որոնք կը վերադառնան Իրեն, ինչպէս կը տեսնենք Անառակ որդիի պատմութեան մէջ:              

 

Գալուստի այս ժամանակաշրջանին, եկէք հաւատքով պատրաստուինք ընդունելու եւ տօնելու Յաւիտենականութեան Հայր եղող Տէր Յիսուսի Ծնունդը:

                                                                                                                    Ս.Ճ.Մ.

 

 

Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն   Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն

Երկշ.  19 Դեկտ., երեկոյեան ժամը՝ 9-ին, Էմմ. Եկեղեցիին սրահին մէջ:

 Հինգշ.22Դեկտ.,առաւօտեանժամը՝9ին.Էմմ.Եկեղեցիինսրահինմէջ:

 

 

 

                                                                   

ՉՄՈՌՆԱՆՔ

–Նկատելով որ տարուան վերջին ամիսն ենք, Աստուծոյ փառք տանք եւ ջանանք կատարել 2011 տարուան հոգեւոր տուրքի սրտաբուխ նուիրատուութիւնները Եկեղեցիիս գանձիչներուն:

 

-Կատարել «Ջանասէր»ի, «Լոյս»ի եւ «Պատանեկան Արձագանգ»ի 2011 տարեշրջանի վճարումները Եկեղեցիիս քարտուղարուհիին:

 

-Եկեղեցիիս գրասենեակին միջոցաւ ապահովել, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Հրատարակութիւն, 2012-ի «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքին Օրացոյցը», որ լոյս տեսած եւ հրապարակ դրուած է:

 

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ

Տարեկան Ճաշկերոյթ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2011

Կէսօր ժամը՝ 1.30-ին, Էմմանուէլ Եկեղեցիի սրահին մէջ:

 

Տոմսեր ստանալու վերջին պայմանաժամ՝ Երեքշաբթի, 20 Դեկտ. 2011:

 

 

ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...

   Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Լիւսի Սահակեան, փառաբանութեան եւ Ծնունդի երգերով ու խորհրդածութիւնով մը: Ան յիշեց թէ մարդուն ազատ կամքը եթէ միացնենք Աստուծոյ կամքին, այն ատեն աւելի զօրաւոր հաւատացեալներ պիտի ըլլանք: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:

Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Մարիամի Նկարագիրը» հիմնուած՝ Ղուկ. 1.26-45: Ան յիշեց թէ ո՞վ էր Մարիամ, իր առօրեայ կեանքը, հրեշտակին ցնցիչ աւետումը, դիմագրաւած վախերը եւ ինքզինք Տիրոջ տրամադրութեան տակ դնելը ըսելով.«Քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»: Մարիամի նման Տէրը կը կանչէ իւրաքանչիւրս ընդունելու Յիսուս Քրիստոս, կրելու Փրկիչը մեր մէջ, թող տալու որ Յիսուս կազմուի, ծնի եւ հասնի մեղաւոր մարդուն մեր ապրած կեանքով: Մարիամի անդրադարձը եղաւ Փառաբա-նութեան եւ Մեծարանքի երգը երգել (Ղուկ. 1.46-55) որ կը նկատուի յեղաշրջումի, հաւատքի, ուրախութեան, սիրոյ եւ յոյսի երգ: Մարիամի նման մենք ալ վստահինք Տիրոջ եւ Իր կամքին, որովհետեւ Աստուծոյ քով անհնարին բան չկայ:

  Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ բաժանման աղօթքով:

Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Կիրակի, 11 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Օրդ. Շաղիկ Մարգարեան, փառաբանութեան երգերով եւ խռրհրդածու-թիւնով՝ «Աստուծոյ Սէրը»:

Պրն. Ճորճ Մանուկեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Երաժշտական Գործիքներ»: Ան յիշեց զանազան գործիքներ՝ լարային եւ հարուածային, ապա անդրադարձաւ  իւրաքանչիւրին գործածութեան կերպին:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ  յայտարարութիւններով, ՊԱ քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:

 

Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ...Կիրակի, 11 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Ճորճ Մանուկեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Մեր հետաքրքրութիւնը ըլլայ լաւ բաներու համար»:

Պատ. Իպրահիմ Նսէյր փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Մոգերը»  հիմնուած՝ Մատթ. 2.1-12 համարներուն վրայ: Ան անդրադարձաւ թէ Աստուած իր ըսելիքը մոգերուն փոխանցեց իրենց հասկնալի ձեւով՝ աստղի միջոցաւ: Ներկայիս մեզի հետ ալ կը խօսի, բայց մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ մեր բոլոր ունեցածը Աստուծոյ տալու, որովհետեւ մեր ունեցածը Աստուծոյ է: Ան եզրափակեց  Յիսուսի խօսքով՝ «Ես եմ ճամբան ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով» (Յովհաննու 14.6):

Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով:

 

 

 

ՅԻՇԵՆՔ... Աստուծոյ փառք տալ եւ բաժին մը հանել Եկեղեցիի «Մէկ Քիլօ» պաշարի բարեսիրական ծրագրին, որ պիտի բաժնուի Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծնունդի առթիւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Տէր եւ Տիկ. Մինաս եւ Ծովիկ Մինասեաններուն, որ հիւրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, իրենց հօր՝ Տիար Կարապետ Մինասեանի յիշատակին:

 

 

 

 

 

 

 




[Back to News]



News

Gallery

Contact Us

Name :
E-mail :
Message :