ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ
Home Page / Newsletters / ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ Աւետ. Ըստ Յովհ. 3.1-7 համարներուն մէջ կը տեսնենք անձ մը հաւատացեալ կ’ըլլայ նոր կեանք մը ընդունելով: Այսինքն, հաւատացեալը (Քրիստոնեան) ան է որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքը կ’ընդունի եւ կ’ունենայ նոր ապրելակերպ «Եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է:
Օրինակ.-
1-Հաւատացեալը նոր պատուիրան մը ընդունած է. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք» (Յովհ. 13.34):
2-Հաւատացեալը նոր անուն մը ընդունած է. «Աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան (Գործք. 11.26):
3-Հաւատացեալը Աստուծոյ առջեւ կը մօտենայ պաշտելու եւ փառաբանելու Իր Ստեղծիչը եւ Փրկիչը. «Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով, սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջուրով լուացուած» (Եբր. 10.22):
4-Հաւատացեալը նոր երգ կ’երգէ. «Բերանս դրաւ նոր երգ մը. Մեր Աստուծոյ գովութիւնը» (Սաղմ. 40.3):
Ուրեմն, հաւատացեալը Քրիստոսով նոր ստեղծուած է եւ ունի նոր կեանք եւ ապրելակերպ: Ունի՞նք Քրիստոսով նոր կեանք եւ ապրելակերպ:
Ս.Ճ.Մ.
Ք. Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ... -Կիրակի, 15 Յունուար, կէսօրէ ետք ժամը՝ 1.30-ին, Պատանիներ հաւաքուելով Նահատակաց Եկեղեցւոյ Լեւոնեան սրահը, ունեցան պաշտամունք եւ ընկերային պահ: Պաշտամունքը առաջնորդեցին պատանիներ՝ Յակոբ Տաղըլեան եւ Ճօրճ Մաքտիսի, փառաբանութեան երգերով: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան փոխանցեց օրուան հոգեւոր նիւթը՝ «Ստանալ Հօր Աստուծոյ Գերագոյն Նուէրը»: Ան բացատրեց թէ Աստուծոյ տուած գերագոյն նուէրը՝ Տէր Յիսուսը ընդունելով է որ կը ստանանք ամենէն արժէքաւոր նուէրը՝ որն է յաւիտենական կեանքը: Նաեւ զգուշացուց պատանիները ըսելով թէ «Սատանան կը փորձէ խաբել մեզ մեծ, հրապուրիչ, սակայն պարապ եւ անարժէք նուէրներ տալով, որպէսզի կորսնցնենք յաւիտենական կեանքի նուէրը»: Պաշտամունքէն ետք, պատանիներ միասին ունեցան ճաշ եւ ընկերային պահ, որ կ’ընդգրկէր խանդավառ խաղեր պատրաստուած պատանիներու կողմէ: -Կիրակի, 22 Յունուարի պաշտամունքը տեղի ունեցաւ կ.ե. ժամը՝ 4-ին, Նահատակաց Եկեղեցւոյ Լեւոնեան սրահէն ներս: Առաջնորդներու պատրաստութեամբ, տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում: Պատանիներ խումբերու բաժնուելով խանդավառ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն եւ նոր գիտելիքներ ամբարելով վերադարձան իրենց տուները: Պաշտամունքները վերջ գտան յայտարարութիւններով, ՊԱ Քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:
Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐ... -Կիրակի, 15 Յունուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Շանթ Ակիշեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝«Ապահովութիւնը վտանգի բացակայութեան մէջ չի գտնուիր, այլ՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ»: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան փոխանցեց օրուան հոգեւոր նիւթը՝ «Հոգ Չընել»: Ան անդրադարձաւ թէ հոգ չընել չնշանակեր անհոգ ըլլալ: Յիսուս կ’ուզէ հոգ ընելու տեղ լուծումներ գտնենք Իրեն վստահելով եւ Իր խօսքը կարդալով: Նաեւ յիշեց թէ կ’արժէ մտահոգուիլ մեր հոգեւոր կեանքի վիճակին, որպէսզի տկարութիւնները՝ զօրութեան եւ ցախողութիւնները՝ յաջողութեան վերածուին: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Պատ. Տէր Սահակեանի աղօթքով: -Կիրակի, 22 Յունուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Ճորճ Մանուկեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Չքննադատենք ուրիշները, այլ՝ անոնց դրական կողմերուն նայինք եւ արժէք տանք»: Պրն. Յարութ Էքմանեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Խնդիրներ Լուծել»: Ան բացատրեց հարցերու եւ տարակարծութիւններու ծագումի պատճառը, ապա հարցաթղթիկներ բաժնեց ջանիցականներուն եւ ուղղուած հարցումներուն միջոցաւ ցոյց տուաւ թէ երբ երիտասարդ մը հարց մը ունի եւ անոր ակնկալութիւնները կը հակառակին դիմացի անձին հետ, ի՞նչ կ’ըլլայ իւրաքանչիւրին հակադարձութիւնը՝ մրցակցող, համագործագցող, միջին լուծում, խուսափող կամ զիջող...: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով: ...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ... Տիկ. Ովսաննա Պապիկեանի յիշատակին.- Տէր եւ Տիկ. Յովիկ Գերպապեան Եկեղեցիին 100 ս.ո.
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ... Կիրակի, 22 Յունուարի պաշտամունքէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան Եկեղեցիիս կողմէ, Տիկ. Ովսաննա Պապիկեանի յիշատակին:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐ Հ Ա Ւ Ա Ք Ո Յ Թ – Ը Ն Թ Ր Ի Ք Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը՝ 8.30, Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Հինգշաբթի, 26 Յունուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Վեհանուշ Տէր Պօղոսեան, փառաբանութեան երգերով եւ 96-րդ Սաղմոսի փոխասաց ընթերցումով: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փոխանցեց՝ շարունակական Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին Սերտողութիւնը: Ան անդրադարձաւ 5-րդ գլխուն, ուր յիշուած է՝«Կնքուած Գիրքը եւ Գառնուկը»: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց վերոյիշեալ հատուածը եւ եզրափակեց ըսելով.- «Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կանչուած է պաշտելու եւ փառաբանելու Ստեղծիչ եւ Փրկիչ Երրորդութեան Աստուածը»: Ապա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, եւ բաժանման աղօթքով:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ Նիւթ՝ «ՇՈՂԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ» Դասախօս՝ Բժշկ. Գէորգ Գրաճեան Հինգշ., 2 Փետր. 2012, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
Հ Ո Վ Ո Ւ Ա Կ Ա Ն Դ Ա Ս Ա Ր Ա Ն -Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012, երեկոյեան ժամը՝ 9-ին. -Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2012, առաւօտեան ժամը՝ 9-ին. Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
[Back to News]
News
Contact Us
