ՅԻՍՈՒՍԻ ՀՐԱՒԷՐԸ
Home Page / Newsletters / ՅԻՍՈՒՍԻ ՀՐԱՒԷՐԸՅԻՍՈՒՍԻ ՀՐԱՒԷՐԸ
Յիսուս Իր մկրտութենէն ետք կ’երթայ Գալիլիա եւ ապա զատկի տօնին կը վերադառնայ Երուսաղէմ:
Տէր Յիսուս իր առաջին հրաշքը կ’ընէ Գալիլիոյ մէջ (Յովհ. 2), որմէ ետք Սամարիայի ճամբով կը վերադառնայ Երուսաղէմ եւ կը սկսի ծառայութեան:
Յիսուս Իր մկրտութենէն ետք կը սկսի հրաւիրել եւ կանչել Իրեն աշակերտներ, ինչպէս՝ Պետրոս, Փիլիպպոս, Անդրէաս, եւլն.
Տէր Յիսուսի հրաւէրը յստակ էր՝ ըլլալ Իրեն հետեւորդ եւ աշակերտ:
Այսօր Տէր Յիսուս կը կանչէ մարդ արարածը Իրեն աշակերտ ըլլալու նուիրագործութեան եւ ծառայութեան միջոցաւ:
Աշակերտները տարբեր արհեստի, խառնուածքի եւ մտածելա-կերպի մարդիկ էին, սակայն դրական պատասխանեցին Տէր Յիսուսի հրաւէրին:
Հաւատացեալ ըլլալ չի նշանակեր անձնակեդրոն կեանք ապրիլ, այլ՝ նուիրուածու-թեան եւ ծառայութեան կեանք:
Այսօր, Տէր Յիսուս կը կանչէ եւ կը հրաւիրէ ծառայութեան:
Ի՞նչ է մեր պատասխանը:
Ս.Ճ.Մ.
Ք. Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑԻ «ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ»...
Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2011, կ.ե. ժամը՝ 6.00-ին, թիւով 35 պատանի/ ուհիներու, տեղի ունեցաւ Ք.Ջ. Միացեալ Պատանեացի Ամանորի հաւաքոյթը, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Հաւաքոյթը սկսաւ ՊԱ քայլերգով, ապա Ծնունդի երգերը առաջնորդեց՝ Յակոբ Տաղըլեան, նուագի մասնակցութեամբ՝ Նուշիկ Թաշճեանի (Ֆլութ) եւ Գէորգ Պէրպէրեանի (Դաշնամուր):
Հաւաքոյթի խանդավառ խաղերը առաջնորդեցին՝ Ճորճ Մկրտիչեան, Ճորճ Մաքտիսի եւ Մեղեդի Թաթոյեան: Ընթրիքէն ետք ներկայացուեցաւ առաջնորդներուն պատրաստած անակնկալ զաւէշտը որ պատրաստած էր՝ Պրն. Արշակ Հաճեան: Կաղանդ Պապուկին ներկայութեամբ պատանիներ ստացան նուէրներ եւ օրուան բախտաւոր պատանին եղաւ՝ Գէորգ Պէրպէրեան: Հաւաքոյթը վերջ գտաւ բաժանման աղօթքով:
Ներկաները մեծ խանդավարութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ «ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ»...
Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ 75 ջանիցական-ներու, Ամանորի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը՝ 9.00-ին, Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ պաշտամունքով: Պաշտամունքի երգեցողութեան պահը առաջնորդեց՝ Օրդ. Նայիրի Պարտագճեան, Ծնունդի երգերով եւ աղօթքով:
Օրուան հոգեւոր նիւթը՝ «Յիսուս, Կենաց Ծառը» փոխանցեց՝ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան: Ան անդրադարձաւ Ծնունդի ծառին ծագումին, ապա եզրափակեց ըսելով թէ՝ Տէր Յիսուս Ինք է Միակ Կենաց Ծառը որ յաւիտենական կեանք կու տայ բոլոր անոնց որոնք Անոր կը դիմեն:
Ներկաները ունեցան ընթրիք եւ հաղորդակցական պահ:
Պրն. Ասպետ Չոլաքեան ճոխացուց մթնոլորտը ընկերային պահը առաջնորդելով, որը կ’ընդգրկէր՝ խաղեր, սահիկներու ցուցադրութիւն, Լօերու վաճառք եւ նուէրներու բաշխում:
Ք. Ջ. Գործադիր Մարմինի Ատենապետ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, իր փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին գործակցութեան համար: Ան անդրադարձաւ՝ Աստուծոյ հետ, մեր անձերուն հետ եւ մեր շուրջիններուն հետ խաղաղութիւն ունենալու կարեւորու-թեան: Նաեւ մաղթեց որ 2012 տարին ըլլայ՝ խաղաղութիւնով լեցուն եւ օրհնաբեր տարի մը: Ապա մատուց աղօթք եւ ջանիցականներ ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան:
ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ... Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը՝ 3-ին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի 95 աշակերտներ հաւաքուած էին Եկեղեցիիս սրահը ունենալու Ամանորի հաւաքոյթը:
Յայտագիրը սկսաւ Ծնունդի երգեցողութեամբ առաջնորդութեամբ՝ Տիկ. Մարինա Պասմաճեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Արլին Մահշիկեանի: Ապա Տիկ. Մարինա Պազարպաշեան պատմեց հետաքրքրական պատմութիւն մը, որմէ ետք ուսուչակազմին պատրաստած խաղերով խանդավառուեցաւ մթնոլորտը:
Հիւրասիրութենէն ետք անհամբեր սպասուած Կաղանդ Պապան ուրախացուց պզտիկները իր բերած գեղեցիկ նուէր-խաղալիքներով: Նաեւ աշակերտներուն ծնողներուն, որպէս կաղանդի նուէր ղրկուեցաւ ուսուցչակազմին կողմէ պատրաստուած կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի առիթներով յատուկ ձեռայիններ:
Եկեղեցիիս Հովիւին աղօթքէն ու խմբային նկարէն ետք Կիրակնօրեայի աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝
Այսօր, 15 Յունուար 2012-ի պաշտամունքէն ետք:
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ... Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիի կազմակերպութեամբ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը՝ 8.30-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Դասական Երաժշտութեան եւ Սուրբ Ծնունդի մեղեդիներու համերգ մը, կատարողութեամբ՝ «Կոմիտաս» Սենեկային նուա-գախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Յովհաննէս Մուպայէտի:
Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, ներկաները ապրեցան Ծնունդի մթնոլորտը լսելով եւ վայելելով Սուրբ Ծննդեան յատուկ մեղեդիներ, Արեւմտեան եւ դասական երաժշտութիւն, ինչպէս՝ Հանտըլ, Վիւալտի, Հայտըն, Կրուպըր, Շուպէրթ, Խաչատուրեան եւ այլ երաժշտա-կան կտորներ: Նուագախումբին միացան փոքրեր որոնք նուագելով աւետեցին Յիսուս Մանուկին Ծնունդը:
Համերգի վերջաւորութեան Եկեղեցիիս Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան իր շնորհակա-լական եւ փակման խօսքով անդրադարձաւ Տէր Յիսուսի Ծնունդի խաղաղութեան պատգամին եւ մաղթեց ներկաներուն որ 2012 տարուան ընթացքին լեցուին Խաղաղութեան Իշխանին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի բերած խաղաղութեամբ, որպէսզի սրտի, մտքի եւ հոգիի խաղաղութիւն ունենալով, կարենան Աստուծոյ ու մարդոց հետ խաղաղութեամբ եւ հաճութեամբ ապրիլ: Ապա յուշանուէրով մը պատուեց խումբին տաղանդաւոր ղեկավարը:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի խօսքով եւ Առաքելական Օրհնութեամբ ներկաները բաժնուեցան:
Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ շատ գնահատելի ներկայութիւն եւ ձեռնարկ: Փառք ըլլայ Աստուծոյ:
ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Ամանորի պաշտամունքը տեղի ունեցաւ՝ Կիրակի, 1 Յունուար 2012-ին, կ.ա. ժամը՝ 11.00-ին:
Պաշտամունքը առաջնորդեց եւ պատգամ մատուց Եկեղեցիիս Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, նիւթ ունենալով՝ «Նոր Տարուայ Որոշումներ», հիմնուած՝ Կող. 3.12-17 համարներուն վրայ:
Եկեղեցիիս երգչախումբը մասնակցեցաւ պաշտամունքին երկու երգերով ղեկավարու-թեամբ՝ Տիկ. Պէթի Նագգաշեան-Հաթէմի:
Նաեւ տեղի ունեցաւ Հաղորդութեան Սեղանի մատակարարում:
Պաշտամունքը վերջացաւ Հովիւին Առաքելական Օրհնութիւնով:
ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...Փառք կու տանք Աստուծոյ որ Տէր Յիսուսի Ծնունդի պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2012-ին:
Պաշտամունքը առաջնորդեց Պատ. Սամուէլ Թաշճեան:
Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց՝ Եկեղեցիիս Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, նիւթ ունենալով՝ «Խաղաղութիւն», հիմնուած՝ Ղուկ. 2.1-14 համարներուն վրայ:
Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ըրաւ Ծնունդի բարեմաղթութիւնները:
Երգչախումբը ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Պէթի Նագգաշեան-Հաթէմի ներկայացուց՝ Ծնունդի երգեր եւ շարականներ: Իսկ ժողովուրդին երգեցողութեան ընկերակցեցաւ դաշնակի վրայ Տիկ. Անի Չոլաքեան:
Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները մասնակցեցան պաշտամունքին Սաղմոսներ արտասանելով եւ Ծնունդի երգեր երգելով դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Արլին Մահշիկեանի:
Պաշտամունքը վերջացաւ երգչախումբի »Հայր Մեր»ի երգեցողու-թեամբ եւ Վեր. Սելիմեանի Առաքելական Օրհնութիւնով:
Պաշտամունքէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան Տիկնանց Վարչութեան կողմէ:
Յիշենք թէ բացառաբար, այս տարի, Եկեղեցիի պաշտամունքը սովորականին պէս չձայնասփռուեցաւ Հալէպի ռատիօկայանէն:
ԽԹՄԱՆ ԳԻՇԵՐՈՒԱՅ ԱՒԵՏՈՒՄ... Բացառաբար, այս տարի խթման գիշերուայ աւետում տեղի չ’ունեցաւ:
Ջանիցականներ Ծնունդի օրը՝ 6 Յունուար, կ.ե. ժամը՝ 1.30-էն 2.30, այցելեցին այն ընտանիքները որոնք Եկեղեցիի Ծնունդի Պաշտամունքին ներկայ չէին: Անոնք շնորհաւորե-ցին ընտանիքները Սուրբ Ծնունդի առթիւ եւ բաժնեցին օրացոյց եւ յուշանուէր մը:
Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն
-Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2012, երեկոյեան ժամը՝ 9-ին.
-Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2012, առաւօտեան ժամը՝ 9-ին.
Էմմանուէլ Եկեղեցիին սրահին մէջ:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՄԷՋ... Հինգշաբթի, 12 Յունուար, կ.ա. ժամը` 10-ին, Տիկնանց պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Հայ Ծերանոցի մատուռէն ներս:
Պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Մէյրի Մանուկեան, 23-րդ Սաղմոսով, փոխասաց ընթերցումով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Աղօթքի Յարատեւութիւն»:
Տիկ. Սոնա Քէօշկէրեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝«Աղօթքը Երիտասարդին Առաջնորդն Է, Ծերերուն Ալ Գաւազան»: Ան անդրադարձաւ «Աղօթք» բառին իմաստին եւ յիշեց թէ պարզ բառերով աղօթքը՝ հոգիի շարժում է դէպի Աստուած: Ապա շեշտեց աղօթել` հաւատքով, վստահութեամբ, ծածուկ մեղքերէ մաքրուած եւ չարաչար չըխնդրել: Ապա եզրափակեց թէ աղօթքը առաւօտեան բանալին է եւ երեկոյեան կղպանքը:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ Տէրունական աղօթքով: Ապա տիկինները այցելեցին մամիկներուն եւ պապիկներուն սենեակները, նուէրներ բաժնեցին եւ հիւրասիրեցին զիրենք:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...
Առիթով մը.-
Տէր եւ Տիկ. Ատուր Պոսնուեան Բարեսիրական Ֆօնտին 500 ս.ո.
Օրդ. Մարի Պոսնուեան " “ 500 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Սամուէլ Թոգմաքճեան Կիրակնօրեայ Դպրոցին 200 ս.ո.
Գնահատելով «Շող»ի բացառիկ թիւը.-
Տէր եւ Տիկ. Սամուէլ Քէօշկէրեան «Շող»ին 500 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Սարգիս Պօզեագալեան «Շող»ին 500 ս.ո.
Տիար Յովհաննէս Բարեջանեանի յիշատակին.-
Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Գրաճեան Եկեղեցիին 300 ս.ո.
Տիկ. Ովսաննա Պապիկեանի մահուան տխուր առիթով.-
Տէր եւ Տիկ. Սամուէլ Թոգմաքճեան Եկեղեցիին 300 ս.ո.
Իրենց Եղբօր՝ Տիար Զաւէն Պօզեագալեանի յիշատակին.-
Եւնիկ եւ Անժէլ Պօզեագալեան քոյրեր՝ Եկեղեցիին 500 ս.ո.
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Եւնիկ եւ Անժէլ Պօզեագալեան քոյրերուն, որ հիւրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, իրենց եղբօր՝ Տիար Զաւէն Պօզեագալեանի յիշատակին:
ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ
-«ՃՕՐՃ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ՖՕՆՏ»ը օգտակար եղաւ 13 ընտանիքներու զանազան կարիքներուն:
-«ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՕՆՏ»ը օժանդակեց 23 աշակերտներու գիրքերուն:
-«ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՖՕՆՏ»ը օգնեց 56 ընտանիքներու կարիքներուն:
-«ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՖՕՆՏ»ը օգտակար եղաւ «Լրատու»ի եւ «Շող»ի հրատարակութեան:
-«ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ՖՕՆՏ»ը օգտակար եղաւ Հոգեւոր գրականութեան եւ Աստուածաշունչ բաժնելու ծրագրին:
[Back to News]
News
Contact Us
