« ՕՐՀՆԵԱԼ ՆՈՐ ՏԱՐԻ»

Home Page / Newsletters / « ՕՐՀՆԵԱԼ ՆՈՐ ՏԱՐԻ»



« ՕՐՀՆԵԱԼ ՆՈՐ ՏԱՐԻ»

Ահաւասիկ 2011 տարին անցաւ: Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետելու ըլլանք անցնող տարուան համար պիտի տեսնենք թէ շատեր մինչեւ տարուան վերջը չհասան: Իսկ շատեր, որոնցմէ մենք, առանձնաշնորհումը ունեցանք ամբողջ տարին ապրելու: Սակայն որո՞ւ տարին:

Մենք ապրեցանք Աստուծոյ պարգեւած տարին: Այսինքն, վայելեցինք Աստուծոյ ստեղծագոր-ծութիւնը: Վայելեցինք Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները եւ բարիքները: Բայց հարցումը՝ գոհու-թեամբ եւ շնորհակալութեամբ վայելեցի՞նք:

Տէր Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհեց բազմաթիւ յաջողութիւններ, նաեւ ուրախու-թիւններ, ըլլայ մեր անձնական կեանքէն ներս կամ հաւաքական կեանքէն ներս:

Անկասկած ունեցանք դժուար օրեր, հիւանդութիւններ, ցաւեր եւ մահեր:

Այլ խօսքով, տեսանք սեւ ամպեր, բայց այդ սեւ ամպերուն ետեւէն Աստուծոյ արեւը միշտ փայլեցաւ մեր վրայ:

Ան եղաւ յուսահատին՝ յոյս ներշնչողը:

Ան եղաւ սգաւորը՝ մխիթարողը:

Ան եղաւ տկարը՝ զօրացնողը:

Ան եղաւ հիւանդը՝ բժշկողը:

Ան եղաւ մեզի կեանք տուողը, որպէսզի կարենանք 2012 տարին ալ դիմաւորել:

 

Ուրեմն, Աստուծոյ մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհած 2011 տարին անցաւ: Բայց ինչպէ՞ս անցու-ցինք Աստուծոյ մեզի շնորհած 365 օրերը եւ ժամերը: 

Ապերախտութեա՞մբ, ամբարտաւանութեա՞մբ, հպարտութեա՞մբ, գանգատո՞վ, թէ՝ շնորհակալու-թեամբ, խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ գործեցինք եւ ապրեցանք:

Ուրեմն, եկէք երախտապարտ սրտով, մտքով ու հոգիով, շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ Իր մեզի շնորհած 2011 տարուան համար եւ Սաղմոսերգուին հետեւելով ըսենք.-«Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար: Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ» (Սաղմ. 103.2-3):

Իսկ 2012 տարին: Այս Նոր Տարին ալ Աստուծոյ մեզի շնորհած տարին է: Մաղթանքներ կ’ընենք, բայց չենք գիտեր գալիք օրերը ի՞նչ պիտի բերեն մեզի: Տխրութիւն, նեղութիւն, ուրախութիւն, ձախո-ղութիւն, յաջողութիւն, հիւանդութիւն, առողջութիւն եւ այլն: Սակայն չը մոռնանք թէ փոթորիկներէ ետք Աստուծոյ պայծառ արեւը պիտի ծագի եւ Իր կամքին համաձայն պիտի առաջնորդէ մեզ:

Ուրեմն, 2012 տարուան համար աղօթենք որ մեր բոլոր ծրագիրները Աստուծոյ առաջնորդու-թեամբ ըլլան, որպէսզի Աստուծոյ մեզի շնորհած այս տարուան օրերը Իրեն ընդունելի ըլլան:

Չմոռնանք թէ մեր ապրած օրերը եւ տարիները Աստուծոյ կը պատկանին: Այսինքն, վստահ ըլլանք թէ այս տարի ալ Տէրը պիտի առաջնորդէ, ողորմի եւ հոգ տանի մեր վրայ:

Յանձնուինք Իրեն եւ Իր կամքը փնտռելով ըսենք. «Ով Տէ՛ր, մեր կեանքերը Քեզի նուիրելով կը խնդրենք որ այս Նոր Տարուան մեր ապրելակերպը Քեզի հաճելի եւ ընդունելի ըլլայ եւ միայն Դուն փառաւորուիս մեր ապրած եւ ծառայած կեանքով»: Ամէն:

                                                                                                                 

                                                                                                            Ս.Ճ.Մ.

 

Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն   Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն

-Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2012, երեկոյեան ժամը՝ 9-ին.

 

-Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2012, առաւօտեան ժամը՝ 9-ին.

Էմմանուէլ Եկեղեցիին սրահին մէջ:

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ...

Աստուծոյ շնորհքով, այս տարի եւս Եկեղեցիիս Միացեալ Ժողովի կազմակերպութեամբ Կիրակի, 25 Դեկտեմբերի ժամը՝ 1.30-ին, Եկեղեցիի ընտանիքներէն (183 անձեր) հաւաքուած էին Հայ Աւետ. Էմմ. Եկեղեցիի սրահէն ներս ունենալու Ամանորի աւանդական ճաշկերոյթը:

Յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեցին՝ Բժշկ. եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սուսան Գրաճեաններ: Բարի գալուստի խօսքէն ետք, Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, ներկաները ճաշեցին համեղ «Մածունով Քէօֆթէ»ն որ պատրաստուած էր Տիկնանցի տիկիններուն կողմէ:

Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբին կողմէ սրահի սեղանները ձեռային աշխատանքներով զարդարուած էր:

Սալորի անուշեղէնի հիւրասիրութեան վրայ տեղաւորուած թիւերով, օրուան բախտաւոր անձը եղաւ՝ Տիար Աւետիս Պոսնուեան: Իսկ լօ-երը որ ձեռային աշխատանք էր (ասեղնագործով պզտիկ ապսէներ), վաճառուեցան եւ ներկաներէն շատեր բախտաւորուեցան նուէրներով:

Զաւեշտի եւ Տիկնանցին վաճառելիք լօ-ի ծանուցումի բեմադրութիւնը պատրաստեց՝ Յովիկ Ակիշեան,  իր կողքին ունենալով խումբ մը դերակատարներ՝ Զեփիւռ Գերպապեան, Ճորճ Մանուկեան, Զելա Պօզեագալեան, Ֆլօրա Փոստալեան, Հուրի Հաճընլեան, Ճօրճ Պալեան, Սեւակ Հաճեան, Խաչիկ Գերպապեան եւ Շանթ Ակիշեան:   

Սեւակ Հաճեան առաջնորդեց Ծնունդի երգերը:

Փոքրիկները երգերով եւ արտասանութիւններով դիմաւորեցին սպասուած Կաղանդ Պապուկը եւ ստացան նուէրներ որ պատրաստուած էր Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբին  կողմէ:

Ներկաները նաեւ հիւրասիրուեցան սուրճով, պտուղով եւ անուշեղէնով:

    Եկեղեցիիս Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փակման եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրեալ անձերուն, որոնք իրենց լաւագոյնը ըրին այս ճաշկերոյթի յաջողութեան համար: Նաեւ թելադրեց ներկաներուն, որպէսզի այս տօնական օրերուն զուսպ ըլլան ցուցադրութենէ:

Հովիւին Օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ ճաշկերոյթը:

...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...

 

Տարեկան Ճաշկերոյթին բախտաւոր ըլլալուն ուրախ առիթով.-

Տէր եւ Տիկ. Աւետիս Պոսնուեան                                        Եկեղեցիին 1000 ս.ո.

 

Առիթներով.-

-Մի Ոմն                                                                               «Լրատու»ին 1000 ս.ո.

 

-Մի Ոմն           Կիրակն. Դպրոցին 500, Աւետարանչական Ֆօնտին 500 ս.ո.

 

-Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Լուսին Սուսանի              Կիրակն. Դպրոցին  600 ս.ո.

 

-Մի Ոմն                                                                                      «Շող»ին  1000 ս.ո.

 

-Տիկ. Յասմիկ Սամուէլեան                                                  Տիկնանցին 500 ս.ո.

 

-Օրդ. Մարի Սեմերճեան                                                            «Շող»ին 500 ս.ո.

 

Տիար Յովհաննէս Բարեջանեանի մահուան տխուր առիթով.-

Տիար Վահէ Մանուկեան                                                       Եկեղեցիին 100 ս.ո.

 

2011-իՆ .... ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

 

-Ծնաւ                      1 Երախայ    (1 Մանչ)

-Մկրտուեցան        3 Մանուկներ   (3 Մանչ)

-Ս. Պսակով Միացան        (2 Զոյգեր)

-Ննջեցին 8 անձեր          (3 Այր, 5 Կին)

 

 

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ...

    Փառք կու տանք Աստուծոյ 2011 տարուան ընթացքին մեզի շնորհած բարիքներուն, օրհնութիւններուն եւ շնորհքներուն համար:

Տարուան վերջաւորութեան, մեր փառաբանութիւնը, երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալու-թիւնը առ Աստուած արտայայտելու եւ մեր կեանքերը ինքնաքննութեան ենթարկելու եւ Տէր Յիսուսի Սուրբ Ծնունդին պատրաստուելու համար ունեցանք ամավերջի պաշտամունքներ՝ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, 26 եւ 27 Դեկտեմբերի գիշերը ժամը՝ 8.00-ին Եկեղեցիիս սրահին մէջ:

 

-Երկուշաբթի օրուան նիւթն էր՝ «Տէր Յիսուս՝ Մեծ Խորհուրդը», հիմնուած՝ Մատթ. 2.1-12 համարներուն վրայ:

 

-Երեքշաբթի օրուան նիւթն էր՝ «Տէր Յիսուս՝ Մանուկը» հիմնուած՝ Ղուկ. 2.1-52 համարներուն վրայ:

 

Փառք ըլլայ Աստուծոյ այս պաշտամունքներուն համար:

 

 

 

-Եկեղեցիիս գրասենեակին միջոցաւ ապահովել,

    Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Հրատարակութիւն,

     2012-ի «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքին Օրացոյցը»,

     որ լոյս տեսած եւ հրապարակ դրուած է:

 

 

Ք. Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...

Կիրակի, 18 Դեկտեմբերի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Օրդ. Ալին Այնիլեան, Ծնունդի երգերով եւ խորհրդածութիւնով:

Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Ինքնաքննութիւն Եւ Արժեւորում» հիմնուած՝ Երեմ. 6.16 համարին վրայ: Ան անդրադարձաւ  երեք  հիմնական  կէտերու մեր կեանքի ճամբուն վրայ.-1-Կենալ. 2-Հարցնել հին ճամբաներու մասին. 3-Շիտակ ճամբան ընտրել եւ քալել անոր մէջ, որպէսզի հանգիստ եւ ուրախ կեանք ապրինք:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, ՊԱ քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:

 

Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԵՒ «ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ»...

Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը՝ 6.00-ին, Ջանից Վարչութիւնը հրաւիրեց «Արեւիկ» կեդրոնի աշակերտները, միասին ունենալու Պաշտամունք-Հաւաքոյթ, Էմմ. Եկեղեցիի սրահէն ներս:

Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ պաշտամունքը:

Մեղրիկ Չապաղջուրեան պատմեց դաստիարակչական պատմութիւն մը:

 Կաղանդ Պապուկը  բաժնեց նուէրներ եւ «Արեւիկ» կեդրոնի աշակերտները բաժին բերին իրենց ձիրքերով՝ արտասանութիւն, մեներգ եւ խմբային երգեր:

Ապա անոնք հիւրասիրուեցան Ջանիցականներու պատրաստած անուշեղէններով:

Ներկաները բաժնուեցան բարձր տրամադրութեամբ:

Թող Տէրը օրհնէ եւ զօրացնէ Արեւիկի աշակերտները, անոնց հոգատարներն ու խնամողները, նաեւ պահէ ու պաշտպանէ Իր թեւերուն տակ:

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

2012-ի առաջին Պաշտամունքը

 տեղի պիտի ունենայ՝ Հինգշ. 12 Յունուար 2012,

առաւօտեան ժամը՝  10.00-ին,

 Հայ Ծերանոցէն ներս:

 

 

ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2012,

կ.ա. ժամը՝ 10.30-ին:

 

 Չմոռնանք պաշտամունքին ճշդապահ ըլլալ եւ զԱստուած պաշտել՝ սրտով, մտքով, հոգիով եւ ճշմարտութիւնով:

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ...

Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, այս տարի մեր ջանիցականները

պիտի այցելեն Եկեղեցիիս ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը շնորհաւորելու

 Ուրբաթ՝ 6 Յունուար 2012-ի, կ.ե. ժամը՝ 1.00-2.30:

 

Կը խնդրենք բոլորէն որ գործակցող ըլլան:

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ

160 ԱՄԵԱԿ

 

Սրբազան եւ Դասական Համերգ

 

Կատարողութեամբ՝

Նարեկացի Երգչախումբին 

    

Ղեկավարութեամբ՝ Եղիշէ Վրդ. Ճէնճի

 Մենակատարուհի՝ Տիկ. Լուտմիլա Արապաթլեան

Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Նորա Սարգիսեան-Մարտինի

           եւ Հայրենի երաժիշտներու Ջութակ՝ Տիկ. Գայանէ Չէվչէնքօ,

                               Թաւջութակ՝ Պրն. Միքայէլ Կունտիրէվ,