ՓՈՔՐ ԵՒ ԱՆՆՇԱՆ ԱՆՁԵՐ

Home Page / Newsletters / ՓՈՔՐ ԵՒ ԱՆՆՇԱՆ ԱՆՁԵՐ



 

 

ՓՈՔՐ ԵՒ ԱՆՆՇԱՆ ԱՆՁԵՐ

 

Ուրբաթ, 6 Յունուարին, տօնեցինք  Յիսուս Մանուկին Ծնունդը:

Ծնունդի պատմութեան մէջ (Ղուկ. 2) կը տեսնենք Աստուած կը գործածէ փոքր եւ աննշան անձեր:

Անկասկած, այդ օրերուն, բաւական «մեծ» մարդեր կ’ապրէին Պաղեստինի մէջ. ինչպէս՝ գիտնականներ, կղերականներ եւ կամ մեծ համբաւ եւ ուժ ունեցող իշխանաւորներ: Սակայն Աստուած գործածեց պարզ, փոքր եւ շրջանակին մէջ աննշան նկատուող անձեր, ինչպէս՝ հովիւները եւ այլ անձեր: Օրինակ.-

Մարիամ՝ պարզ անձ մը եւ ոչ թէ թագուհի կամ իշխանուհի մը: Յովսէփ՝ պարզ ատաղձագործ մը՝ եւ ոչ թէ թագաւոր կամ իշխան մը:

Ա. Կորնթ. 1.27-28 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ զօրաւորները. եւ աշխարհիս ցածազգիները ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէսզի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ, որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ»:

Այլ խօսքով, Աստուած գործածեց փոքր եւ աննշան անձեր կատարելու մեծ գործ:

Այսօր մենք ալ կանչուած ենք մեր ապրած միջավայրին մէջ, Տէր Յիսուսը վկայել՝ խօսքով, գործով եւ ապրելակերպով:

                                                                                                           Ս.Ճ.Մ.

 

 

Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն   Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն

 

-Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2012, երեկոյեան ժամը՝ 9-ին.

 

-Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2012, առաւօտեան ժամը՝ 9-ին.

 

Էմմանուէլ Եկեղեցիին սրահին մէջ:

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...

    Միացեալ Տիկնանց Յանձնախումբի որոշումով, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթներով, Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Միացեալ Տիկնանց Պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Էմմանուէլ Եկեղեցիի սրահին մէջ:

Պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Սուսան Գրաճեան, Ծնունդի երգերով եւ խորհրդածու-թիւնով մը անդրադարձաւ թէ պէտք է արժեւորենք մեր ապրած կեանքը եւ Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրելով, նոր որոշումներ առնենք եւ  դիմաւորենք 2012 Նոր Տարին:

Օրդ. Դալար Մարաշլեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝«Ո՞վ է Յիսուս Քեզի Համար»: Ան անդրադարձաւ «Լոյս»ի նշանակութեան, ապա եզրափակեց թէ կանչուած ենք պզտիկ լոյսեր ըլլալով լուսաւորել մեր շրջապատը Քրիստոսի լոյսով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:

Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ բաժանման աղօթքով:

Ներկաները հիւրասիրուեցան Էմմանուէլ Եկեղեցիի Տիկնանցին կողմէ:

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

 

2012-ի առաջին Պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ՝

Հինգշ. 12 Յունուար 2012, կ.ա. ժամը՝  10.00-ին,

Հայ Ծերանոցէն ներս:

 

 

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 15 Յունուար 2012-ի պաշտամունքէն ետք, տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիի Խնամակալութեան ընտրութիւնը:

Ներկայ ըլլանք եւ աղօթքով պատրաստուինք

                                                      Եկեղեցիի ընտրութեան:

ՆՆՋԵՑ... Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2012-ին, ննջեց մեր Եկեղեցիի զաւակներէն՝ Տիկ. Ովսաննա Պապիկեան (Ծնեալ՝ Այնթապ 1917): Ան եղած էր հաւատացեալ, ընթերցասէր, բծախնդիր եւ աշխատասէր կին մը: 2005 թուականէն սկսեալ ան կ’ապրէր Հայ Ծերանոցէն ներս:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2012, կ.ա. ժամը՝ 11.00-ին, Հայ Ծերանոցի Մատուրին մէջ:

Պաշտամունքը առաջնորդեց, ննջեցեալին կենսագրական գիծերը ներկայացուց եւ Աստուծոյ խօսքին պատգամը մատուց՝ Եկեղեցիին Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան:

Պաշտամունքը վերջացաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Հովիւին Առաքելա-կան Օրհնութեամբ:

Տէրոջը մխիթարութեան կը յանձնենք ննջեցեալին հարազատներն ու պարագաները:

Տէր Յիսուս ըսաւ.- «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի: Դուն կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. 11.25-26):

 

Այս տխուր առիթով փոխան ծաղկեպսակի կը նուիրեն Եկեղեցիին.-

Տէր եւ Տիկ. Յարութ եւ Բալին Գամայեան (Հայաստան)    300 ս.ո.

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻ

160 ԱՄԵԱԿ

 

Սրբազան եւ Դասական Համերգ

 

Կատարողութեամբ՝  Նարեկացի Երգչախումբին 

    

 

Ղեկավարութեամբ՝ Եղիշէ Վրդ. Ճէնճի

 Մենակատարուհի՝ Տիկ. Լուտմիլա Արապաթլեան

Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Նորա Սարգիսեան-Մարտինի

եւ Հայրենի երաժիշտներու

Ջութակ՝ Տիկ. Գայանէ Շէվշէնքօ

                               Թաւջութակ՝ Պրն. Միքայէլ Կունտիրէվ

Դաշնամուր՝ Օրդ. Գայանէ Գօչարեան

 

Տեղի պիտի ունենայ՝ Ուրբաթ, 13 Յունուար 2012, երեկոյեան

 ժամը՝ 8.30-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիին մէջ:

 

 

Կիրակի, 15 Յունուար 2012-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիի Կիրակնօրեայ Դպրոցը, կունենայ իր պաշտամունքը,

   առաւօտեան ժամը՝ 9.30-11.00:

 

...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...

Ուրախ առիթով մը.-

Տէր եւ Տիկ. Ղուկաս եւ Ցոլինէ Թաթարեան              Եկեղեցիին 1000 ս.ո.

 

Իր տիկնոջ՝ Բժշկհ. Արմենուհի Թորանեանի յիշատակին.-

Բժշկ. Թորոս Թորանեան                                                     «Շող»ին 500 ս.ո.

 

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Վեր. եւ Բժշկհ. Սերոբ եւ Ալինա Մկրտիչեաններուն, որ հիւրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, Ամանորի ուրախ առիթով:

 




[Back to News]



News

Gallery

Contact Us

Name :
E-mail :
Message :