ՍԻՐՈՅ ՈՒԺԸ
Home Page / Newsletters / ՍԻՐՈՅ ՈՒԺԸՍԻՐՈՅ ՈՒԺԸ
Վերջերս մարդիկ սկսած են տարին մէկ անգամ անդրադառնալ սիրոյ եւ այդ ալ Փետրուար ամսուան մէջ՝ նուէրներու փոխանակումով:
Պօղոս Առաքեալ Ա. Կորնթ. 13.1-13 համարներուն միջոցաւ ցոյց կու տայ Աստուծոյ սէրը, որ նաեւ մարդ արարածը կանչուած է ապրելու միեւնոյն ուղղութեամբ:
1- Սիրոյ Արժէքը: 1-3 համարներուն միջոցաւ Պօղոս Առաքեալ կը շեշտէ թէ սէրը խօսքով եւ ճարտասանութիւններով չէ, այլ՝ խօսքը սիրով լեցուած ըլլալու է եւ ցոյց կը տրուի ապրուած կեանքով:
2-Սիրոյ Քննութիւնը: 4-7 համարներուն միջոցաւ Պօղոս Առաքեալ ցոյց կու տայ քննութիւն մը, որ եթէ մարդ արարածը յաջողի կը նշանակէ թէ յաջողած է սիրոյ մէջ:
Իւրաքանչիւր անձ կանչուած է քննելու ինքզինք եւ հարցնելու թէ որքանո՞վ համբերող է, քաղցրութեամբ կը վարուի, նախանձոտ չէ եւ շարքը կ’երկարի...:
Այսօր ժամանակն է անդրադառնալու թէ կանչուած ենք Աստուածային սիրով լեցուելու, որպէսզի ընտանիքի անդամներ իրարու հետ միաբանութեամբ ապրին եւ աճին Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:
Ս.Ճ.Մ.
ՋԱՆԻՑ ՕՐ – ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – ԱՂՕԹՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱՐ... Կիրակի, 12 Փետրուարին, եկեղեցիի պաշտամունքը նուիրուած էր՝ «Ջանից Օր» ուան: Յովիկ Ակիշեան ներկայացուց 2011 տարեշրջանի Ջանից տեղեկագիրը: Մեղրիկ Ճապաղջուրեան բաժնեկցեցաւ իր վկայութիւնը: Սեւակ Հաճեան բաժին բերաւ մեներգով մը, նաեւ Ջանիցականներու խումբը մասնակցեցաւ պաշտամունքին երկու երգով, ընկերակցութեամբ՝ Արտա Գերպապեանի՝ դաշնակ, Խաչիկ Գերպապեանի՝ կիթառ եւ Նուշիկ Թաշճեանի՝ ֆլիւթ: Եկեղեցիիս հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փոխանցեց օրուան պատգամը նիւթ ունենալով՝ «Վարդանի Հաւատքը Եւ Ջանիցականը» հիմնուած Եբր.11. 1,32-38 համարներուն վրայ: Ապա մատուց յատուկ աղօթք Սուրիոյ խաղաղութեան համար: Պաշտամունքէն ետք մինչ ժողովուրդը սրահ կ'ուղղուէր, Ջանիցականներուն կողմէ բաժնուեցաւ էջանիշեր որուն վրայ արձանագրուած էր հետեւեալ համարը.- «Ուստի ամէն ինչ որ կ'ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները» (Մատթ. 7.12): Ք.Ջ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏԱՆԵԱՑ «ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ» ԵՒ «ՋԱՆԻՑ ՕՐ»... Տեղի ունեցաւ՝ Կիրակի, 12 Փետրուար, կէսօր ժամը՝ 12:00-ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիին մէջ: Պաշտամունքը սկսաւ Պատանեաց քայլերգով, առաջնորդութեամբ՝ Օրդ. Ալին Այնիլեանի, Նուագի ընկերակցութեամբ Արտա Գերպապեանի՝ դաշնակ եւ Արշակ Հաճեանի՝ կիթառ: Շրջանաւարտները իրենց բաժինը բերին՝ երգով, վկայութիւններով, տպաւորութիւններով եւ Պատանեաց գործունէութիւններուն տեղեկութիւններով: Օրուան պատգամը փոխանցեց՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, նիւթ ունենալով՝ «Փոփոխութիւն» հիմնուած Յովհ. 5. 1-11 համարներուն վրայ: Պատանեաց Ընդհանուր առաջնորդ՝ Պրն. Յարութ Պարտագճեան շնորհաւորեց պատանի-ները եւ հրաւիրեց Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը եւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանը փոխանցելու շրջանաւարտներուն Աստուածաշունչեր եւ յուշանուէրներ: Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի Ատենապետ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի խօսքը փոխանցեց, հիմնուելով Հռովմ. 12.11 համարին վրայ եւ ապա յատուկ աղօթք մատուց շրջանաւարտ պատանիներուն: Ապա հրաւիրեց շրջանաւարտները միանալու Ջանից շարքերուն՝ «թուլասիրտ չ’ըլլալ, Սուրբ Հոգիով լեցուիլ եւ ծառայութիւն մատուցանել Քրիստոսի եւ Իր Եկեղեցիին, Հայ ազգին եւ Համայն մարդկութեան»: Պաշտամունքը վերջ գտաւ Վեր. Սելիմեանի Առաքելական օրհնութեամբ: Շրջանաւարտ եղան.- Արտա Գերպապեան, Դալար Թաթարեան, Ասատուր Մնչէրեան, Խաչիկ Պարուշեան, Տիանա Օհանեան, Մեղեդի Հարպոյեան, Ճորճ Մահշիկեան, Ռօզալին Փոստալեան, Քրիստին Աստուրեան, Միհրան Գոնտրաճեան: Միացեալ Պատանեացէն Շրջանաւարտ Ըլլալուն Առիթով կը Նուիրեն.- Դալար Թաթարեան Եկեղեցիին 500, Միացեալ Պատանեացին 500 ս.ո. Արտա Գերպապեան " " 500 ս.ո.
Ք.Ջ. «ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ»... Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի կազմակերպած տարեկան Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ՝ Կիրակի, 12 Փետրուար, կէսօր ժամը՝ 1:30-ին, 60 ջանիցականներու եւ շրջանաւարտ պատանիներու ներկայութեամբ, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Օրուան ճաշի աղօթքը մատուց՝ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան: Յայտագիրը վարեց՝ Պրն. Ասպետ Չոլաքեան, որ խաղերով խանդավառեց մթնոլորտը: Լօերու վաճառքով ջանիցականներ բախտաւորուեցան: Հրամցուած կարկանդակներուն միջոցաւ, օրուան բախտաւոր ջանիցականը եղաւ՝ Թամար Ժամկոչեան, որմէ ետքը Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի անդամներն ու շրջանաւարտ պատանիները հատեցին օրուան կարկանդակը: Ք.Ջ. գործադիր Մարմինի Ատենապետ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ջանից ուխտին եւ նշանաբանին, ուր ջանիցականներ կանչուած են ծառայելու Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բաժին բերողներուն: Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Վեր. Մկրտիչեանի Օրհնութեան աղօթքով:
ՄԱՆՉ ԶԱՒԱԿՈՎ ՄԸ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՆ
Տէր եւ Տիկ. Պերճ եւ Մարիա Մսրլեան
Անուն՝ Սերժ
Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2012-ին:
Աստուծոյ խնամքին, առաջնորդութեան եւ հոգածութեան
կը յանձնենք նորածինն ու ծնողքը:
Այս ուրախ առիթով կը նուիրեն.-
Տէր եւ Տիկ. Պերճ եւ Մարիա Մսրլեան Եկեղեցիին 5000 ս.ո.
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՏԻԿՆԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
ՄԵԾ ՊԱՀՔ --- Պատգամաբեր՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան
Չորեքշ., 22 Փետր. 2012, կ.ա. ժամը՝ 10-ին, Էմմ. Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
...ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...
Ապաքինման ուրախ առիթով.-
Տէր եւ Տիկ. Եդուարդ եւ Էօժէնի Մանուկեան Եկեղեցիին 1000 ս.ո.
Տիկնանցին 500, Կիրակն. Դպրոցին 500 ս.ո.
Ջանից Օրուան առթիւ.-
Տէր եւ Տիկ. Յարութ Հաճեան Ջանիցին 300 ս.ո.
Առիթներով.-
-Մի Ոմն Բարեսիրական Ֆօնտին 500 ս.ո.
-Օրդ. Զարուհի Պետոյեան Եկեղեցիին 100 ս.ո.
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ... Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի եւ Լենա Պօզեագալեաններուն, որ հիւրասիրեցին Եկեղեցիիս ժողովուրդը անցեալ Կիրակի օր, իրենց ծնողաց՝ Յակոբ եւ Մարի Պօզեագալեաններու յիշատակին:
[Back to News]
News
Contact Us
