ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Home Page / Newsletters / ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ԿԵԱՆՔԸ՝
ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանրապէս մարդ արարածի կեանքը ընտրութիւններու եւ որոշումներու շարք մըն է: Իւրաքանչիւր արարք որոշումի մը արդիւնքն է: Ուրեմն, մարդ արարածը կարիք ունի իրատեսութեան:
Այլ խօսքով, եթէ կ’ուզենք յաղթական կեանք ապրիլ, կանչուած ենք իրատես ըլլալ:
Ի՞նչ կը նշանակէ իրատես ըլլալ:
Իրատեսութիւն կը նշանակէ մեր շուրջը գտնուող ամէն բան տեսնել այնպէս ինչպէս որ է:
Նկատելով թէ Քրիստոնէութիւնը կեանք եւ ապրելակերպ է, ուրեմն Քրիստոնէական կեանքը կը պահանջէ իրատեսութիւն: Հաւատացեալը հիմնուելով Աստուածաշունչին վրայ եւ իրատես ըլլալով կանչուած է համոզումով որոշել իր կեանքի ընթացքը:
Միւս կողմէ շատեր կան որոնք լաւատես են եւ կամ յոռետես:
Հաւատացեալը կանչուած է իրատես ըլլալու եւ տեսնելու Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը որ ազատութիւն ունի որոշումներ գոյացնելու, բայց կը խնդրէ իր Ստեղծիչին եւ Փրկիչին առաջնորդութիւնը եւ ներկայութիւնը:
Այսօր կ’ապրինք տարբեր վիճակներու եւ պայմաններու մէջ:
Կանչուած ենք իրատես ըլլալ եւ քաջ գիտնալ թէ այս վիճակներուն ետին կը գտնուի Ամենակարող
Երրորդութեան Աստուածը որ կը պահէ եւ կը խնամէ Իր զաւակները: Ամէն:
Ս.Ճ.Մ.
Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...Կիրակի, 29 Յունուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Կարօ Պօզեագալեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Աղօթքով կրնանք մեր հարցերուն լուծում գտնել»: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Փոփոխութիւն» հիմնուած՝ Ա. Կորնթ. 15.51-58 համարներուն վրայ: Ան անդրադարձաւ թէ փոփոխութեան մէջ վերստին ծնունդ, կամք եւ ջանք կայ եւ անձ մը կրնայ փոխուիլ եթէ ինք ուզէ եւ որոշում առնէ: Նաեւ յիշեց թէ հաւատքի կեանքին մէջ կայ փոփոխութիւն, փոխուինք եւ Յիսուսի նման ըլլալ՝ լեցուիլ խաղաղութեամբ եւ բարիով յաղթել չարին: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ Վեր. Մկրտիչեանի աղօթքով: Ք. Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ...Կիրակի, 29 Յունուարի պաշտամունքը առաջ-նորդեց՝ Պատանուհի՝ ԺօրԺէթ Գրճալեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Աստուած մեզի հետ է միշտ»: Պրն. Արշակ Հաճեան փոխանցեց օրուան նիւթը՝ «Աշխարհ Մոլորակին Վերջը»: Ան անդրադարձաւ գիտնականներու բացատրութեան եւ անոնց տեսութիւններուն: Սակայն այս բոլոր տեսութիւնները եւ փորձերը կը սխալին, որովհետեւ միայն Աստուած գիտէ օրը եւ ժամը: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, ՊԱ Քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով: ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Չիւրիւքեան ընտանիքին, որ հիւրասիրեցին Եկե-ղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր իրենց հօր՝ Տիար Ռոպէր Չիւրիւքեանի յիշատակին: ՆՆՋԵՑ... Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012-ին, ննջեց մեր Եկեղեցիի զաւակներէն՝ Տիար Սամուէլ Թօգմաքճեան (Ծնեալ՝ Հալէպ 1931): Ան եղած էր վստահելի, արդար, տիսիփլինի տէր եւ Հայրենասէր ընտանիքի հայր մը: Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2012, կ.ա. ժամը՝ 10.00-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիին մէջ: Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը առաջնորդեց, ննջեցեալին կենսագրական գիծերը ներկայացուց եւ Աստուծոյ խօսքին խորհրդածութիւնը կատարեց Եկեղեցիիս Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան: Պաշտամունքը վերջացաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի Առաքելական Օրհնութեամբ: Տէրոջը մխիթարութեան կը յանձնենք ննջեցեալին կողակիցը, զաւակները, եղբայրները, քոյրերը եւ բոլոր հարազատներն ու պարագաները: Տէր Յիսուս ըսաւ.- «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի: Դուն կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. 11.25-26):
Այս տխուր առիթով փոխան ծաղկեպսակի կը նուիրեն.- Տիկ. Աստղիկ Թօգմաքճեան (Ա.Մ.Ն.) Տիկնանցին 1000, Եկեղեցիին 1000 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Տիգրան եւ Լուսինէ Թօգմաքճեան (Ա.Մ.Ն.) " 5000 ս.ո. Տիկ. Բէկի Թօգմաքճեան (Ա.Մ.Ն.) " 1000 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Յարութ եւ Փալին Գամայեան (Հայաստան) " 2000 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Արամ եւ Սիւզի Աֆարեան (Դամասկոս) " 2000 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Հռիփ Թօգմաքճեան (Քանատա) Տէր եւ Տիկ. Վազգէն եւ Նաթալի Թօգմաքճեան (Քանատա) " 30000 ս.ո. Դոկտ. Սօնա Թօգմաքճեան (Քանատա) Տէր եւ Տիկ. Վաչէ Թօգմաքճեան 1000, Տէր եւ Տիկ. Յարութիւն Հալլաճեան1000, Յովհաննէս Գամայեան 500,Ղուկաս Թաթարեան 500,Յովիկ Փիւրզէկեան300, Յարութ Պարտագճեան 200, Յարութ Հաճեան100, Յակոբ Հաճընլեան 100, Սարգիս Պօզեագալեան 100, Յովիկ Գերպապեան 100, Յակոբ Ակիշեան 100, Դանիէլ Գասպարեան100, Շահէ Պօզեագալեան 100, Սամօ Գերպապեան100:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ... Տիկ. Ովսաննա Թօգմաքճեան-Պապիկեանի յիշատակին.- Տէր եւ Տիկ. Տիգրան եւ Լուսինէ Թօգմաքճեան (Ա.Մ.Ն.) Եկեղեցիին 2000 ս.ո. Տէր եւ Տիկ. Վաչէ Թօգմաքճեան " 1000 ս.ո. Տիկ. Սեդա Վարդանեանի յիշատակին.- Պատ. եւ Տիկ. Սամուէլ եւ Անի Թաշճեան Եկեղեցիին 1000 ս.ո.
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐ Հ Ա Ւ Ա Ք Ո Յ Թ – Ը Ն Թ Ր Ի Ք Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը՝ 8.30, Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Հինգշաբթի, 2 Փետրուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Տալիտա Ինճէճիկեան, 100-րդ Սաղմոսի ընթերցումով, փառաբանութեան երգերով, փոխասաց ընթերցումով եւ խորհրդածու-թիւնով «Օրուայ Նշանաբան»ը, հիմնուած՝ Մատթ. 7.7-րդ համարին վրայ: Բժշկ. Գէորգ Գրաճեան փոխանցեց օրուան բժշկական նիւթը՝ «Շողաքննութիւն»: Ան սկիզբը անդրադարձաւ առաջին գործիքի պատմականին եւ ապա շարունակեց յիշելով զանազան արդիական գործիքներ որ օգտակար եղած են յստակացնելու տեսակաւոր հիւանդութիւններ (պաստառի վրայ ցոյց տալով անոնց պատկերները): Նաեւ պարծանքով յիշեց թէ այս գործիքներէն՝ M.R.I.-ը հնարողը Հայ է՝ Ռէյմընթ Տամատեան: Ապա բժիշկը պատասխանեց տիկիններուն հարցուցած հարցումներուն: Տիկնանց Վարչութեան ծրագրով՝ «Լասէ» ասեղնագործի դասընթացքի մասնակցող եօթը տիկիններ ստացան խորհրդանշական վկայագրեր: Շնորհակալութիւն Տիկ. Սալբի Չիւրիւքեանին, որ ստանձնած էր վերոյիշեալ դասընթացքի ուսուցումը: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, եւ Տէրունական աղօթքով: Ներկաները հիւրասիրուեցան Տիկնանց Վարչութեան կողմէ: ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ 2011-ի «Նշանաւոր Դէմքեր եւ Կարեւոր Դէպքեր» Կը ներկայացնեն՝ Սեւակ Հաճեան եւ Ճորճ Պալեան Հինգշ., 9 Փետր. 2012, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
[Back to News]
News
Contact Us
