ՋԱՆԻՑ ՔԱՅԼԵՐԳ
Home Page / Newsletters / ՋԱՆԻՑ ՔԱՅԼԵՐԳՋԱՆԻՑ ՔԱՅԼԵՐԳ
1- Ջանքի՛ ընկերներ, օ՛ն, մեր ուխտն յիշենք,
Բարիք գործելու կոչումն ունինք մենք.
Ջանքով եռանդուն, անխոնջ, անվըհատ,
Սերմանենք բարիք, օրհնութիւն առատ:
2- Օ՛ն, լինենք աշխոյժ, գործօն, ջանասէր,
Ջանքի արդիւնքն են ոսկեգոյն հասկեր,
Ա՛լ կըրկնապատկենք մեր անձնուէր ջանք,
Հունձքին մեծ օրը վարձք պիտ’ ըստանանք:
3- Մեր ջանքի հունձքը յաջող ու բեղուն
Ցընծումով պիտի մեր սիրտերն զեղուն.
Ժըրաջան մըշակն ի տես ճոխ հունձքին
Հըրճուի վայլելով արդիւնքն իր ջանքին:
4- Միշտ հաւատարիմ վեհ կոչումին մեր
Խանդավառ գործենք մինչ գայ հունձքին Տէրն,
Տարածենք սէր, լոյս, բարիք անպայման,
Եւ ուրախանանք այժմ ու յաւիտեան:
Կրկն. Արի՛ք, ընկերնե՛ր, արդ պատեհ ժամ,
Նըւիրուինք գործի միշտ ալ յօժարակամ.
Հունձքի օրն կու գայ,ուրախանանք,
Հունձքի Տէրոջ յարաժամ փառք տանք:
Ք. Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Կիրակի, 5 Փետրուարի պաշտամունքը անդամական էր եւ յատկացուած շրջանաւարտ եղող Պատանիներուն: Պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց պատանուհի՝ Արտա Գերպապեան, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Մեր մեղքերը Աստուծոյ խոստովանիլ», ապա Սաղմոսի ընթերցում եւ աղօթք: Պատանիներ յաջորդաբար ներկայացուցին զանազան նիւթեր.- Ասատուր Մնչէրեան՝ «Աստուծոյ խոստումին Կարեւորութիւնը»: Խաչիկ Պարուշեան՝ «Խեցամորթներու պատեանին մէջ կազմուող մարգարիտ»ի մասին: Տիանա Օհանեան՝ «Պատանի շրջանի կեանք»ի մասին: Ճորճ Մահշիկեան՝ «Ինքնաշարժ»ի մասին գիտելիքներ: Ընդհ. Առաջնորդ՝ Պրն. Յարութ Պարտագճեան քաջալերական կոչ ուղղեց նոր գիտելիքներ ունենալու, յատկապէս՝ Աստուծոյ մասին միշտ սերտելու: Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, ՊԱ Քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐ
Հ Ա Ւ Ա Ք Ո Յ Թ – Ը Ն Թ Ր Ի Ք
Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը՝ 8.30,
Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
Ք. ՋԱՆԻՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Կիրակի, 5 Փետրուարի պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Նահատակաց Եկեղեցիի Լեւոնեան սրահին մէջ:
Պաշտամունքը առաջնորդեց Օրդ. Նայիրի Թաթարեան, 95-րդ Սաղմոսի ընթերցու-մով, փառաբանութեան երգերով եւ խորհրդածութիւնով՝ «Աստուծոյ վստահիլ եւ անոր տուած անտեսանելի բարիքներուն շնորհակալութիւն յայտնել»:
Պատ. Իլիաս Ճապպուր փոխանցեց օրուան հոգեւոր նիւթը՝ «Եկեղեցիին դերը իր երկրին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ» հիմնուած՝ Մատթ. 25.31-46 համարներուն վրայ: Ան մանրամասն բացատրեց թէ Եկեղեցիին դերը Տէր Յիսուսի սէրը յայտնելով տկարին եւ կարօտեալին օգնութեան հասնիլն է: Ինչպէս նաեւ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն սփռելն է:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով, Ջանից քայլերգով եւ բաժանման աղօթքով:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ... Հինգշաբթի, 9 Փետրուարի պաշտամունքը առաջնորդեց՝ Տիկ. Անի Խպըճեան, փառաբանութեան երգերով եւ փոխասաց ընթերցումով: Ապա տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ:
Օրուան զարգացման նիւթը՝ «2011-ի Նշանաւոր Դէմքերն Ու Կարեւոր Դէպքեր»-ը ներկայացուցին՝ Սեւակ Հաճեան եւ Ճորճ Պալեան: Անոնք տեսաերիզի միջոցաւ եւ տպաւորիչ երաժշտութեան օգնութեամբ ներկայացուցին 2011-ի քաղաքական, հայկական, մարզական եւ արտասովոր դէպքերը եւ նշանաւոր դէմքերը:
Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան, շնորհակալական եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր բաժին բերողներուն:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ յայտարարութիւններով եւ Տէրունական աղօթքով:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
«ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ»
Դասախօս՝ Տիար Անդրանիկ Ինճէճիկեան
Հինգշ., 16 Փետր. 2012, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻԻ Ք. ՋԱՆԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
2011-ի «Նշանաւոր Դէմքեր եւ Կարեւոր Դէպքեր»
Կը ներկայացնեն՝ Սեւակ Հաճեան եւ Ճորճ Պալեան
Կիրկ., 19 Փետր. 2012, կ.ե. ժամը՝ 6.00-ին, Էմմ. Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...
Տիար Սամուէլ Թօգմաքճեանի մահուան տխուր առիթով.-
Տէր եւ Տիկ. Մարտիկ եւ Թամար Պօզեագալեան Եկեղեցիին 300 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Իսկուհի Գրաճեան " 300 ս.ո.
Տիկ. Լուսին Ֆէրմանեան " 100 ս.ո.
Տիկ. Սեդա Վարդանեանի յիշատակին.-
Օրդ. Ալինա եւ Պրն. Տիրան Վարդանեան
Տիկնանցին 500, Եկեղեցիին 500 ս.ո.
Օրդ. Մարի Թաշճեան " 500 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր եւ Լուսին Թահմիզեան Կիրակն. Դպրոցին 500 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Մարտիկ եւ Թամար Պօզեագալեան " 300 ս.ո.
Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Մէյրի Մանուկեան " 200 ս.ո.
Տիար Վահէ Մանուկեան " 100 ս.ո.
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Օրդ. Ալինա եւ Պրն. Տիրան Վարդանեաններուն, որ հիրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, իրենց մօր՝ Տիկ. Սեդա Վարդանեանի յիշատակին:
[Back to News]
News
Contact Us
